«Քալիֆորնիա Քուրիեր» (www.TheCaliforniaCourier.com) թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր Յարութ Սասունեան կը գրէ.
Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առիթով թուրք թղթակիցները յամառօրէն կը հետաքրքրուէին Թուրքիայէն Հայաստանի տարածքային պահանջներուն մասին:
2015թ. Ապրիլ 25-ին թրքական «Հիւրիեթ» թերթին մէջ հրապարակուած հարցազրոյցին մէջ թղթակիցը հարցուցած է Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանին, թէ արդեօք Հայաստանը տարածքային պահանջներ ունի՞ Թուրքիայէն: Ստորեւ կը ներկայացուի «Հիւրիեթ»-ի մէջ նախագահ Սարգսեանի պատասխանի թրքական տարբերակի իմ թարգմանութիւնը.
«Հայաստանի Հանրապետութիւնը, իր անկախացումէն ի վեր, երբեք Թուրքիայէն կամ որեւէ այլ երկրէ տարածքային պահանջներ չէ ունեցած: Մեր կառավարութեան արտաքին քաղաքական օրակարգին մէջ նման խնդիր չէ եղած եւ չկայ այսօր: Ասիկա յստակ է: Մենք միջազգային հանրութեան լիիրաւ ու պատասխանատու անդամ ենք: Իբրեւ ՄԱԿ-ի անդամ պետութիւն կը հասկնանք մեր դերը միջազգային յարաբերութիւններու մէջ, կը յարգենք միջազգային իրաւունքի սկզբունքները…. Եթէ ուշադրութիւն դարձնէք՝ Թուրքիայէն Հայաստանի տարածքային պահանջներու մասին կը խօսին յատկապէս Թուրքիոյ մէջ, ոչ թէ Հայաստանի… Իսկ թէ ինչու այդպէս է, կը ձգեմ իւրաքանչիւրիս հետեւութեան»:
Ամերիկահայ համայնքի ներկայացուցիչներու հետ Մայիս 7-ին Ուաշինկթընի մէջ կայացած հանդիպման ժամանակ՝ ես նախագահ Սարգսեանին խնդրեցի պարզաբանել «Հիւրիեթ» թերթին տուած իր մեկնաբանութիւնները, որոնք ճիշդ չեն հասկցուած կամ սխալ մեկնաբանուած են որոշ հայերու եւ թուրքերու կողմէն: Նախագահը պարզաբանեց, որ ինքը չէ ըսած, թէ Հայաստանը տարածքային պահանջներ չունի Թուրքիայէն: Ան պարզապէս յայտարարած է, որ Հայաստանը նման պահանջ չէ ներկայացուցած եւ աւելցուց. «Մենք իրաւունք չունինք ըսելու, որ Թուրքիայէն տարածքային պահանջներ չունինք: Միաժամանակ մենք իրաւունք չունինք ըսելու, որ նման պահանջներ ունինք»: Նախագահը աւելցուց, որ «Սփիւռքի հայկական կուսակցութիւնները ազատ են նման պահանջներ ներկայացնելու համար»:
Նախագահ Սարգսեան, իբրեւ երկրի առաջին դէմք, յստակօրէն կը մատնանշէ, որ տարածքային պահանջը հզօր եւ սպառնացող հարեւան Թուրքիայէն, կրնայ լուրջ հետեւանքներ ունենալ Հայաստանի ազգային անվտանգութեան համար, եւ որ նոյնը չէ, երբ նման պահանջներ կը ներկայացուին անհատներու կամ կազմակերպութիւններու կողմէն:
Աւելի առաջ, նոյն օրը առաւօտեան, Մայիս 7-ին, Ուաշինկթընի Ազգային մամուլի ակումբին մէջ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալպանտեանի մամուլի ասուլիսի ժամանակ, այլ թուրք լրագրող մը եւս հարցուց Թուրքիայէն Հայաստանի տարածքային պահանջներուն մասին: Նալպանտեանը նոյն կերպով պատասխանեց, ինչպէս նախագահը. «Հայաստանը Թուրքիոյ տարածքային պահանջներ չէ ներկայացուցած»: Ան նաեւ զարմացած հարցուց, թէ ինչու այդ հարցը աւելի շատ կը բարձրացուի Անգարայի մէջ, քան Երեւանի:
Չորս տարի առաջ՝ Յուլիս 23-ին, Սերժ Սարգսեան աւելի հիմնաւոր պատասխան տուաւ, երբ հայ ուսանող մը իրեն հարցուց Արարատ լերան եւ Արեւմտեան Հայաստանի հնարաւոր վերադարձին մասին.
«Ամէն ինչ կախուած է ձեզմէ եւ ձեր սերունդէն: Իմ սերունդը, կը կարծեմ, իր առջեւ դրուած պարտականութիւնը կատարեց, երբ 90-ական թուականներու սկիզբները անհրաժեշտ էր մեր հայրենիքի հատուածներէն մէկը` Ղարաբաղը պաշտպանել թշնամիներէն: Մենք կրցանք ընել ատիկա…. Կ՝ուզեմ ըսել, որ իւրաքանչիւր սերունդ իր պարտականութիւնը ունի, եւ այդ պարտականութիւնը պէտք է կրնայ կատարել ու լաւ կատարել»:
Հայաստանի նախագահի պատասխանը բողոքի հզօր ալիք առաջացուց հարեւան Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի մէջ: Երկու երկիրներու լրագրողներն ու պաշտօնեաները ջղաձիգ յարձակումներ գործեցին Հայաստանի վրայ` մեղադրելով նախագահ Սարգսեանը` «Արարատ լեռը եւ Արեւելեան Թուրքիան գրաւելու համար հայ երիտասարդներուն կոչ ընելու մէջ»: Վիրաւորական արտայայտութիւններ հնչեցին Հայաստանի նախագահի հասցէին Թուրքիոյ այն ժամանակուան վարչապետ Էրտողանի, փոխվարչապետ Պիւլենթ Առինչի, նախարար Էկեմեն Պաղիշի, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարութիւններուն կողմէ: Էրտողանը Հայաստանի նախագահէն նոյնիսկ պահանջեց ներողութիւն խնդրել: Ամբոխները հրահրելու նպատակով Թուրքիոյ քաղաքներուն մէջ բողոքի ցոյցեր կազմակերպուեցան, ուր այրեցին նախագահ Սարգսեանի լուսանկարը…
Հասկնալի է, թէ ինչու թուրք ղեկավարները այդքան կը սարսափին, երբ կը բարձրացուի Հայաստանի տարածքային պահանջներուն հարցը: Շատ լաւ գիտնալով, որ իրենց նախնիները բնաջնջած են հայ բնակչութիւնը իրենց հայապատկան հողերուն վրայ, թրքական իշխանութիւնները մտավախութիւն ունին, որ հայերը կը պահանջեն վերադարձնել Արեւմտեան Հայաստանի իրենց պատմական հայրենիքը` ներկայ Արեւելեան Թուրքիան…
Միեւնոյն պահանջներու փաթեթին շուրջ հայ ժողովրդը միաւորելու համար, ես կը կարծեմ, որ մենք պէտք է ընդունինք «արդարութեան պահանջ» կարգախօսը, որ իր մէջ կը ներառէ Թուրքիայէն հայկական բոլոր պահանջները, ինչպէս նշուած է Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի համահայկական հռչակագիրին մէջ, որ 2015թ. Յունուար 29-ին Երեւանի մէջ ընդունուեցաւ Հայաստանի եւ Արցախի իշխանութիւններուն եւ Սփիւռքի խոշոր կազմակերպութիւններու ղեկավարներուն կողմէ: Հռչակագիրի 6-րդ կէտին մէջ կոչ կ՝ուղղուի «վերականգնելու անհատական, համայնքային եւ համազգային իրաւունքները եւ օրինական շահերը»: Աւելին, Հռչակագիրի նախաբանին մէջ յատուկ կը յիշատակուի «հայրենազրկումը», ինչպէս նաեւ 1920 թուականի Օգոստոս 10-ի Սեւրի հաշտութեան պայմանագիրը եւ 1920 թուականի Նոյեմբեր 22-ի` ԱՄՆ-ի նախագահ Ուուտրօ Ուիլսընի Իրաւարար վճիռը, որոնք Հայաստանին կը շնորհեն քանի մը անգամ աւելի մեծ տարածք, քան այսօրուան Հայաստանի Հանրապետութիւնը:
Թարգմանութիւնը կատարեց Ռուզաննա Աւագեան
Արեւմտահայերէնի վերածեց ԵՌԱԳՈՅՆը