ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ -ՊԷՅՐՈՒԹ
Հարցազրոյց՝ գրականագէտ Ժիրայր Դանիէլեանի հետ
Սփիւռքի եւ Հայրենիքի մէջ ծանօթ անուն է հայագէտ, բանասէր, խմբագիր եւ հրատարակիչ Ժիրայր Դանիէլեանը։ Ան երկար տարիներ պաշտօնավարած է Հայկազեան համալսարանին մէջ, նախ իբրեւ հայագիտական գրադարանի վարիչ եւ ապա՝ գրադարանապետ։ Ստանձնած է նաեւ տնօրէնի պաշտօն՝ Լիբանանի երկրորդական վարժարաններուն մէջ։ Խմբագրած է գրական հանդէսներ, պարբերաթերթեր եւ հրատարակած՝ բանասիրական հատորներ, ուսումնասիրութիւններ։
Պէյրութի մէջ Հայ մամուլի համահայկական համագումարի աւարտին առիթը ունեցանք հանդիպելու պրն Դանիէլեանին, որ իր անմիջական ու անկեղծ տպաւորութիւնները բաժնեց մեզի հետ։
* * *
«Նոր Յառաջ» – Համագումարի ընթացքին յատկապէս նշուեցան քանի մը անձնաւորութիւններու անունները, որոնք լրագրութեան պատմութեան եւ ընդհանրապէս հայագիտական մարզին մէջ շատ մեծ ներդրում ունեցած են, որոնմէ մէկը դուք էինք։ Ընդհանրապէս ինչպէ՞ս տպաւորուած էք այս համագումարէն։
Ժիրայր Դանիէլեան – Ժամանակին մեծ խանդավառութեամբ նման համագումարներու մասնակցած եմ, երբ տարիքային առումով տակաւին երիտասարդ էի եւ կազմակերպչական աշխատանքներ ալ կը տանէի։ Այս անգամ միայն ֆիզիքապէս ներկայ եղայ նիստերուն։ Հիմա քիչ մը յոռետես կեցուածք մը ունիմ ընդհանրապէս նմանօրինակ համագումարներու շուրջ։ Վաղը դուք ալ հաւանաբար պիտի հաստատէք, թէ այս համագումարն ալ ասկէ առաջուաններուն պէս շարունակականութիւն պիտի չունենայ, չնայած որ անցնող 20-30 տարիներուն ընթացքին տեղի ունեցած համագումարներուն անձնապէս մեծ դերակատարութիւն ունեցած եմ։ Դժբախտաբար այս է մեր իրականութիւնը։ Գիտէք միշտ ալ բարձրաձայն կը յայտարարենք, որ գործը պիտի շարունակուի եւ նպատակի մը պիտի հասնինք… Բայց ես անձնապէս վերապահ եմ։ Այդ պատճառով է որ նիստերու ընթացքին իմ ձայնը շատ չլսեցիք։ Ես լուռ հետեւող էի եւ պարզապէս ի պաշտօնէ ներկայ եղայ։ Եթէ այս յոռետես գաղափարները լոյս տեսնեն ձեր թերթին մէջ առաջին անհանգստացողը զիս շատ սիրող Վեհափառ Հայրապետը պիտի ըլլայ։
«ՆՅ» – Դուք խմբագիր եւ հիմնադիրն էք 2005-էն ի վեր լոյս տեսնող «Կամար» գրական պարբերաթերթին։ Անցեալին ալ խմբագրած էք զանազան հանդէսներ, ամսագրեր եւ թերթեր։ Ձեր ունեցած փորձառութեան ընթացքին ինչպէս կը մեկնաբանէք այս մարզին մէջ լրագրողներու եւ խմբագիրներու բացակայութիւնը։ Հարց մը, որ արծարծուեցաւ նաեւ համագումարին ընթացքին։
Ժ.Դ. – Անմիջապէս ըսեմ, թէ ըստ իս այս համագումարի ծիրին մէջ չէր իյնար գրական, մանկապատանեկան եւ ընդհանրապէս մասնագիտական մամուլը։ Պէտք էր հրաւիրուէին լրագիրներու միա՛յն գլխաւոր պատասխանատուները։ Օրինակ Լիբանանի մէջ տասնէ աւելի թերթեր ունինք, բայց որպէս լրագիր միայն երեք օրաթերթերթ կան եւ թերեւս ալ՝ Նիւ Եորքի «Պայքար» թերթին հոս հրատարակուող տարբերակը։ Ես կողմնակից էի այս եզրին։
«ՆՅ» – Ի՞նչ կ՚ըսէիք կայքերու, կայքագրերու, ձայնասփիւռի կամ հեռատեսիլի պատասխանատուներու մասնակցութեան առնչութեամբ։
Ժ.Դ. – Արդէն Վեհափառ Հայրապետն ալ ընդգծեց, որ շեշտը պէտք է դնել տպագիր մամուլին վրայ։ Հայաստանէն հրաւիրուածներու մեծամասնութիւնը ցանցերու եւ կայքերու մարզին մէջ կը գործեն։ Այս առումով համագումարը շա՜տ ընդարձակուած էր…, նաեւ կարգ մը պարագաներու ականատեսը եղանք ոչ-արհեստավարժ լրագրողներու մասնակցութեան։ Այս բոլորը նկատի ունենալով՝ համագումարի մասին չեմ կրնար գոհունակութիւն յայտնել։
«ՆՅ» – Դուք նաեւ խմբագրած էք «Երիտասարդ հայ» երկշաբաթաթերթը։ Կրնայի՞ք հանդէսին ծննդոցին եւ ապրած հետաքրքրական կեանքի մասին տեղեկութիւններ հաղորդել։
Ժ.Դ. – «Երիտասարդ հայ»-ը ծնունդ առաւ 1969 Դեկտեմբեր 27-ին։ Թերթին արտօնագիրը այն ատեն վստահուած էր Յովսէփ Մելքոնեան անունով երիտասարդի մը, որ Հնդկաստանի մէջ տնտեսագիտութիւն ուսանած էր։ Երբ թերթը իր հրատարակութենէն երկու տարի յետոյ տնտեսական դժուարութիւններու մատնուեցաւ՝ Մելքոնեան հրաժարեցաւ եւ ուզեց որ մենք (ես եւ պաշտօնակիցներս՝ թիւով 5 հոգի) հաւաքաբար ստանձնենք թերթին պատասխանատւութիւնը։ Մեր խումբէն միայն երեք հոգի պետութեան մօտ արտօնութեան պայմանները կը լրացնէր՝ կրթական վկայական, Լիբանանի հպատակութիւն եւ այլն։ Այսինքն՝ մնացինք Կռանեան վարդապետը, Պետրոս Թերզեանը եւ ես։ Հետագային զարգացումներ տեղի ունեցան. Հայր Անդրանիկ Կռանեանը,– որ իր ըմբոստ ազգային ոգիին պատճառով նախապէս դուրս դրուած էր Զմմառեան միաբանութենէն,– կրկին միացաւ անոր։ Հետեւաբար մենք երկուքով շարունակեցինք աշխատանքը։ Երբ 1975-ի պատերազմը ծայր առաւ, մեզի պատուաբեր որոշում մը կայացնելու պատուհան մը բացուեցաւ, որպէսզի դադրեցնենք թերթին հրատարակութիւնը, որովհետեւ պարտքերու մէջ մխրճուած էինք։ Թերթը դադրեցնելէ երկու տարի ետք զանազան միջոցներով վճարեցինք մեր պարտքերը։ Այնուհետեւ Թէքէեան մշակութային միութեան «Շիրակ» գրականութեան եւ արուեստի ամսագրին խմբագիր նշանակուեցայ։ Ըսեմ, որ մինչ այդ նշեալ թերթին բոլոր խմբագիրները կուսակցականներ եղած էին եւ նաեւ՝ վճարուած։ Ես առաջին խմբագիրն էի, որ ո՛չ կուսակցական էի եւ ոչ ալ վճարում կը ստանայի։ Այն ատեն Հայկազեան համալսարանի գրադարանավար էի եւ միաժամանակ դպրոցի տնօրէն ալ ըլլալով աշխատավարձ ունէի։ Յետոյ զանազան դժուարութիւններու պատճառով մեր խմբագրական կազմը հաւաքաբար հրաժարական ներկայացուց։ Աւելի ուշ՝ Զաւէն Եկաւեանին քաջալերանքով եւ մեր ներքին փափաքները իրականացուցած ըլլալու միտումով, գրական թերթ մը ունենալու դիմում ներկայացուցինք իշխանութիւններուն։ Ճիշդ այդ ատեն անդրադարձանք, որ 1975-ին «մահաքունի» մէջ մտած «Երիտասարդ հայ»-ուն արտօնագիրը կը շարունակէ ի զօրու մնալ։ Ուրեմն տուրքերը վճարեցինք եւ վերականգնեցինք թերթը՝ այս անգամ «Կամար» անունով։ Ես բարոյական պարտաւորութեան տակ գտնուելով՝ «Շիրակ»-ի կազմին փոքր խմբակը հրաւիրեցի միանալու «Կամար»-ի խմբագրական կազմին։ Բայց ամբողջ բեռը ծանրացաւ խմբագրիս ուսերուն վրայ։ Այսպէսով ճամբայ ելաւ «Կամար»-ը։ Ըսեմ, թէ շրջան մը նաեւ Կիւլպէնկեանը օժանդակեց մեզի, բայց 2018 Դեկտեմբերին դադրեցաւ այդ նպաստը։ Իսկ «Կամար»-ի հրատարակութիւնը պիտի շարունակենք՝ վեցամսեայ պարբերականութեամբ։
«ՆՅ» – Ո՞ր երկիրներու մէջ կը ցրէք «Կամար»-ը։
Ժ.Դ. – Ֆրանսա միայն քանի մը հոգի կը ստանան։ Որոշ թիւ մը Հայաստան կը հասցնենք։ Ինչ-
պէս գիտէք, այնքա՜ն սուղ է փոխադրածախսը, որ երբեմն մեր աշխատակիցներուն ալ չենք կրնար ղրկել։
«ՆՅ» – Որքա՞ն է տպաքանակը։
Ժ.Դ. – Տպաքանակը 500 է։ Կարելի չէ ըսել կը վաճառենք, այլ պարզապէս կը բաժնենք թերթը։
Տեսակցեցաւ՝
Ժիրայր Չոլաքեան ■