ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Այն պահուն, երբ լայնօրէն կը լուսաբանուէր, որ Ռուսիա փորձած է միջամտել Միացեալ Նահանգներու 2020ի նախագահական ընտրութիւններուն, շատ քիչ տեղեկութիւններ կը հաղորդուէին Թուրքիոյ կողմէ նման միջամտութեան մը մասին:
Միացեալ Նահանգներու Ազգային հետախուզական խորհուրդը (NIC) 15 Մարտ 2021ին հրապարակեց գաղտնազերծուած զեկոյց մը, որ կը հաստատէ թուրք կայքահէններու (hackers) ելեկտրոնային յարձակումը 2020ի ընտրութիւններուն Ճօ Պայտընի ընտրարշաւի կայքին վրայ՝ իբրեւ աջակցութիւն Տանըլտ Թրամփի:
Նկատի ունենալով Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի եւ նախագահ Թրամփի անձնական ջերմ յարաբերութիւնները՝ ասիկա պէտք չէ զարմանալի թուի ոեւէ մէկուն: Էրտողան ամէն շաբաթ կը հեռաձայնէր Սպիտակ տուն՝ ապահովելու համար Թրամփի համաձայնութիւնը թրքամէտ բազմաթիւ հարցերու վերաբերեալ: Էրտողան վստահ էր, որ Պայտըն բարեացակամ պիտի չըլլայ այնքան, որքան Թրամփ:
Շուէտի մայրաքաղաք Սթոքհոլմի մէջ ապրող այլախոհ թուրք հետաքննիչ լրագրող Ապտուլլահ Պոզքուրտ հաստատեց թրքական կայքահէն յատակագիծը՝ 25 Մարտ 2021ին հրապարակելով մանրամասնութիւններ «Նորտիք Մանիթըր»ի մէջ (Nordic Monitor):
Հետախուզական խորհուրդը բացայայտեց, որ թրքական RootAyyildiz խումբը Հոկտեմբեր եւ Նոյեմբեր 2020ին խորտակած է Պայտըն-Հերիս նախագահական ընտրարշաւի կայքը: «Թրքական ազգայնական թեմաները խթանող կայքահէնները ներխուժած են Միացեալ Նահանգներու նախագահի թեկնածուի ընտրարշաւին համար նախօրօք ստեղծուած կայքը՝ ըստ ամերիկեան ելեկտրոնային ապահովութեան մամուլին, հաղորդած է հետախուզական խորհուրդը:
«Թուրք կայքահէնները տեղադրած են ազգայնական եւ իսլամական պատգամ, որ, մեծ հաշուով կը կրկնէր այն պատմութիւնը, զոր յաճախ կը տարածէին Թուրքիոյ մէջ իշխող «Արդարութիւն եւ բարգաւաճում» կուսակցութեան (AKP) պաշտօնեաները՝ նախագահ Էրտողանի գլխաւորութեամբ», գրած է Պոզքուրտ:
Կայքահէնները Պայտըն-Հարիս կայքին վրայ տեղադրած էին լուսանկարները Էրտողանի, ինչպէս նաեւ սուլթան Ապտուլ Համիտ 2րդի, զոր Կարմիր սուլթան կոչած էին՝ 1894-1896 թուականներուն 300 հազար հայեր կոտորելուն պատճառով:
«Կայքահէնները իրենք զիրենք ներկայացուցած էին իբրեւ «Թուրք մահմետական այլափոխողներ» եւ շեշտած, որ կը հետեւին Թուրքիոյ նախագահին, որ տեղադրուած պատգամին մէջ ներկայացուած էր իբրեւ «ռէյյիս» (պետ) եւ, որ իրենք թրքական իսլամական-ճիհատական արշաւի ճամբուն վրայ են՝ տիրելու աշխարհին: Կ՛ենթադրուէր, որ ընդդիմադիր քաղաքական կուսակցութիւնները աջակցութիւն կը ստանային Միացեալ Նահանգներէն, եւ կայքահէնները կը նախազգուշացնէին գալիք հետեւանքներէ, եթէ Միացեալ Նահանգներy հանգիստ չձգէ Թուրքիան», յայտնած է Պոզքուրտ:
Ահաւասի՛կ Պայտըն-Հերիս ընրարշաւի կայքին վրայ թուրք կայքահէններու ձգած հաղորդագրութեան թարգմանութիւնը.
«Մենք նախ լուացուեցանք (այստեղ կ՛օգտագործուի իբրեւ իրենք զիրենք մաքրելու միջոց` ճիհատի մէջ նահատակութեան պատրաստուելու համար) եւ ճամբայ ինկանք, արտասանեցինք մեր յուղարկաւորութեան աղօթքը եւ սրեցինք մեր դանակը մեր եղբօր համար: Մենք մեր խոստումը տուինք Մեծ սուլթանին (հանգուցեալ օսմանեան սուլթան Ապտուլ Համիտ 2րդ, բռնակալ կառավարիչ, որ մեծ յարգանք կը վայելէ Թուրքիոյ մէջ իսլամական շրջանակներու մէջ): Մենք Ռէյյիսին (Պետին` նախագահ Էրտողանի) համար կը սպաննենք ոեւէ մէկը, որ աչք կը տնկէ (թուրք-իսլամական) գործին վրայ:
«Անիծեալ ըլլան բոլոր անոնք, որոնք կ՛ապրին դրամի եւ համբաւի համար, ողջոյններ անոնց, որոնք կ՛ապրին իսլամական գործին համար: Ասկէ մեկնած ես կը զգուշացնեմ` Միացեալ Նահանգներու կողմէ աջակցութիւն վայելող, այսպէս կոչուած (ընդդիմադիր) կուսակցութիւնները, ինչպիսիք են CHP (գլխաւոր ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովրդական կուսակցութիւնը), HDP (քրտամէտ «Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութիւն») եւ Iyi (պահպանողական / ազգայնական Լաւ) կուսակցութիւնը:
«Մենք կ՛ըլլանք ձեր մղձաւանջը, եթէ ձեր ձեռքերը հեռու չպահէք իմ (թրքական) պետութենէն, իմ ազգէն: Մենք կը ստիպենք ձեզ վախնալ փողոցը քալելէ (ամօթէն)՝ բացայայտելով ձեր ամէնէն անձնական զրոյցները:
«RootAyyildiz-ը ոչ թէ խումբ կամ կազմակերպութիւն է, այլ հայրենասէր մը, որ կը մարտնչի միայնակ: Մենք կ՛ողջունենք ան որ կը պայքարի թուրքին եւ իսլամին համար: Ալլահը մեզ օգնական: Մենք չենք օգտագործեր ընկերային ցանցեր: Մի՛ խաբուիք կեղծ հաշիւներէն»:
Կայքահէնները Էրտողանի եւ Ապտուլ Համիտ 2րդի լուսանկարներուն տակ գրած էին. «Մենք ենք որ մերկ ձեռքերով կանգնեցուցինք հրասայլերը 15 Յուլիսի գիշերը (2016ի ձախողած յեղաշրջումը): Մենք ենք որ այդ գիշեր սպաննեցինք մահը: Մենք 15 դար շարունակ սպասած ենք «Բլուրի նետաձիգին» (յղում՝ Ուհուտի ճակատամարտի մէկ տեսարանին, որուն մէջ մահմետական մարգարէ Մոհամմէտ կը մարտնչի)։ Մենք պահապաններն ենք այդ կարմիր (թրքական) դրօշին, որ երբեք իր շուքը չի ձգեր մեր վրայ»: Էրտողան յաճախ յիշատակած է «Բլուրի նետաձիգ»ը իր նախընտրական հանրահաւաքներուն:
«Կ՛ենթադրուի, որ RootAyyildiz-ը կապ ունի Թուրքիոյ կառավարութեան տարրերուն, մասնաւորապէս հետախուզական MIT գործակալութեան եւ ոստիկանութեան բաժինին հետ: Օտար երկիրներու կառավարութիւններու, խմբաւորումներու եւ անհատներու դէմ անոր յարձակումները կը համընկնին թուրք պաշտօնեաներու շրջանակին մէջ բարձրացող աղմուկին հետ. պաշտօնեաները խիստ քննադատութիւն եւ սպառնալիք հնչեցուցած են նման օտար երկիրներու կառավարութիւններու, խմբաւորումներու եւ անհատներու հասցէին», աւելցուցած է Պոզքուրտ:
Պոզքուրտ իր յօդուածը աւարտած է՝ բացայայտելով, որ թրքական RootAyyildiz կայքահէն խումբը «թիրախ դարձուցած է նաեւ Յունաստանի կառավարութիւնը եւ հաստատութիւնները՝ Օգոստոս 2020ին, երկու երկիրներուն միջեւ լարուածութեան սրման պահուն: RootAyyildiz-ը խորտակած էր Հնդկաստան գտնուող Պիհարի կրթութեան վարչութեան պաշտօնական կայքը Օգոստոս 2019ին եւ հաղորդագրութիւններ զետեղած` Փաքիստանը եւ իսլամութիւնը փառաբանելով: Հոկտեմբեր 2020ին անիկա խումբը խորտակած էր Հայաստանի ֆութպոլի դաշնակցութեան (federation) կայքը, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ հակամարտութեան ընթացքին եւ հաղորդագրութիւններ տեղադրած Ատրպէյճանին սատարելու համար»:
«Ռոյթըրզ» (Reuters) լրատուական գործակալութեան՝ «Կ՛ենթադրուի, Որ Ի Շահ Թուրքիոյ Գործող Կայքահէններն են Վերջին Լսատեսողական Յարձակումներուն Ետին» խորագիրով առանձին յօդուածին մէջ կը տեղեկացուի, որ թուրք կայքահէններ յարձակած են առնուազն 30 կազմակերպութիւններու վրայ, ներառեալ Ալպանիոյ, Կիպրոսի եւ Յունաստանի կառավարութիւններու ելեկտրոնային տեղադրման ծառայութիւնները, Իրաքի ազգային անվտանգութեան խորհրդականի, դեսպանատուներու եւ անվտանգութեան ծառայութիւններու, ինչպէս նաեւ ընկերութիւններու եւ այլ խումբերու կայքերը:
«Յարձակումները կ՛ենթադրեն զոհ դարձած կայքերու համացանցային երթեւեկութեան գաղտնազերծում, բան մը, որ կայքահէններուն կարելիութիւն կու տայ ապօրինի կերպով մուտք ունենալու պետական մարմիններու եւ այլ կազմակերպութիւններու ցանցերուն մէջ», կը գրէ «Ռոյթըրզ»ը՝ աւելցնելով. «Ըստ բրիտանացի երկու պաշտօնեաներու եւ ամերիկացի պաշտօնեայի մը՝ այդ գործունէութիւնը կը կրէ պետութեան կողմէ աջակցութիւն ունեցող լսատեսողական լրտեսութեան գործողութեան առանձնայատկութիւնները, որոնք իրականացուած են թրքական շահերը յառաջ տանելու համար»:
Թուրքիոյ կառավարութեան հետ կապ ունեցող խումբին կայքահէնութեան այս փորձերը եւս օրինակ են Թուրքիոյ կողմէ միջազգային օրէնքներու եւ համաձայնութիւններու խախտման:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ, «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ