ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Այս տարուան ընթացքին հաւաքեցի արտառոց պատգամներու կամ կանոններու տարբեր օրինակներ, որոնք կը պարտադրուին թրքական հասարակութեան: Բնականաբար, միլիոնաւոր ազատամիտ եւ քաղաքակիրթ թուրքեր դժգոհ են այս ժամանակավրէպ կանոններէն, սակայն, քանի դեռ Էրտողան իշխանութեան ղեկին է, նման խիստ միջոցները պիտի շարունակուին պարտադրուիլ բոլոր թուրք քաղաքացիներուն…: Ահա՛ անոնցմէ քանի մը օրինակներ.
– «Մոնիթոր»ի թղթակից Փինար Թրեմպլէյ հաղորդեց, որ «Տիյանէթ»ը՝ Թուրքիոյ կրօնական հարցերու վարչութեան կայքը, յայտարարած է. «Հիմք ընդունելով Մուհամետ մարգարէի յայտնի խօսքերը՝ մահմետականներուն խորհուրդ կը տրուի ուտել եւ խմել աջ ձեռքով եւ նոյնը սորվեցնել իրենց զաւակներուն, քանի որ «սատանան կ՛ուտէ ձախ ձեռքով»: Իսկ ի՞նչ ընեն անոնք, որոնք ձախլիկ են կամ աջ ձեռք չունին, կը հետաքրքրուին թրքական հասարակութեան բազմաթիւ անդամներ:
– Իսլամական հանրաճանաչ իմամ Իհսան Սենոկըք այս տարուան Փետրուարին ազատ արձակուած է «Տիյանէթ»էն, իր վիճայարոյց յայտարարութենէն ետք այն մասին, որ տաբատ հագնող կիներ մեղաւոր են եւ դժոխք պիտի երթան: Սենոկըք նաեւ յայտարարած է, որ տղամարդը պէտք չէ համբուրէ իր երիտասարդ զոքանչը, քանի որ այդ մէկը կրնայ յանգեցնել գայթակղութեան…
– Թուրքիոյ մէջ, «Ինճիրլիք» օդակայանային խարիսխի դրացնութեամբ ապրող Մահմուտ Աքար ըսած է «Սփութնիք» լրատուական միջոցին, որ խարիսխին մէջ տեղակայուած ամերիկացի զինուորները կը գնեն թուրք մանուկներ եւ զանոնք հետագային կը փոխադրեն Միացեալ Նահանգներ՝ զանոնք կրօնափոխ ընելու եւ քրիստոնեայ դարձնելու համար։
– Պոլսոյ համալսարանի թուրք դասախօս Եաւուզ Օրնեք 6 Յունուարին, թրքական պատկերասփիւռի կայանէ մը յայտարարած է, որ Նոյը ջրհեղեղէն առաջ բջիջային հեռաձայնով կապ հաստատած է իր մանչ զաւակին հետ: Օրնեք նաեւ յայտարարեց, որ Նոյը իր տապանը կառուցած է պողպատէ կտորներով, ապա զայն աշխատցուցած է միջուկային ուժանիւթով…… «Ես գիտնական եմ եւ կը խօսիմ գիտական տեսանկիւնէ», պնդած է տգէտ Օրնեք:
– Թուրքիոյ կրօնական հարցերով վարչութիւնը յայտարարած է, որ աղջիկները՝ ինն, իսկ տղաները՝ 12 տարեկանին կրնան ամուսնանալ։
– «Տիյանէթ»ը նաեւ արձակած է քանի մը «ֆաթուա»ներ (կրօնական հրովարտակներ)՝ յայտարարելով, որ bitcoin անընդունելի է այս պահու», իսկ երկրորդին մէջ, թէ՝ տղամարդոց մազերը սեւ ներկելը պատշաճ չէ՝ ըստ իսլամութեան: Երրորդ մը արգիլած է վիճակախաղի տոմսեր ձեռք բերել կամ աշխատիլ այնտեղ, ուր ոգելից ըմպելի կը վաճառուի: Չորրորդը արգիլած է լսել «անբարոյ երաժշտութիւն»: Սակայն ամէնէն վիճայարոյց «ֆաթուա»ն այն էր, որ տղամարդը կրնայ ամուսնալուծուիլ կնոջ հետ հեռաձայնով, ելեկտրոնային յղումով, «թեքսթ» հաղորդագրութեամբ կամ նամակով: Ամուսնալուծութիւնը յայտարարելու նման միջոց օգտագործելը նոյն բանն է, ինչ որ կնոջ երեսին ըսելը: Միակ բանը՝ կինը պէտք է համոզուած ըլլայ, որ «թեքսթ» հաղորդագրութիւնը կամ ելեկտրոնային յղումը ուղարկուած է իր ամուսնոյն կողմէ։
– «Նիւզուիք» հանդէսը մէջբերած է թուրք իսլամ քարոզիչ մը, որ յայտարարած էր Fatih Medreseleri կրօնական պատկերասփիւռի ալիքով, թէ առանց մօրուքի տղամարդիկ «չեն կրնար տարբերիլ կիներէն» եւ կրնան ուրիշ տղամարդոց մօտ «անպարկեշտ միտքեր» յառաջացնել: «Տղամարդիկ պէտք է մօրուք աճեցնեն: Մօրուքը մարդու մարմինի երկու մասերէն մէկն է, որով տղամարդը կը տարբերի կնոջմէ», յայտարարած է Մուրատ Պաեարալ: «Եթէ հեռուն երկար մազերով մարդ տեսնէք, կրնաք մտածել, որ ան կին է, եթէ մօրուք չունի, որովհետեւ այսօր կիներ եւ տղամարդիկ միանման կը հագնին: Աստուած չընէ…։ Դուք կրնաք անպարկեշտ միտքեր ունենալ, բացատրած է ան՝ արտայայտելով այն վախը, որ տղամարդիկ կրնան նոյն սեռի մարդոց նայիլ սեռական հետաքրքրութեամբ։
– Ինչպէս նշած էի իմ նախորդ յօդուածներէն մէկուն մէջ՝ Թուրքիոյ նախկին փոխվարչապետ Պիւլենթ Արինճ յայտարարած է, որ «կիներ պէտք չէ բարձրաձայն խնդան հասարակութեան մէջ»:
Ըստ «Նիւզուիք»ի՝ վերոյիշեալ ուղերձները ցոյց կու տան, որ նախագահ Էրտողան կը փորձէ Թուրքիան առաջնորդել «կրօնական ուղիով՝ իսլամական ազգայնականութեան նոր տարբերակով: 1923ին, ժամանակակից Թուրքիոյ հիմնադրութենէն ի վեր, «աշխարհիկութիւն» բառը ամրագրուած է Թուրքիոյ սահմանադրութեան մէջ: Սակայն Էրտողան հետզհետէ կը յորդորէ, որ կրօնը հասարակական կեանքին մաս դառնայ: Եղափոխութեան դասերը անցեալ տարի ջնջուած են հանրային դպրոցներու ուսումնական ծրագիրներէն, իսկ կառավարութիւնը թոյլատրած է, որ դպրոցներու մէջ աղջիկները իրենց գլուխը ծածկեն, բան մը, որ անցեալին արգիլուած էր»։
«Այսօր Թուրքիոյ ղեկավարութիւնը կանգնած է որոշում տալու շատ բարդ հարցի մը առջեւ՝ թէ նոյն ատեն ինչպէ՛ս կառավարել իր հասարակութեան կրօնական եւ աշխարհիկ երեւոյթները: «Մահմետական աշխարհին մէջ հաւատացեալները վերահաստատուած են շարք մը տարամէտ հոսանքներով: Սա անխուսափելիօրէն խթանած է մահմետականներու զանգուածները Թուրքիոյ մէջ», ըսած է աշխարհաքաղաքագէտ Ճորճ Ֆրիտմըն՝ Real Clear World-ի համար գրուած ապրիլեան խմբագրականին մէջ: «Աշխարհիկ, եւրոպական մշակոյթը, որ կը գերակշռէր երկրին մէջ, կը հակադրուի կրօնական հզօր պահանջներուն: Քաղաքական եւ ընկերային հիմնական հարցը այն է, թէ ինչպէ՛ս ստեղծել միասնական պետութիւն՝ կառուցուած երկու տարբեր մշակոյթներու վրայ», եզրակացուցած է «Նիւզուիք»ի թղթակից Քրիսթինա Մազա:
Յոյսով ենք, որ նախագահ Էրտողան եւ անոր յետամնաց իմամները 2019ին տարօրինակ նոր հրովարտակներ կ՛արձակեն՝ Թուրքիան վերադարձնելով Քարէ դար…
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ