Յարութիւն Իսկահատեան- Պէյրութ, ԱԶԴԱԿ Բացառիկ 24 Ապրիլ 2020
Հայոց Ցեղասպանութեան փաստի բացարձակ ճշմարտութեան դիմաց հակաճառելու դժուարութիւն ունենալու վտանգաւոր կեցուածքով մը Ա. Մ. Ն.-ի թուրք եւ թրքամէտ «պատմաբաններու» ու «վերլուծաբաններու» յայտնած մտավախութիւնն ու ձախողութեան ինքնարդարացումն է, որ կը հակադրուի այսօր Ամերիկեան ճանաչումին: Անոնք Ամերիկեան Քոնկրէսի հայոց Ցեղասպանութեան ընդունումէն անմիջապէս ետք պապանձեցան եւ իրենց ապիկարութիւնը ծածկելու համար, կը բառբարեն երկխօսութենէ, կարծիքի ազատութենէ եւ այլ բարոյական արժէքներէ, որոնցմէ բոլորովին զուրկ են: Հայ ականատես վկաներու հաւաստիութիւնը անոնք հարցականի տակ կ’առնեն, առանց բանաւոր պատճառի: Թուրքերը կը գանգատին հայոց հետ երկխօսութեան պակասէն: Երկխօսութիւն գոյութիւն չունի՝ որովհետեւ պաշտօնական Թուրքիան կ’ուրանայ Հայասպանութիւնը:
Աւելին՝…
Թուրքիոյ Հանրապետութեան Արտաքին Գործոց նախարարութիւնը Ա.Մ.Ն.-ի Ներկայացուցիչներու Տան եւ Ծերակոյտի՝ Քոնկրէսի Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումէն անմիջապէս ետք համացանցի վրայ`http://www.mfa.gov.tr/the-armenian-allegation-of-genocide-the-issue-and-the-facts.en.mfa հասցէով անգլերէն, ֆրանսերէն եւ արաբերէն լեզուներով յօդուած մը լոյս ընծայեց թրքական կեցուածքը «բացատրելու»:
Յօդուածին սկիզբը կ’ըսուի թէ հայերը հարցերը կը դիտեն իբրեւ երկու կողմերու հակամարտութիւն՝ բարիին ու չարին, ուր բարին կը ներկայանայ սպիտաակազգեստ քրիստոնեայ հերոսներով, իսկ չարը մահմետական ստրուկներով: Այս յայտարարութիւնը անշուշտ շատ հեռու է ճշմարտութենէն եւ ցոյց կու տայ թուրքին հոգեկան ու մտային սնանկ վիճակը: Հոն կ’ըսուի թէ հայերը Օսմանեան Պետութեան մէջ չկրցան իսլամներու հետ հաշտ ապրիլ: Բոլորովին կ’անտեսուի թուրք վերնախաւին հայոց վրայ սաստիկ բռնութիւն բանեցնելու պարագան եւ անոր ոճրային քաղաքականութիւնը հայոց նկատմամբ: Այս ծուռ պատկերին դիմաց իրականութիւն է, որ հարիւր տարիներէ ի վեր բռնագաղթուած հայերը մինչեւ այսօր արաբական իսլամական երկիրներու մէջ հաշտ կ’ապրին արաբ իսլամներու հետ: Հայերէն ոմանք կառավարական պաշտօններու վրայ են այդ երկիրներու մէջ: Որքան ալ թուրքը ինքզինք իսլամ ներկայացնելով փորձէ նոյնանալ արաբ կամ այլ իսլամի հետ, լոկ իրականութիւնը կը մնայ այն, թէ թուրքն ու արաբը կամ այլ իսլամ մը բոլորովին տարբեր են իրարմէ: Թուրքը վայրենի է, նենգ, ատող, ոխակալ եւ ոճրագործ, մանաւանդ ինչ կը վերաբերի հայոց:
Հայոց Ցեղասպանութեան նկատմամբ Մեծ պետութիւններու անտարբերութիւնը եւ մերթ ընդ մերթ այլ եւ այլ վայրերու մէջ անոնց գործած ցեղասպանութիւնները՝ քաջալերանք կ’ընծայեն Թուրքիոյ նոյնը ընելու եւ ուրանալու Հայասպանութիւնը: Այս պատճառով յօդուածագիրը կամ յօդուածագիրները շատ առաջ կ’երթան եւ կ’ըսեն թէ Հայասպանութիւնը ընդունիլը կուրօրէն կը կատարուի, որովհետեւ ԱՄՆի մէջ խօսքի ազատութիւն գոյութիւն ունի (անշուշտ յարաբերական է այս մէկը- Յ.Ա.): Այս խօսքին մէջ կը տեսնենք թէ թրքական ուրացման եւ խեղաթիւրման տիպար դրոշմ կայ, որ դառնապէս կ’ողբայ անցեալի թրքական բռնատիրական դարերը, երբ հայը կամ ոեւէ իրաւունքի տէր մարդ մը բերանը չէր կրնար բանալ ոչ միայն բողոքելու համար, այլ նոյնիսկ իր ցաւը արտայայտելու: Շարունակելով նոյն ընթացքը այդտեղ կ’ըսուի թէ երբ խօսքի ազատութեան մէջ հայերը կ’արտայայտեն իրենց տեսակէտները, անոնք ուրիշներու համար կ’ուրանան նոյն այս ազատութիւնը: Շատ տարօրինակ է, որ ըսել կ’ուզուի թէ թուրքին արգիլուած է իր տեսակէտը յայտնել ԱՄՆի մէջ, այն ալ՝ հայու կողմէ: Ահաւասիկ թրքական խեղաթիւրման ծուռ տրամաբանութեան խելակորոյս նմոյշ մը:
Թուրքերը անհիմն տեսակէտներով հաստատումներ կ’ընեն՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումին եւ ուրացման իբրեւ փաստարկ: Այդ փաստարկները, եթէ կարելի է զանոնք փաստարկ անուանել (որոնք խորքին մէջ դատարկ միտքեր են շքեղ բառերով արտայայտուած) շատ կարճատես ու սխալ կարծիքներ են, որոնց դէմ ճշմարտութիւնը հեշտութեամբ կը ցցուի:
Խնդրոյ առարկայ ժամանակաշրջանի պատմութիւնը տակաւին չէ գրուած եւ միայն այդ մէկը կատարուելէ յետոյ կրնանք դատումներ ընել կ՛ըսուի յօդուածին մէջ: Պէտք է նկատի ունենալ որ թրքերէն կամ օտար լեզուներով այս նիւթին շուրջ պատմագրութիւն գոյութիւն չունի (իբր թէ- Յ.Ա.), կը յիշեն յօդուածագիրները, աւելցնելով որ սոյն պատմութիւնը գրուելէ յետոյ պէտք է նկատի առնուին կարգ մը կարեւոր կէտեր, զորս կը ներկայացուին:
Ասոնց դիմաց տրամաբանական պատասխանը կը կայանայ այն իրողութեամբ թէ թուրքերը ընդհանուր առմամբ անգրագէտ ըլլալով, նոյնիսկ իրենց քիչ թէ շատ գիտակիցներն ալ ինչպէ՞ս կարելիութիւն պիտի ունենային այդ ժամանակաշրջանի պատմութիւնը գրի առնելու մանաւանդ թրքերէնով բռնութեան եւ ճնշումի մթնոլորտին մէջ: Ասոր լաւագոյն օրինակը ներկայի թրքական իրականութիւնն է, որ արդեօ՞ք նախկինէն տարբեր է: Միայն Հայոց Ցեղասպանութեան յաջորդող տասնամեակներուն քեմալական բռնատիրական ոճով, ան ալ ուղղորդուած ձեւով թուրքերը սկսած են ունենալ պատմութեան եւ այլ նիւթերու գրականութիւն: Ինչպէս միշտ դիտաւորեալ բոլորովին կ’անգիտացուի հայկական մշակոյթի պատկանող պատմութեան գիրքերը, հանդէսներն ու թերթերը եւ մանաւանդ Հայասպանութեան մասին հայերէն յուշագրական երկերը, նաեւ անգլերէն, ֆրանսերէն, գերմաներէն, ռուսերէն, սպաներէն, արաբերէն եւ այլ լեզուներով պատմավաւերագրական, վերլուծական ու յուշագրական երկերը:
Թրքական Արտաքին Գործոց նախարարութեան քարոզչական այս յօդուածը ժխտական տպաւորութիւն կը ստեղծէ այն առումով, թէ ներկայացուած նիւթը մեծամոլիկութիւն կը պարփակէ եւ թէ չհանդուրժելով հայոց հաստատումները Հայասպանութեան փաստին նկատմամբ, յանձն առած է «բարի ու ամենագէտ» ուսուցիչի մը նման պարտականութիւն կատարելը, «իրականութիւնը բացատրելու» ընթերցողներուն:
Առաջին կէտը, որ յօդուածին մէջ կ’առաջարկուի նկատի ունենալ, Օսմանեան Պետութեան մէջ հայոց բնակչութեան թիւն է, զոր 1.5 միլիոնէն պակաս կը գնահատուի եւ հարցականի տակ կ’առնուի հայ 1.5 միլիոն զոհերուն թիւը: Շաղակրատութեամբ կը փորձուի բացատրել այդ տեսակէտը, սակայն առանց ոչ մէկ հաւաստի աղբիւր նշելու այդ տուեալներուն կապակցութեամբ: Այս սուտը մէջտեղ նետելէ յետոյ, կ’ըսուի թէ 2.5 միլիոն մահմետականներ մահացած են 1912-1922 ժամանակաշրջանին: Թուրքերու եւ քիւրտերու գործած վայրագ սպանդները, կողոպուտն ու առեւանգումները հայոց կը վերագրուին: Պարզ հարցադրում մը ընելով այս բոլորը յօդս կը ցնդին՝ թէ հայերը երբ իրենց հայրենի տուներէն դուրս նետուած եւ բռնագաղթուած էին, ի՞նչպէս պիտի կարողանային այդպիսի արարքներ գործել:
Աւելի հեռու երթալով յօդուածին մէջ Օսմանեան Պետութեան մօտ ԱՄՆի դեսպան Հենրի Մորկընթաուի ականատեսի վկայութիւնները սուտ կը հանուին ըսելով, թէ ան պարզապէս հայոց բարեկամ էր, որ քաղաքական պաշտօնով հոն ըլլալով, սակայն շեղելով իր առաքելութենէն այլ հարցերով զբաղած է: Կ’ըսուի թէ անոր նախագահ Ուիլսընին ղրկած զեկուցումները կը միտին Ա.Մ.Ն.-ը պատերազմի մէջ մտցնել Թուրքիոյ դէմ: Մորկընթաուի մասին այս ըսուածները ոչ մէկ արժէք կը ներկայացնեն պատմագիտական տեսակիւնէ, որովհետեւ սուտ են, քանի որ դեսպանին գործերը հաստատապէս ընդունուած են իբրեւ Հայոց Ցեղասպանութեան փաստարկներ եւ վաւերագրութիւն, աշխարհի ամենէն հռչակաւոր համալսարաններու եւ պատմագիտական հետազօտական հաստատութիւններու կողմէ:
Յօդուածը կը բառբարէ տրամաբանութեան ու իրականութիւններու հակառակ եւ կը ներկայացնէ ամերիկացի ու այլ օտար վարձկան պատմաբաններ, որոնք միայն ուրացած են Հայասպանութիւնը եւ այդ գծով յայտարաութիւններ տարածած են: Այդպիսիներէ կը մէջբերուի անգլիացի հրեայ, ետքը ամերիկաբնակ պատմաբան Պերնըրտ Լուիսի խօսքերը, որոնք ուրացող ու նենգ մէկու մը տրամաբանութեան սահմանները չեն անցնիր:
Յօդուածին մէջ նախորդ թուրք քաղաքական մարդոց եւ «պատմաբաններու» ըսածները կը կրկնուին թէ հայերը զինեալ յեղափոխութեան սկսած էին Օսմանեան Պետութեան դէմ: Բոլոր փաստարկները ցոյց կու տան որ հայերը իրենց քով ունէին միայն ինքնապաշտպանութեան յարմար զէնքեր, զորս գրաւուեցան թուրքերու կողմէ: Այս հարցը յստակ է բոլորին բայց թուրքերը տակաւին կը շարունակեն ծանրանալ զինեալ պայքարի վրայ իրենց «փաստարկներուն» մէջ, այլ ելք չունենալով:
Թուրքիոյ Հանրապետութեան Արտաքին Գործոց նախարարութեան սոյն գրութիւնը գերազանցապէս թափանցիկ սուտերու կոյտ մըն է, որով միայն անգէտ եւ անտեղեակ ընթերցողները կը համոզուին՝ աւելի ճիշդը կը խափուին: Շահախնդիր նենգ անձեր զայն լի ու լի կ’որդեգրեն եւ կը փորձեն իրենց տարած քարոզչական արշաւին վառելանիւթ դարձնել:
Քաջալերուած մեծ պետութիւններու Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացումէն եւ անոր նկատմամբ խաղցած խաղերէն, մինչեւ օրս Թրքական Հանրապետութիւնը պաշտօնապէս կ’ուրանայ այդ ճշմարտութիւնը, որ կը նշանակէ թէ պարզապէս Հայասպանութիւնը կը շարունակուի: Հարցը կը կայանայ այն իրողութեան մէջ թէ ոչ միայն թուրքերն են որ կ’ուրանան, այլ ուրիշ շատ շատեր ալ: Այս ուրացումով եւ տատամսումով «Ամէնքը մեղք գործեցին եւ Աստուծոյ փառքէն զրկուեցան» կ՛սէ Աստուածաշունչը:
Հայոց Ցեղասպանութեան Ամերիկայի կողմէ պաշտօնական ճանաչման հարցը ներկայիս առկախուած է նախագահ Տոնալտ Թրամփի մերժողական կեցուածքով: Արդարեւ, https://www.bbc.com/news/world-europe-50828179 հասցէով համացանցային կայքէջը կը յայտնէ թէ Թրամփ Քոնկրէսի Հայոց Ցեղասպանութեան նկատմամբ տուած որոշումը կը մերժէ: Անգարայի մէջ թրքական արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր քով կանչելով Ա.Մ.Ն.-ի դեսպանը բողոքած է թէ Ամերիկա պատմութիւնը կը քաղաքականացնէ: Պաշտօնական Ամերիկան իր բանբեր տիկին Մորկըն Օրթեկըսի բերնով կը փութայ հանգստացնել նոր օսմանցիները, թէ երկրին պաշտօնական կեցուածքը չէ փոխուած եւ թէ անցեալ Ապրիլ ամսուն նախագահ Տոնըլտ Թրամփի վճռական կեցուածքը այս հարցին նկատմամբ նոյնն է: Թրամփ ըսած էր թէ Ամերիկա իր յարգանքի տուրքը մատուցեց այն զոհերուն «որոնք ինկած են քսաներոդ դարու ամենէն գէշ վայրագութեանց արարքներուն մէջ», աւելցնելով որ «Հայերն ու թուրքերը պէտք է գիտակցին իրենց ցաւոտ պատմութիւնը եւ այդ հիման վրայ հաշիւ տեսնեն»: Ծայրահեղօրէն տարտամ եւ անկապ կարծիք մըն է այս: Սոյն յայտարարութեամբ Թրամփ կը ջանար քաղաքակիրթ երեւալ եւ միեւնոյն ատեն չնեղացնել Թուրքիան:
Ա.Մ.Ն.-ի նախագահը պարզապէս ճշմարտութենէն երկչոտ փախուստ տալով, վարագոյրին ետեւէն «քաջաբար» հրահանգ կու տայ իր օգնականին՝ վարչամեքենայի բանբերին մերժելու Քոնկրէսի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը: Այդքա՜ն շքեղ պալատներու մէջ ապրող այս մարդոց խոհերը եւ գործերը, նոյնիսկ երբեմն օրէնսդրութիւնները այնքա՜ն տխեղծ ու նենգ են, որ անոնք միեւնոյն ատեն կրնան որոշ հարցի մը նկատմամբ այոն եւ ոչը նոյն օրը յայտարարել…: Կանխամտածուած եւ ծրագրուած շինծու եւ առաձգական օրէնսդրութեան ընձեռած «բարիք»ն է այս «ժողովրդավարութիւն»ը (democracy):
Հայ ազգի զաւակներուն, ազգային կառոյցներուն եւ բարեկամներուն հետեւողական, առարկայական ու անկեղծ ջանքերը արդիւնաւորուեցան Ա. Մ. Ն. Քոնկրէսի Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումով: Թուրքիոյ Հանրապետութեան պաշտօնական մարմինը այլայլեցաւ եւ անգամ մը եւս ուրացաւ Հայասպանութեան ճշմարտութիւնը՝ իր հերթական եւ հինցած հեքիաթները կրկնելով, որոնք գիտականութեան հետ ոչ մէկ աղերս ունին: Այս հարցին մասին նախապէս անդրադարձ եղած էր, տեսնել 9 Փետրուար 2020 թուագրեալ «Պայքար» շաբաթաթերթի թիւ 161-ի 8-րդ էջին մէջ, «Հայասպանութեան Ուրացման Ու Խեղաթիւրման Թրքական Նոր Փորձ Մը» խորագիրով յօդուածը: Ա. Համաշխարհային Պատերազմի տարիներուն սպանութիւններ կատարուած են երկուստէք եւ զոհեր ինկած, սկսան ըսել թուրքերը անցեալ դարու իննիսունական թուականներէն ետք: Անոնք ամէն առիթով այս յանկերգը կրկնած են, սակայն իւրաքանչիւր անգամ տարբեր թուանշաններով փորձած են զոհերուն քանակը սահմանել, միշտ մոռնալով ու հակասելով այս հարցին մասին իրենց նախկին յայտարարութեանց մանրամասնութիւնները: Թուրքերը հայոց ունեցած որակով եւ քանակով փոքր զէնքերը միշտ պատրուակած են, թէ իբր անոնք յեղափոխութեան կը պատրաստուէին: Հոս տեղին է անգամ մը եւս շեշտել թէ հայոց ունեցած զէնքերը ոչ միայն յեղափոխութիւն չէին կրնար իրագործել, այլ ինքնապաշտպանական էին եւ փոքր քանակութեամբ: Աւելին՝ յստակ իրողութիւն է թէ հայերը ըմբոստանալու ոչ մէկ ծրագիր կամ պատրաստութիւն ունէին: Թուրքերը կը պատճառաբանեն թէ հայերը ռուսական բանակին հետ կը գործակցէին եւ կը պատրաստուէին սահմանամերձ վայրերու մէջ օգնել անոր: Եթէ այդպէս ըլլար, ռուսական բանակը ամենայն հեշտութեամբ պիտի կարենար գրաւել Հայաստանի արեւմտեան հատուածը առնուազն՝ եթէ ոչ աւելի ընդարձակ տարածքներ ալ: Եթէ այդպէս էր պարագան, ինչո՞ւ թրքական իշխանութիւնները ռուս-թրքական սահմաններէն շատ հեռու, Կիլիկիոյ եւ այլ վայրերու հայերը տեղահան ըրին ու դէպի հարաւային երկիրները, արաբական անապատները քշեցին: Թուրքերը աւելորդ եւ անիրաւ պատճառաբանութիւններով, պատրուակներով եւ ճշմարտութենէն շեղելու բազմաթիւ փորձերով անյաջող ձաբռտուքներ արձանագրեցին՝ պարզապէս ուրանալու համար Հայասպանութիւնը:
Հարիւրաւոր երեսփոխաններու եւ ծերակուտականներու մեծամասնութեան կարծիքը պէտք է վաւերացուի մէկ անձի մը՝ նախագահին կողմէ, ի զօրու դառնալու համար, պաշտօնապէս իբր երկրին օրէնքներէն մէկը: Մերօրեայ քաղաքագէտները, գիտնականները, պատմագէտներն ու քաղաքական վերլուծողները այս երեւոյթը ոչ միայն ժողովրդավարական կը սեպեն, այլ խոր երկիւղածութեամբ կը խոնարհին անոր առջեւ իբրեւ գրուած օրէնք եւ հաստատ իրականութիւն, որուն արդարացիութիւնը կասկածի տակ առնելը յանցանք կը նկատուի: Հարիւրաւոր օրէնսդիրներու կարծիքը վաւերացնող այս անձը՝ ԱՄՆ-ի նախագահը արդեօք ի՜նչ կարողութիւններու եւ առաքինութիւններու տէր մարդ մըն է, որ իրմէ կախեալ է շատ կարեւոր հարցերու վաւերացումը, այս պարագային՝ Հայասպանութեան ցեղասպանութիւն եղած ըլլալը վճռելը: Արդեօք այս անձը բռնատէ՞ր մըն է, քաւ լիցի…: Ան ընտրուած է ժողովուրդին կողմէ ժողովրդավարական քուէարկութեան գործընթացքով: Ի՞նչպէս կարելի է բռնատէր անուանել այս մարդը, երբ ան ազատօրէն կը քննադատուի, կը դատուի եւ ինչպէս վերջերս եղաւ անպարտ կը հռչակուի, ըստ ծրագրուածին: Այսինքն՝ փաստօրէն ան անմե՞ղ կ’ըլլայ: Եւ այսպիսով այդ մարդուն վարկը աւելի կը բարձրանայ նախկինէն եւ յո՜յժ ընդունուած մէկը կը նկատուի ան: Սակայն, Նախագահը պարզապէս իրեն յանձնարարուածը կը կատարէ…: Այլեւս գալիք դէպքերու [որոնք ծրագրուած են նախապէս- Յ. Ի.] զարգացումներուն առջեւ ճամբան հարթուած է եւ անոնց մասին ան աւելի հեղինակաւոր կերպով իր կարծիքը կը յայտնէ ու որոշումներ կու տայ եւ ծրագրողները իրենց նպատակին կը հասցնէ: Փաստօրէն ան կամակատար մըն է, բայց որո՞նց, այն խորհրդաւոր ձեւով ներկայացուած խմբակցութիւններուն, որոնք միայն նիւթը կը պաշտեն:
Երկար ժամանակէ ի վեր քաղաքական, տնտեսական եւ գիտական մարզերու պատասխանատուներ գրեթէ ամէն ինչի հետ կը վարուին թեթեւամտութեամբ, անլրջութեամբ եւ կեղծիքով: Անոնք իրենց այս ընթացքը օրէնքներով պաշտպանած են, այն ալ՝ գրաւոր: Ներկայիս ոչ միայն հզօր պետութիւններ, այլ ամբողջ աշխարհը համարեա կը կառավարուի կեղծ օրէնքներով ու խաբէութեամբ, որ մէկ բառով կը կոչուի ժողովրդավարութիւն: Կտրուկ կերպով ըսելու եւ անկեղծ ըլլալու համար այս իրողութիւնը ուրիշ բան չէ եթէ ոչ պոռնկային վարուելակերպ կամ ինչպէս բոլորին մօտ ծանօթ է՝ քաղաքականութիւն, որուն ծածկոյթով ամէն ինչ պատեհապաշտօրէն կարելի է ըսել եւ ընել, ամէն ինչ խօսիլ…: Չէ որ «լեզուն ոսկոր չունի» կ’ըսէ հայկական առածը: Հերքելը եւ նոյնիսկ ուրանալը շա՜տ հեշտ են: Այս խաբէութեան եւ կեղծիքի ծառայող մեծ կամ փոքր քուրմերը քաղաքականութիւնը կ’որակեն իբրեւ բարձր բարոյականութեան վիճակ…: Թէեւ անոնց այս կարծիքը կը բախի ժողովուրդին մեծ մասի մերժումին, սակայն եւ այնպէս անոնք մարտնչող յամառութեամբ, նենգութեամբ եւ նոյնիսկ բռնութեամբ կը շարունակեն իրենց այս յոռի ընթացքը:
Կ’արժէ մտածել եւ պատկերացնել թէ Ա.Մ.Ն.-ի ու Թուրքիոյ միջեւ ինչպիսի՞ յարաբերութիւն եւ երկխօսութիւն գոյութիւն ունէր եւ ունի ներկայիս: Այս յարաբերութիւնը միայն փոխադարձ շահերու վրայ հիմնուած է, հակառակ անոր որ ան միշտ «բարեկամական» կը յորջորջուի: Խորհելով թէ իր սպառնալիքներով պիտի կարենայ արգիլել Ա.Մ.Ն.-ը Հայասպանութեան փաստը ճանչնալէ, թրքական հանրապետութեան բռնակալը՝ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողան յոխորտաց ամերիկեան զինուորական խարիսխը փակել Ատանայի մօտ եղող Ինճիրլիքի մէջ, ապա շարունակելով իր յոխորտանքը Ամերիկայի, ան ըսաւ թէ կրնայ փակել նաեւ Կիւրեճիկի ռատարներու խարիսխը…: Այս յայտարարութիւնները երկու երկիրներու միջեւ վերջերս գրեթէ սովորական դարձած միակողմանի մենախօսութիւն մըն է, երբեմն ալ երկխօսութիւն, փոխադարձ սպառնալիքներով, որոնց շարքը երկար է:
Այս իրականութիւններու լոյսին տակ, վստահօրէն կրնանք ըսել թէ Հայոց Ցեղասպանութեան իրաւացիութիւնը անգամ մը եւս կը շեշտուի ու կը մնայ հաստատ:
Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման վերաբերեալ վերոյիշեալ երկխօսութեանց կամ մենախօսութեանց մէջ կը նկատենք թէ անոնք ամէն բանի մասին կը զրուցեն, բացի Հայոց Ցեղասպանութեան: Հայասպանութեան ճշմարտացիութեան կամ հակառակի մասին ոչ մէկ խօսք կը գտնուի անոնց յայտարարութիւններուն մէջ: Այս եղելութիւնը ցոյց կու տայ թէ անոնք ի վիճակի չեն կամ աւելին՝ չեն ուզեր հարցը գիտականօրէն քննել եւ այդ պատճառով փախուստ կու տան պատասխանատուութենէ ու կը ճարեն եւ կը հակաճարեն միայն իրենց քաղաքական, տնտեսական եւ զինուորական շահերը ապահովելու ձգտումով: Այս բոլորին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը կը բիւրեղանայ ու կը հաստատուի ինքնաբերաբար: Ա.Մ.Ն.-ի եւ Թուրքիոյ միջեւ կատարուած քաղաքականութիւնը աղտոտ առեւտուր է, նենգ մարդոց կողմէ կառավարուած: Երկու կողմերու նախագահներու այս կեցուածքն ու վարուելակերպը Հայասպանութեան ճշմարտութենէն ոչ մէկ բան կը փոխեն եւ զրուցակիցները կը մնան իրենց ստոր, տափակ ու տխեղծ մակարդակին վրայ ի տարբերութիւն Հայոց Ցեղասպանութեան ճշմարտացիութեան եւ արդարացիութեան: