Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

ԹՐՔԱԿԱՆ ԱՐԿԱԾԱԽՆԴՐՈՒԹԻՒՆ ՄԻՋԵՐԿՐԱԿԱՆԻ ՋՈՒՐԵՐՈՒՆ ՄԷՋ

May 1, 2021
in Յօդուածներ
0

Իսրայէլեան գաղտնի սպասարկութեան քաղած տեղեկութիւններուն համաձայն, Թուրքիա՝ ռազմական պատրաստութիւններ կը կատարէ եբրայական պետութեան դէմ: Թուրքիա շահագրգռուած է արեւելեան Միջերկրականի կազի եւ քարիւղի հարստութիւններով: Վարչապետ Ռեճէպ Թայիփ Էրտողան յայտարարեց, թէ թրքական ռազմանաւեր յետ այսու պիտի ընկերանան Կազա մեկնող թրքական նաւերուն: Ան միաժամանակ ըսաւ, թէ Թուրքիա պիտի կասեցնէ արեւելեան Միջերկրականի բնական հարստութիւնները միակողմանիօրէն շահարկելու Իսրայէլի ծրագիրները: Այսուհանդերձ, Էրտողան խուսափեցաւ բացայայտելու Իսրայէլեան ծրագիրները կասեցնելու միջոցները:
Սահման չունին Էրտողանի յաւակնութիւնները: Էրտողանի պատկերացումով, Կազայի շուրջ հաստատուած իսրայէլեան շրջափակումը քանդելու փորձ մը կատարելու պարագային, ան պիտի դառնայ պաղեստինեան դատին համար զինուորական քայլի դիմող իսլամական աշխարհի առաջին ղեկավարը: Արաբական աշխարհի հեղինակազուրկ եւ անմիաբան ղեկավարութեան հետեւանքով, Միջին Արեւելքի մէջ սկսած է գոյանալ Իրան-Թուրքիա- Իսրայէլ երրորդութիւն մը: Այն պահուն երբ, արաբական աշխարհը զբաղած է տարուան եղանակներու կանխատեսութիւններով, Էրտողան կը յաւակնի դառնալ արաբական աշխարհի «հերոս»ը: Յատկանշական է, որ Թուրքիոյ այս քայլը մինչեւ իսկ կրնայ լուսանցքայնացնել արաբական աշխարհի շահերու պաշտպան ներկայացնող Իրանը: Էրտողան կ’ակնկալէ, որ Իսրայէլի դէմ զինեալ հակամարտութեան պարագային, Թուրքիոյ շրջանային քայլերուն կասկածանքով հետեւող Եգիպտոսը եւ Սէուտական Արաբիան ի նպաստ անոր կողմնորոշուելու ստիպողութեան տակ գտնուին:
Եգիպտական ծովուժին հետ Միջերկրականի մէջ ռազմափորձեր կատարելու համաձայնութիւնը բաւական լուրջ խանդավառութիւն ստեղծած է Անգարայի մօտ: Թուրքիոյ երազանքն է երկու մասի բաժնել իսրայէլեան ծովուժը: Առաջինը պիտի հսկէ Կազայի շրջափակումը, երկրորդը՝ Իսրայէլի ծովային հարստութիւնները: Այս ճամբով, Էրտողան կ’ակնկալէ, որ մնայուն ճնշումի տակ պիտի յաջողի պահել Իսրայէլը:
Իսրայէլեան եւ թրքական աղբիւրներու համաձայն, զինուորական ընդհարումը այնքան ալ հեռու չէ, երկու պետութիւններուն միջեւ: Մէկ խօսքով, Թուրքիա մտադրած է Իսրայէլեան խաղաքարտի միջոցաւ պահպանել իր շրջանային վարկն ու հեղինակութիւնը:
Անգարա բաւական լուրջ դժգոհութիւններ ունի արեւմուտքէն: Լիպիոյ ապստամբներուն ցուցաբերած անվերապահ զօրակցութենէն ետք, բրիտանական, ֆրանսական, յորդանանեան, քաթարեան զօրքերու Թրիփոլի մուտքը ծանր հարուած մը հասցուց անոր յաւակնութիւններուն: Արեւմտեան պետութիւնները իրենց միջեւ բաժնեցին Լիպիոյ նաւթը: Թուրքիա զգաց, թէ արեւմտեան պետութիւնները մոռցած են անոր ծառայութիւնները
Բայց աւելի հետաքրքրականը այն է, որ Էրտողան իր արկածախնդրութիւններուն համար կ’ապաւինի նախագահ Պարաք Օպամայի զօրակցութեան: Էրտողան հաշուի կ’առնէ իսրայէլապաղեստինեան բանակցութիւններու գործընթացին մէջ Պենիամին Նեթանիահուի եւ Իհուտ Պարաքի նկատմամբ Ուաշինկթընի վերապահութիւնները: Թրքական նոր արկածախնդրութեան մը ականատե՞սը պիտի դառնանք արդեօք, դրացիներու հետ «զերօ» խնդիրներ ունենալու ծիրին մէջ…:
ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ

Previous Post

ՀՐԱՇՔՆԵՐՈՒ ԵՐԿԻՐ ԼԻԲԱՆԱՆԸ…

Next Post

ՆՇՄԱՐ ԻՍՐԱՅԷԼ ԿԸ ՍԱՐՍԱՓԻ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵՆԷՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.