Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Ժահժահ. «հանրապետութեան հզօր նախագահ մը կ՛ուզենք»

September 5, 2022
in Mobile Home, Newsletter, Զանազանք
0
Geagea urges opposition to unite over ‘salvation’ and ‘confrontation’ president

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան կազմակերպութեամբ երէկ երեկոյեան ժամը 5:30-ին, Մեհրապի մէջ տեղի ունեցաւ կուսակցութեան նահատակներուն յիշատակին նուիրուած տարեկան պատարագը:

Այս առիթով Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ արտասանեց ճառ մը, որուն մէջ իր խօսքը ուղղելով նահատակներուն յայտնեց, որ ոմանք կը վախնան անոնց զօրութենէն, հերոսութենէն եւ յանձնառութենէն:

«Օրին մենք ունէինք շրջաններ, որոնց համար նահատակուեցաք դուք եւ տասնեակ հազարաւոր լիբանանցիներ վիրաւորուեցան, որպէսզի այդ շրջանները մնան ազատ` հակառակ 1975-1990 երկարող բախումներուն եւ բռնագրաւումներուն», ըսաւ Ժահժահ:

Իր խօսքը ուղղելով լիբանանցիներուն` Ժահժահ շեշտեց. «Անոնք իրենց Լիբանանը ունին, իսկ մենք` մեր Լիբանանը: Անոնց Լիբանանը Դիմադրութեան առանցքի եւ անոր դաշնակիցներուն Լիբանանն է, որուն մէջ կ՛ապրինք այսօր: Իսկ մեր Լիբանանը այն Լիբանանն է, որուն օրերը մասամբ ապրեցանք Անկախութեան ինթիֆատայի օրերուն: Անոնց Լիբանանը քաոսի, քանդումի, աղքատութեան եւ անտիրութեան Լիբանանն է, իսկ մերը` օրէնքի, շինարարութեան, բարգաւաճման, քաղաքակրթութեան, բարօրութեան եւ պետութեան Լիբանանը»:

Ժահժահ շեշտեց, որ անոնց Լիբանանին մէջ բոլորին շահերը յարաբերական են, բացի` Հըզպալլայէն:

Ան աւելցուց, որ Հըզպալլա կը խանգարէ Լիբանանի կառավարութեան կազմութիւնը, իսկ այժմ կը պատրաստուի նախագահական ընտրութիւնը արգելակելու քայլին: «Իսկ այս քայլին կը դիմէ ոչ թէ բարեկարգչական որոշ ծրագիր մը իրականացնելու, այլ` փորձելու Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար Ժըպրան Պասիլը եւ կամ «իրեն վստահուած անձ մը» հանրապետութեան նախագահ դարձնելու` նախագահ զօր. Միշել Աունը փոխարինելու նպատակով:

Ժահժահ նկատել տուաւ, որ ցաւալի է այն իրականութիւնը, որ անոնք կը յայտնեն, թէ գործած են քրիստոնեաներու իրաւունքները ապահովելու համար: «Այս մէկը մեծագոյն սուտն է, որովհետեւ անոնցմէ աւելի ոչ ոք վնաս հասցուց քրիստոնեաներու իրաւունքներուն, եւ ոչ ոք քրիստոնեաներուն արտագաղթը աւելի մեծ համեմատութեամբ կրցաւ իրականացնել, քան իրենք», ըսաւ ան:

Ժահժահ հաստատեց, որ իրենք պիտի չարտօնեն, որ Լիբանան առանձին մնայ` օտար ու լուսանցքայնացած եւ արաբական իր միջավայրէն ու միջազգային ընտանիքէն անջատուած: «Պիտի դիմադրենք բոլոր այն ծրագիրներուն, որոնք Լիբանանը կ՛առաջնորդեն դէպի այնպիսի վայրեր, որոնց նման չէ երկիրն ու անոր ժողովուրդը: Պիտի չարտօնենք, որ Լիբանանի պատմութիւնը խեղաթիւրուի, որպէսզի այս կամ այն կողմին գաղափարախօսութիւններուն եւ տեսութիւններուն պատշաճեցուի: Ոչ ոք իրաւունք ունի Լիբանանի իւրայատկութիւնները փոխելու», յայտնեց ան:

Ժահժահ շեշտեց, որ իրենք կը պահանջեն հանրապետութեան հզօր նախագահ մը, նոյնիսկ եթէ ոմանք կը կարծեն, թէ «Հզօր նախագահ»-ի վարկածը ձախողած է: «Հանրապետութեան ներկայ նախագահը ո՛չ միայն հզօր նախագահ չէ, այլեւ Լիբանանի պատմութեան ամէնէն տկար նախագահն է, որովհետեւ ան ենթարկուող է: Ան իր ժողովուրդն ու երկիրը զոհեց` իր անձնական շահերուն ծառայելու նպատակով», ըսաւ ան:

Previous Post

Հակամարտութեան ձեւակերպումի փոփոխութեան վտանգը

Next Post

Ըստ Ալիեւի. Հայաստան – Ազրպէյճան խաղաղութեան համաձայնագիրը կրնայ կնքուիլ քանի մը ամիսէն

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.