ԵՐԵՒԱՆ, «Փանարմինեըն»․- Թրքական մամուլին մէջ կը շարունակուին տարածում գտնել համաթուրանական եւ հակառուսական տրամադրութիւնները:
Այս անգամ թրքական «Քարար» թերթը վերլուծական հրապարակում մը ըրած է, ուր ներկայ Ռուսիոյ 10 շրջանները անուանած է «թրքական ինքնավար հանրապետութիւններ»։ Ցանկին մէջ ներառնուած են Ռուսիոյ հետեւեալ շրջանները՝ Թաթարստան, Պաշկիրիա, Չուվաշիա, Տուվա, Եաքութիա, Ալթա, Քապարտինօ-Պալքարիա, Տաղստան, Խաքասիա եւ Քարաչա-Չերքեզիա:
Ուշագրաւ է, որ նոյն հրապարակման մէջ թրքական ինքնավար մարզ որակուած է Չինաստան Ույղուրական ինքնավար շրջանը:
Յիշեցնենք, որ թրքական «Գորշ գայլեր» ծայրայեղական կազմակերպութեան քաղաքական թեւը ներկայացնող Ազգայնական շարժում կուսակցութեան ղեկավար Տեւլեթ Պահչելի վերջերս Էրտողանին նուիրած էր «թրքական աշխարհի» քարտէսը, ուր կային Ռուսիոյ շարք մը թրքաբնակ շրջաններ: