ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ
Ա՜զգ մը կայ հոն, սեղանիս վրայ ազգ մը հին,
Որ այսօր իր վերաշողշող այգուն մէջ,
Հողի բնատուր մարմնոյն տակ ինձ կը խօսի….
ԴԱՆԻԷԼ ՎԱՐՈՒԺԱՆ
Լեզուն, որ մարդկային ներաշխարհի անմիջական մեկնաբանն է, անզօր կը մնայ արտայայտուելու այն ահաւոր ողբերգութեան, որ վիճակուեցաւ հայ ժողովուրդին: Աղէտ, որ չէ վիճակուած ո’չ մէկ ժողովուրդի:
Եւ ի՞նչպէս կարելի է դիմանալ այդ ծովածաւալ, սիրտ կեղեքող մահուան ճիրաններուն մէջ գալարուող հայրենակիցներու տեսարաններուն առջեւ,տեսնել հազարաւոր մանուկներ, պատանիներ, կանանց եւ տղամարդոց, պառաւներ եւ տարեցներ, ոմանք մահացած, ոմանք կիսամեռ, կմախք դարձած, փռուած գետնի վրայ, լաց ու կոծի կամ օգնութիւն կանչող աղաղակներով:
Հարիւր հազարաւորներ տեղահանուեցան, քշուեցան անապատ՝ Սուրիա, Իրաք, զոհ դառնալով բարբարոսներու գնդակներուն, հիւանդութիւններու եւ սովի…: Ոմանք կեր դարձան գիշատիչ թռչուններու, գազաններու եւ յելուզակներու… փոշիացան անապատի աւազներուն մէջ: Կենդանի մնացողները հիւծուած, ամենաթշուառ պայմաններու եւ աղքատութեան մէջ հողմացրիւ դարձան աշխարհի չորս կողմերը:
Ի՞նչ լեզուով կարելի պիտի ըլլայ ամենադոյզն չափով պատկերաւորել այս անսահման մեծ ողբերգութիւնը, Ցեղասպանութիւնը…
Ի՞նչ լեզուով խօսինք, որպէսզի լսելի դառնայ մեր ցաւը, մեր անյատակ վիշտը, բողոքը անարդարութեան դէմ:
Յանուն արդարութեան, յանուն միլիոնաւոր մեր նահատակներուն, անոնց փոշիացած ոսկորներուն, ձայն կը բարձրացնենք, որ լսելի դառնայ, ուր որ պէտք է՝ Ցեղասպանութեան ճանաչումը, մեր պատմական հայրենի հողերը եւ հատուցում կը պահանջենք:
Այ’ս է յուշատօնի այսօրուան խորհուրդը մեր բոլորին համար: Հաւաքական քայլերով՝ յոյսով, հաւատով եւ սիրով դէպի լուսաւոր ապագայ:
Խունկ եւ աղօթք հայ ժողովուրդի բոլոր նահատակներուն: