Երէկ` երեքշաբթի, 1 յունիսին Հայաստանի առողջապահութեան նախարարութիւնը, արձագանգելով 31 մայիս 2021-ին հրապարակուած Աբովեանի թոքախտաւորներու հիւանդանոցի դիահերձարանի լուսանկարներուն (նկուղի մը մէջ գետինը նետուած հարիւրաւոր նահատակ զինուորներու մարմիններ եւ մասունքներ), հաստատեց, որ լուսանկարները Աբովեանի դիահերձարանէն են` միաժամանակ պնդելով, թէ այդ պայմանները կը բաւարարեն դիակներու պահման պահանջները:
Աւելի ուշ առողջապահութեան նախարարութենէն յայտնեցին, որ ունին նահատակ զինուորներու 50 մասունք, որոնք քանի մը անգամ ենթարկուած են փորձաքննութեան, բայց կարելի չէ եղած «Տի.Էն.Էյ.»-ը անջատել: Մնացած բոլոր դիակները փորձաքննուած են, որոնց մէկ մասը` ներկայ դրութեամբ 149-ը, ծնողներու տուեալներուն հետ չեն համընկնած:
Առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատարը ներողութիւն խնդրեց զոհերուն հարազատներէն` նշելով. «Բացթողումս եղած է, որ որոշակի տեղափոխութիւններէ ետք անգամ մը եւս անձամբ չեմ այցելած եւ պահպանման մանրամասնութիւնները ստուգած»:
Երէկ վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան պատասխանատու գերատեսչութիւններուն յանձնարարեց ծառայողական քննութիւն կատարել այս հարցով:
Քննչական կոմիտէն հարցին վերաբերեալ նիւթեր սկսած է նախապատրաստել` չբացառելով, որ քրէական հետաքննութեան կարելիութիւնը:
Յայտնենք, որ դիահերձարանին մէջ յայտնուած զինուորներու աճիւններուն եւ մասունքներուն լուսանկարները խոր ընդվզում յառաջուցին ժողովուրդին մէջ: