Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Թրքասէր Արաբն Ալ «Ճանչցաւ» Թուրքը

October 11, 2022
in Mobile Home, Newsletter, Յօդուածներ
0
Անկրկնելի Հալէպը. պատեանէն դուրս ելած գաղութը

ՄԱԹԻԿ ԷՊԼԻՂԱԹԵԱՆ

Հալէպը պաշարուած էր 2012 թուականի կէսերուն, դժոխային օրեր էին, շատ մը թաղամասեր կրակի գօտիին մէջն էին, քաղաքը բաժնուած էր պետական եւ հակապետական ուժերու հսկողութեան տակ գտնուող հատուածներու, ընդդիմադիր ուժերը ընդհանրապէս Թուրքիոյ հանդէպ խանդավառ էին, ուրիշներ խուճապի մատնուած` կը գաղթէին:

Նոր Գիւղէն անցած պահուս, քաղաքական շաղակրատութիւններով զբաղած խումբի մը կողքին, պատին տակ նստած հայ ծերունի մը ցուցամատը գետինը ուղղելով` «այն թրքիէջ հոն» (Թուրքիոյ աչքը հոս է) կ՛ըսէր իր շուրջ գտնուող տեղացիներուն:

Պատերազմական այդ մթնոլորտին մէջ դարերու դաժան փորձառութիւն մը ապրած մեր ժողովուրդի պատգամը խտացուած էր այդ երեք բառերուն մէջ:

Օսմանեան տիրապետութեան չորս հարիւր տարուան ընթացքին որոշ խնամիական կապեր, նաեւ կրօնական զգացումներ թուրքին հանդէպ համակրանք մը ստեղծած են որոշ տեղացիներու մօտ:

Մեր յարաբերութիւններուն եւ ընձեռուած պաշտօնական առիթներուն ընթացքին մեր ճիտին պարտքը եղած է թուրքը «ճանչցնել» զինք սիրողին:

Վերջերս թրքասէր բարեկամս, որուն յաճախ խօսած եւ պատմած էի, սրտցաւօրէն հաստատեց տեսակէտս ակնարկելով նաեւ հայոց բախտաւորութեան` հիւրընկալ երկիրներուն վերաբերմունքին համար:

Անգլիական «Պի. Պի. Սի.» կայանի արաբական բաժինէն վերջերս դիտած էի հազուադէպ վաւերագրական լրատուութիւն մը` Թուրքիոյ մէջ սուրիացիներու հանդէպ ցեղապաշտութեան մասին: Երեք բանուորներու բնակած սենեակը հրկիզած էին, խանութներն ու աշխատանոցները յարձակումի կ՛ենթարկուէին, նոյնիսկ հանրակառքերու մէջ սուրիացիները կը խուսափին արաբերէն խօսելէ:

Բարեկամս աւելին գիտէր. բժշկական համալսարանի եօթը ուսանողներ յարձակած եւ դաշունահար սպաննած են դասարանին առաջնութիւնը խլած սուրիացի ուսանողը:

Յիշեցի եղեռաբախտ գրագէտ Ռուբէն Սեւակը, որ Զուիցերիայէն Թուրքիա վերադարձաւ` որպէս բժիշկ ծառայելու պատերազմող թուրք բանակին մէջ:

Կ՛իմանանք նաեւ, որ արտասահմանի մէջ  սուրիացի յաջողած գաղթականներ աչքի փուշն են ինքզինք եւրոպացի կարծող վայրագ թուրքին:

Լրատուամիջոցները չնչին մասնիկ մը միայն կը ներկայացնեն սուրիական ճգնաժամի այս աղէտալի պատկերներէն, մինչ այսօրուան քաղաքական եւ համաշխարհային բեմի վրայ քաղաքագէտի, հաշտարարի, մարդասէրի համբաւ կը վայելէ ան:

Կեղծիքն ու անարդարութիւնը կը մնան քաղաքականութեան դափնեպսակը:

Հալէպ

Previous Post

Ինչ քայլեր է ձեռնարկել Ադրբեջանը․Բուրիչը ճշգրիտ տեղեկություն է հայցել հայ ռազմագերիների գնդակահարության կադրերի մասին

Next Post

Թուրքիոյ մէջ կը փորձեն Իրանի ազրպէյճանցիներու կառավարութիւն ստեղծել

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.