Հայրենի «Ժամանակ» օրաթերթը կը գրէ. «Կառավարութեան կառուցուածքային բարեփոխումներու` նախարարութիւններու կրճատման, ծրագիրներու իրականացման գրասենեակներու եւ պետական ոչ առեւտրական կազմակերպութիւններու փակման, աւելորդ մանկավարժներու տեղերու կրճատման իբրեւ հետեւանք մօտաւոր հաշուարկներով կրնան գործազուրկ դառնալ 50-55 հազար պետական աշխատողներ:
«Թէ պետական աշխատանքը կորսնցնելէ ետք անոնք ինչո՛վ պիտի զբաղին` յայտնի չէ: Միակ տեսանելի աշխատանքը այս պահուն կը շարունակէ մնալ թաքսիի վարորդներու գործը, որոնց կառավարութիւնը հարկային արտօնութիւններ տուած է», գրած է «Ժամանակ» թերթը: