ԱՆԳԱՐԱ.- Հայերը խիստ քննադատութեան կ՛ենթարկուին Արցախեան հակամարտութեան պարունակին մէջ, կը մեղադրուին «բռնութիւններու հակամէտ» ըլլալու եւ Թուրքիոյ թշնամիներուն աջակցելու մէջ:
Թուրքիոյ այլ փոքրամասնութիւններու շարքին, լրատուամիջոցներու կողմէ ամէնէն շատ քննադատութեան արժանացած են հայերը: Այս մասին նշուած է «Հրանդ Տինք» հիմնարկի հրապարակած զեկոյցին մէջ:
«Էրմենիհապեր» կայքը կը հաղորդէ, որ 2018ի Յունուարէն Ապրիլ ամիսներուն, թրքական մամուլին մէջ 76 տարբեր խումբերու նկատմամբ ատելութիւն ու թշնամանք պարունակող 3076 յայտարարութիւն արձանագրուած է:
Նշուած ժամանակահատուածին հրապարակուած է ազգային եւ կրօնական խումբերը թիրախ ունեցող 2265 յօդուած եւ լուր: Թրքական լրատուամիջոցներու առաւել յաճախ թիրախը դարձած են հայերը, յոյները, հրեաները:
Նշուած չորս ամիսներուն ընթացքին, թրքական մամուլին մէջ հայերը գլխաւորաբար քննադատուած են հայ-ատրպէյճանական հակամարտութեան վերաբերեալ հրապարակումներու մէջ, պիտակաւորուած են իբրեւ բռնութիւններու հակամէտ ազգային խումբ, մեղադրուած են Թուրքիոյ համար «թշնամի» հռչակուած խումբերուն կամ անհատներուն թիկունքէն աջակցութիւն ցուցաբերելու մէջ։