ՍԱՐԳԻՍ ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Մեծ են այն բանաստեղծներն ու գրողները, որոնց հոգին ու էութիւնը մշտահոս աղբիւր են, անոնցմէ բխող առուակներն ու գետակները կը հասնին ընթերցողներու սիրտերուն ու միտքերուն, անոնց բխումը անսպառ է, մինչեւ իսկ եթէ գրողը հրաժեշտ տուած է կեանքին ու անոր կեանքի շրջանէն ետք անցած են դարեր: Այդպէս են Նարեկացիներն ու Շնորհալիները, այդպէս են Մեծարենցները, Վարուժանները, Սեւակներն ու Թեքէեանները:
Այս փաղանգին մաս կը կազմէ նաեւ բանաստեղծ Ժագ Ս. Յակոբեան, որ կտրած է մօտաւորապէս մէկ դարու ճանապարհ, կենսունակ կերպով կը կանգնի մեր կողքին, եւ անոր գրիչէն բխող «Մշտահոս Ջրվէժ»ները կը շարունակեն ոռոգել Հայ գիրի անդաստանները: Ժագ Ս. Յակոբեան գրող մըն է, որ չի սիրեր հանգստեան կոչել գրիչը. որովհետեւ, ինչպէս նշեցինք, անոր հոգին ու միտքը մշտահոս աղբիւր են, զինք հանգիստ չեն ձգեր, այլ կը մղեն գրելու՝ ներաշխարհի գանձերուն բաժնեկից դարձնելու ընթերցողն ու շրջապատը: Այս ճշմարտութեան ապացո՞յցը. անոր գրիչին առատ բերքը վերջին տարիներուն, իբրեւ ուղղակի շարունակութիւն գրական վաստակի մը, որ սկիզբ առած է շուրջ 80 տարիներ առաջ ու զինք ստեղծագործելու կը մղէ նո՛յն հրայրքով, նո՛յն խանդով, աննահանջ նուիրումով, երիտասարդ կը պահէ զինք ու գրիչը:
Բազմագոյն է բանաստեղծին երանգապնակը: Ան ընթերցողին կը բաշխէ անձնական յոյզեր, յիշատակներ, փիլիսոփայական խոկումներ եւ աշխարհիկ ու հանդերձեալ կեանքի մասին խորհրդածութիւններ: Տիրապետող գիծեր են մայրենիին ու հայկական բոլոր արժէքներուն հանդէպ խոր սէրը, որ չի ներկայանար յաւուր պատշաճի արտայայտութիւններով, այլ իր էութիւնը կը մատնէ արտացոլող ապրումներ, զգացումներ, պատգամներ: Այս տարրերը բանաստեղծին հետ ծնած են եւ արտացոլացում գտած՝ բանաստեղծութեան անդաստանին մէջ իր առաջին քայլերէն ի վեր, մեր գրաւոր մշակոյթի պատմութեան մէջ պիտի ապրին ու զինք պիտի ապրեցնեն յաւիտեան:
Բանաստեղծին արժանիքները արտայայտութիւն գտած են անոր նորագոյն հատորներուն մէջ, որոնք կը կրեն «Փախչիլ Չկայ, Հա՜…» եւ «Ոսկեհոս æրվէժ» խորագիրները: Անոնք լոյս տեսան 2015ին, Ցեղասպանութեան 100ամեակի հանգրուանին, գործակցութեամբ Ազգային առաջնորդարանին, որ վերջին աւելի քան տասը տարիներուն հրատարակած է բանաստեղծին գործերէն աւելի քան 10 հատոր: Ընթերցասէր հասարակութիւնը այս գիրքերուն ծանօթանալու իւրայատուկ առիթ մը պիտի ունենայ Հինգշաբթի, 17 Մարտի երեկոյեան, Ազգ. առաջնորդարանի յարկին տակ, զոյգ հատորներուն ողջունահանդէսին, որ կազմակերպուած է Ազգ. առաջնորդարանի Մշակութային եւ դաստիարակչական յանձնախումբին կողմէ. գիրքերուն ներկայացումը պիտի կատարէ ծանօթ հրապարակագիր եւ գրող Գէորգ Պետիկեան: Ձեռնարկը կը հովանաւորէ առաջնորդ սրբազանը՝ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, որ գրած է հատորներուն մուտքի խօսքը:
«Փախչիլ Չկայ, Հա՜…» հատորը հոգեւոր խորհրդածութիւններու շարք մըն է, գիծ մը, որ բանաստեղծին երանգապնակին մէջ հիմնական տեղ ունեցած է աւելի քան կէս դարէ ի վեր: Ցեղասպանութեան 100ամեակին նուիրուած իր մուտքի գրութեամբ, մտաւորական Ժագ Ս. Յակոբեան կը հաստատէ, որ թուրքը պիտի չկարենայ փախչիլ հայուն պահանջատիրութենէն, ինչպէս որ հատորին միւս գրութիւնները ցոյց կու տան, թէ մարդ արարածը չի կրնար իր սխալներուն համար փախուստ տալ Աստուծոյ աչքէն ու արդարութենէն: Իսկ երկրորդ հատորը արձակ ու չափածոյ կտորներու հաւաքածոյ մըն է, ուր յուշագրութիւնն ու պատմուածքները կը հոսին բանաստեղծական կտորներու կողքին:
Ինչպէս բանաստեղծին ողջ գրականութիւնը, այս հատորներն ալ վկայութիւն են հայերէնի գեղեցկութեան մասին գրողին խոր ըմբռնումին, որ կը հասնի պաշտամունքի աստիճանի: Խորքին մէջ, Ժագ Ս. Յակոբեան մեզ կը կամրջէ մեր գեղապաշտ սերունդի գրողներուն հետ, բարձր պահելով Վարուժանի, Սիամանթոյի, Զարդարեանի, Մեծարենցի եւ Թէքէեանի պէս գրողներու վառած ջահը, նաեւ գործնապէս պատգամելով, որ գեղեցիկ հայերէնը մեր ամէնէն թանկագին գանձերէն է, պէտք է մնայ անկորնչելի: