ՄՈՍԿՈՒԱ․– Ըստ Ռուսիոյ Ազատական ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար Վլատիմիր Ժիրինովսքիի` ժամանակն է «հանդարտեցնելու» Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանը: Քաղաքական գործիչը արձագանգեց Թուրքիոյ ղեկավարին յայտարարութիւններուն, որոնցմով ան աջակցութիւն յայտնեց Ուքրանիոյ եւ անգամ մը եւս Խրիմի Ռուսիոյ վերամիաւորումը անուանեց «բռնակցում»:
Ըստ «Փոլիթոպզոր» կայքին՝ ռուս քաղաքական գործիչը իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ Էրտողան բազմաթիւ տարածքներ բռնագրաւած է, եւ անոնց շարքին նշեց Արցախը:
«Էրտողան դարձեալ կ՛ըսէ, որ մենք բռնակցած ենք Խրիմը: Մենք ալ իրեն կ՛ըսենք, որ ան բռնակցած է Հիւսիսային Կիպրոսը, ան բռնակցած է Լիպիոյ մէկ մասը, բռնակցած է Ղարաբաղը, բռնակցած է Ատրպէյճանը եւ այլն: Թռուցիկ մը հրապարակեցէք, որպէսզի ցոյց տանք Ճենկիզ խանէն մինչեւ Էրտողան երկարող արեւելեան արիւնարբութիւնը, երբ մէկ ձեռքով ծաղիկներ կը նուիրէ, իսկ միւս ձեռքին մէջ դաշոյն է` կեռ, թրքական դաշոյն: Լիպիոյ մէջ մեզ կը խանգարեն, Սուրիոյ մէջ կը խանգարեն, Ատրպէյճանի մէջ կը խանգարեն, հիմա ալ Ուքրանիոյ մէջ կը խանգարեն: Տակաւին կ՛ուզեն նոր զէնքեր ապահովել, որ այդ զէնքով սպաննեն ռուս զինուորները», ըսաւ Ժիրինովսքի: