Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Ժետտայէն Հարաւային Կովկաս` համակարգուած գործարքներ

Ակնարկ

July 20, 2022
in Mobile Home, Newsletter, Յօդուածներ
0
Ի՞նչ է սպասվում Սաուդյիան Արաբիայի թագաժառանգի Անկարա այցից եւ այնտեղից հրապարկված համատեղ հայտարարությունից

Շահան Գանտահարեան

Առաջին հայեացքով օրինապահ կը թուի, որ Ժետտայի վեհաժողովը քննարկած ըլլայ բարի դրացնութեան կանոններուն կառչած մնալու սկզբունքները: Օրակարգը հիմնականին մէջ անվտանգութեան հարցերն են եւ անոր հետ անմիջականօրէն կապուած առեւտրատնտեսական յարաբերութիւնները: Այս բոլորին մէջ անշուշտ արաբական երկիրներ – Թել Աւիւ յարաբերութիւններու հաստատումն ու բնականոնացումը կը շարունակեն մնալ առանցքային բաժինը: Միացեալ Նահանգներու միջնորդութեամբ եւ ինչու չէ ճնշումով ու թելադրանքով երկիր առ երկիր գործընթացը կ՛առաջնորդուի դէպի դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատում:

Անվտանգային առումով անորոշութիւնը կը շարունակէ յամենալ Թեհրանի ուղղութեամբ: Մէկ կողմէ Ռիատ-Թեհրան փրոքսի պատերազմները յանգեցնելու, միւս կողմէ հիւլէական բանակցութիւններու շուրջ անհամաձայնութիւնները ընդգծելու, այդուհանդերձ բանակցութիւնները շարունակելու դասական մօտեցումները կը կրկնուին:

Անդրադարձ կայ բնականաբար Ուքրանիոյ պատերազմին, եւ անոր դիմաց դիրքորոշումները համակարգելու թելադրանքները ընդգծելիօրէն առկայ են:

Հոս արդէն մօտեցանք թաքնուած կէտին կամ խնամքով անուշադրութեան մատնուող բուն հանգոյցին: Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարարը կը յայտարարէր, որ քարիւղի արտադրման հարցը չէ քննարկուած վեհաժողովին ընթացքին:

Տարակուսելի է յայտարարութեան բովանդակութեան իրաւացիութիւնը: Վեհաժողովին վայրը ինքնին աշխարհաքաղաքական մակարդակով քարիւղի կարեւորագոյն արտադրամաս է:

Ուքրանիոյ պատերազմէն ետք այդ արտադրամասին կարեւորութիւնը կրկնապատկուած է: Աշխարհաքաղաքական կեդրոններ այլընտրանքային շուկաներու որոնումներու մէջ են:

Ռուսիոյ դէմ պատժամիջոցային քաղաքականութիւն կիրարկողները առաւելագոյնս պիտի բնականոնացնեն ուժանիւթ արտահանող երկիրներուն հետ յարաբերութիւնները: Խնդիրը ո՛չ միայն Ռուսիայէն ուժանիւթային կախեալութենէն դուրս գալն է, այլ նաեւ ռուսական շուկան հարուածելը: Այս տրամաբանութեամբ ալ կ՛ընկալուի Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահի այցելութիւնը Ազրպէյճան: Մանաւանդ երբ նկատենք անոր այցին ընկերակցողին հանգամանքը` Եւրոպական Միութեան ուժանիւթային հարցերով յանձնակատար:

Մինչեւ հոս դիտանկիւնը տարածաշրջանային եւ աշխարհաքաղաքական էր. հիմա փորձենք աշխատցնել հայկական ոսպնեակը:

Գրեթէ միաժամանակ տեղի կ՛ունենան Միացեալ Նահանգներ – Սէուտական Արաբիա եւ Եւրոպական Միութիւն – Պաքու ուժանիւթային նոր գործարքներու նախապատրաստական աշխատանքները, ինչ որ համակարգումի փաստը կ՛ընդգծէ եւ թիրախային նոյնութիւնը:

Պաքուն այժմ Ռուսիան հարուածելու ծրագիրին նպաստելու դիրքին վրայ է: Պաքուն, մանաւանդ Հարաւային Կովկասի մէջ ստեղծուած կացութենէն ետք, ինքնուրոյն չի կրնար երթալ նոր գործարքի: Անպայման անհրաժեշտ է Անգարայի համաձայնութիւնը: Այն Անգարային, որ Մոսկուայի հետ ռազմավարական մերձեցումով նոր գոյավիճակ ստեղծած է Հարաւային Կովկասի մէջ:

Պաքուի ձեռքով Մոսկուային հասցուած հարուածը ուրեմն իր հետեւանքը կրնայ ունենալ ռուս-թրքական համաձայնական գիծին վրայ: Իսկ այդ գիծի ամէնէն զգայուն կէտը Արցախն է: Այդ գիծը կ՛երկարի Նախիջեւանէն մինչեւ Ազրպէյճան եւ կ՛անցնի Սիւնիքէն:

Չի բացառուիր, որ այլընտրանքային շուկայ դառնալու նոր պարանաձգութեան առեւտուր մը ղեկավարուի Անգարայի կողմէ: Անգարան նոր խաղաթուղթ մը ունի իր մրցակից-գործակիցին դէմ` Պաքուէն ակնկալուած դիրքորոշումները հեռակառավարելով:

Ի դէպ, այս խաղաթուղթը միայն Ռուսիոյ նկատմամբ չէ, այլ նաեւ Արեւմուտքին: Անոր ձեռք բերելիք արդիւնքները կրնան վերադառնալ միջինարեւելեան տարածաշրջան թէ՛ Ռուսիայէն եւ թէ՛ Արեւմուտքէն կանաչ լոյս ստանալու պահանջով` Թուրքիոյ սահմանամերձ շրջաններուն մէջ անվտանգութեան գօտիներ ձեւաւորելու ծրագիրը գործարկելու համար:

Ժետտայէն Հարաւային Կովկաս առեւտրական նոր գործարքներու համապատկերն է, որ տեսանելի է:

Previous Post

Ինչո՞ւ լուռ է Սփիւռքը

Next Post

EU efforts insufficient to get through winter without Russian gas: IEA

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.