ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԱՆ
Ո՛չ, այնպէս մը չէ, որ «Քորոնա» ժահրի այս օրերուն կ՛ուզենք ստեղծուած վիճակը շահագործել եւ քաղաքական խօսք ու կեցուածք արտայայտել` հայոց դարաւոր թշնամիին դէմ, որուն ստապատիր քաղաքական դիմագիծը բացայայտուած է վաղուց, իսկ անոր բարբարոսի պահուածքը կը շարունակէ իր աւերները գործել աշխարհով մէկ:
Հպանցիկ ակնարկ մը բաւարար է ընդգծելու վերջին տարիներու թրքական պետութեան գործած այն բոլոր քաղաքական նկրտումներն ու զինուորական միջամտութիւնները, այո՛, ոճիրներն ու անմարդկային վերաբերումները, այս պարագային, Սուրիոյ, Իրաքի, Լիպիոյ թէ միջինարեւելեան կարգ մը երկիրներու մէջ:
Արդեօք քիւրտերու եւ սուրիական բանակի զինուորներու թէ ժողովուրդին դէմ կատարուած հաւաքական սպանդները մեր օրերու ցեղասպանական արարքներ չէի՞ն, որոնք տեղի ունեցան թուրք պետութեան աջակցութիւնն ու հովանաւորութիւնը վայելող ահաբեկչական խմբաւորումներու ձեռամբ:
Թրքածին վայրագութեան ամէնէն վաւերական ապացոյցը հանդիսացաւ ՏԱՀԵՇ կոչուած մարդակերներու վոհմակը, որ վերջին տասը տարիներու ընթացքին կրցաւ (նէօթրքութեան) մրցանիշ մը հաստատել, երբ աներեւակայելի ոճիրներու, այլամերժութեան եւ մարդատեացութեան քստմնելի արարքներ գործեց, այսպէս ըսած, ազնուաբարոյ արեւմուտքին կուրցած աչքերուն առջեւ:
Իրօք, «մեծարգոյ» եւ պատեհապաշտ հզօր պետութիւններ կուլ տուին թուրքին ու անոր հովանաւորեալ ահաբեկչական խմբաւորումներու նախճիրները` յանուն սեփական շահերու եւ աշխարհաքաղաքական հաշուարկներու:
Արդ, վերոնշեալ երկիրները, որոնք մարդասէրի եւ ոչ ցեղապաշտի պատմուճան հագած են, բարոյական իրաւունքը չունին մեզի` հայերուս ուղղելու մեղադրանքներ, մանաւանդ մեզ ամբաստանելով, որ չենք զիջիր (եղեր) մեր պահանջատիրական կեցուածքէն, թշնամանքը կը շարունակենք (եղեր) եւ ամէն 24 ապրիլին մեր արդար ձայնը կը բարձրացնենք` յիշելով նախնեաց դէմ կատարուած Ցեղասպանութիւնը ու պահանջելով բռնագրաւուած հողի` Արեւմտահայաստանի վերադարձը իր սեփականատիրոջ:
24 ապրիլ, Հայոց ցեղասպանութեան 105-ամեակ, անսովոր պայմաններ®
Հայութիւնը սփիւռքի ու հայրենիքի մէջ պիտի ոգեկոչէ մէկուկէս միլիոն սուրբերու նահատակներու յիշատակը, թէկուզ բնակարաններու մէջ, բայց անպայման` Ծիծեռնակաբերդի հետ եւ հոնկէ բարձրացած խորհուրդին ականջալուր:
Այո՛, իւրաքանչիւր հայորդի պիտի վերապրի անժամանակեայ տառապանքին ու ցաւին ահաւորութիւնը, իր կարգին, պիտի ձայնակցի նահատակներու կանչին եւ ողջ մարդկութեան երեսին գոչէ, թէ մեզ պէտք չեն ձեր մարդասիրական յորդորները (լոլոզները), այլ` քաղաքական յստակ ու անկաշառ կեցուածքները, գործնական քայլերն ու իրաւ մարդասէրի կոչումը, արդարադատութիւնը, որպէսզի ընդմիշտ վերանայ թուրք զազրութեան պահուածքը:
Այլ խօսքով` թշնամին սիրելու, ներելու, անոր հետ ողջագուրուելու, «անցեալի պատմական դառն դէպքերը» մոռնալու, ապագային նայելու եւ թուրքին հետ եղբայրանալու ասդի ու անդի արձակուած կոչերը զուր կը հնչեն, որովհետեւ թուրք պետական մտածողութիւնը կը շարունակէ կառչած մնալ իր սին դաւանանքին` համաթրքութեան երազին, որուն մասին շատ բան է ըսուած եւ գրուած նոյնինքն ամերիկացի թէ եւրոպացի ականատեսներու կողմէ, փաստարկուած վկայութիւններ են տրուած բարձրագոյն ատեաններու մէջ:
Հայութիւնը իր պետականութեամբ պիտի շարունակէ իր պահանջատիրական երթը, Հայ դատի յանձնախումբերը առաւել բարձր պիտի գոչեն, որ թուրքը իր թաթարածին թէ էրտողանեան դիմակով նոյնն է, աւելի՛ն. զանոնք մէկ մականի տակ դնողը, եղբայրացնողը թրքութիւն կոչուած համաճարակն է, որ աւերներ կը գործէ աշխարհով մէկ` փորձելով վերականգնել համաթուրանականութիւնը:
Ու այդ ստոր երազին դէմ կանգնողը, զայն ջարդուփշուր ընողը, կասեցնողն ու հակահարուած տուողը, առաջին հերթին, հայ մարտունակ բազուկն է, որ խրամին մէջ արմատաւորուած` տիւ եւ գիշեր արթուն կը հսկէ, ի հարկին կը զարնէ ու զարնուի, պաշտպանելու ազգային արժանապատուութիւնն ու հայրենի հողը:
Իրօք, Ծիծեռնակաբերդի բարձունքին բոցավառ ջահը մեծագոյն յուշարարն է հայոց պահանջատիրութեան եւ յաւերժ ահազանգողը` թրքութիւն համաճարակին: