Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Ժողովուրդի վստահութիւնը շահած բժիշկը․ Մերուժան Քիրիշեան

January 22, 2021
in Mobile Home, Newsletter, Յօդուածներ
0
Ժողովուրդի վստահութիւնը շահած բժիշկը․ Մերուժան Քիրիշեան

https://hy.armradio.am-Անի Զէյթունցեան

Ժողովուրդի վստահութիւնն ու սէրը ամէնէն մեծ գնահատանքն է ցանկացած բժիշկի համար։ Հանրային Ռատիոյի առցանց մեր հիւրը՝ մարդկային անձնաւորութիւն, իմաստուն բժիշկ,  Հալէպի հայ համայնքի եւ ինչու ոչ նոյնիսկ արաբ ժողովուրդի ամէնէն վստահելի եւ սիրելի բժիշկներէն մին, մասնագիտութեամբ՝ կնկաբոյժ, տոքթ․Մերուժան Քիրիշեանն է։

Քանի մը տարի առաջ, երբ Տոքթոր Քիրիշեան  հայրենիք կը վերադառնայ , ան սիրայօժար կ՛ընդունի աշխատիլ ՀԲԸ միութեան՝ պատկան «Քլոտիա Նազարեան» բժշկական կեդրոնին մէջ, որպէս կնկաբոյժ, կնախտաբան ։ Ան կը միանայ կամաւորական խմբակի այլ մասնագէտ  բժիշկներուն  ծառայելու ազգի զաւակներուն, որոնք տեղափոխուած են հայրենիք։ «Ժողովուրդը տակաւին վարժուած չէր բոլիքլինիքային պայմնաններուն, բայց ետքը իրենք ալ վարժուեցան եւ մենք ալ դարձանք աւելի հմուտ։ Սուրիահայերու վիճակը բաւական լուրջ էր, մարդիկ աշխատանք չունէին եւ կ՛ապրէին օգնութիւններով»,-ըսաւ տոքթ․ Քիրիշեան։

«Քլոտիա Նազարեան» կեդրոնի մասնագէտները  օգտակար կ՛ըլլան հիւանդներուն,  թէ ախտաճանաչման, թէ միջամտութիւններու առումով։ Կեդրոնը կը գործակցի Իզմիրլեան հիւանդանոցին հետ ։ Իսկ Էջմիածինն ալ  կ՛օգնէ փակելով գումարի 45 տոկոսը  ։ Նաեւ կան այլ բարեգործական հաստատութիւններ , որոնք նոյնպէս կ՛օժանդակեն մեր հիւանդներու բժշկական կարիքներուն։

Համավարակի պայմաններուն շրջան մը փակ էր կեդրոնը իսկ հիմա ժամադրութեամբ կը գործէ , օգնութինները նոյն ձեւով կը շարունակուին,-յայտնեց բժիշկը։

Խօսելով Սուրիոյ եւ Հայաստանի բժշկական ասպարէզի տարբերութիւներու մասին , ան աւելցուց , որ Հայաստանի մէջ մանկաբարձը միայն մանկաբարձութիւն կ՛ընէ, կնախտաբանը նոյնպէս իր նեղ մասնագիտութեամբ , այստեղ մասնագիտութիւնները աւելի նեղ եւ որակեալ են ,մինչդեռ այնտեղ Սուրիոյ մէջ, բոլորը մէկ բժիշկ կ՛ընէր ։

«Քլոտիա Նազարեան» բժշկական կեդրոնի գրեթէ բոլոր բժիշկները սուրիահայեր են , որոնք պատերազմի պատճառով տեղափոխուած են հայրենիք ։ Անոնք սիրայօժար եւ լայն սիրտով կը շարունակեն իրենց առաքելութիւնը ծառայելով հայ համայնքին։

Նուիրեալ մեր հիւրը՝ բժիշկ Մերուժան  Քիրիշեան իր 80 ամեակը բոլորեց հայրենիքի մէջ։ Ուժ եւ կորով մեր յարգելի ու սիրուած բժիշկին։

 

Previous Post

ԱՅՍ ԲԱՆԵՐԸ ԱՄԵՆ ՏԵՂ, ԱՄԵՆ ԺԱՄԱՆԱԿ ԱՅՍՊԷՍ Կ՛ԸԼԼԱՆ ԵՂԵՐ

Next Post

Թալիշների աշխարհաքաղաքական  հետազօտութիւնների  կենտրոնի (TGHC) հաղորդագութիւնը Արցախեան (Ղարաբաղի) պատերազմի ձեռքբերումների ֆոնին

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.