Երէկ առաւօտեան նախագահական պալատին մէջ սկսան վարչապետի նշանակման երեսփոխանական պարտադիր խորհրդակցութիւնները, որոնց վերջնական պատկերը եղաւ հետեւեալը. Հասսան Տիապ` 69, ոչ ոք` 43, Նաուաֆ Սալամ` 14 եւ Հալիմա Քաաքուր` 1:
Խորհրդակցութիւններէն ետք հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն հանդիպում մը ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ, որուն ներկայացուց վարչապետի նշանակման պարտադիր խորհրդակցութիւններուն արդիւնքները:
Հանրապետութեան նախագահութեան ընդհանուր տնօրէն Անթուան Շքէյր խորհրդակցութիւններու աւարտէն ետք յայտարարեց, որ նախագահ Աուն դոկտ. Հասսան Տիապը կը հրաւիրէ նախագահական պալատ` վարչապետի պաշտօնը ստանձնելու համար:
Նոր նշանակուած վարչապետ դոկտ. Հասսան Տիապ մեկնեցաւ նախագահական պալատ` տեղեկանալու համար իր նշանակումին որոշումը:
Նոր նշանակուած վարչապետ դոկտ. Հասսան Տիապ նախագահ Աունի հետ հանդիպումէն ետք յայտնեց, որ ինք նախագահէն տեղեկացած է երեսփոխանական պարտադիր խորհրդակցութիւններուն արդիւնքներուն եւ իբրեւ նոր վարչապետ իր նշանակումին մասին: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց հանրապետութեան նախագահին եւ երեսփոխաններուն իրեն շնորհուած վստահութեան համար: Ան ընդգծեց, որ նախագահին հետ միասին եւ հիմնուելով Սահմանադրութեան վրայ, պիտի աշխատի, որպէսզի նոր կառավարութիւնը ըլլայ լիբանանցիներուն ակնկալիքներուն համապատասխանող եւ շօշափէ անոնց յուզող խնդիրները, իրականացնէ անոնց պահանջները, ապագային հանդէպ վստահութիւն ներշնչէ եւ երկիրը տեղափոխէ անհաւասարակշռութեան վիճակէն դէպի կայունութեան վիճակ` բարեկարգումներու իսկական ծրագիրի մը միջոցով, որ շուտով պէտք է բռնէ գործադրութեան ճամբան:
Տիապ աւելցուց, որ ինք պիտի աշխատի կառավարութիւնը կազմել կարելի եղածին չափ արագ` խորհրդակցելով նախկին վարչապետներուն, երեսփոխանական պլոքներուն եւ մնացեալ երեսփոխաններուն հետ: Ան նշեց, որ պիտի ընդլայնէ իր խորհրդակցութիւններուն ծիրը եւ անոնց մէջ ներառէ քաղաքական ուժեր ու կուսակցութիւններ, ինչպէս նաեւ ժողովրդային շարժումը: Ան յայտնեց, որ պիտի լսէ բոլորին կարծիքները, որպէսզի կարելի ըլլայ կազմել արդիւնաւէտ կառավարութիւն` հիմնուած ժողովրդային պահանջներուն վրայ:
Նոր նշանակուած վարչապետը զգայուն նկատեց ներկայ փուլը` նշելով, որ իւրայատուկ ճիգեր կը պահանջուին բոլոր քաղաքական ուժերէն` կառավարութենէն ներս եւ դուրս, որպէսզի կարելի ըլլայ յաղթահարել ազգային տագնապը: Ան շեշտեց, որ պահանջուածը ազգային միասնականութիւնն է, որ երկիրը կ՛ամրապնդէ եւ կը խթանէ փրկարարական ծրագիրը, որ պէտք է առաջնահերթութիւն ըլլայ բոլորին հաշիւներուն մէջ: Ան աւելցուց, որ պէտք է վերականգնել ժողովուրդին վստահութիւնը իր երկրին նկատմամբ` այդ ժողովուրդին ներշնչելով վստահութիւն խոստմնալից ապագայի մը համար:
Տիապ նշեց, որ ինք` իբրեւ անկախ վարչապետ, կը դիմէ անկեղծութեամբ եւ թափանցիկութեամբ իր ցաւը եւ բարկութիւնը արտայայտած ժողովուրդին` վստահեցնելով, որ ժողովրդային այդ շարժումը Լիբանանի քաղաքական կեանքը վերաձեւակերպեց: Տիապ ժողովուրդը անուանեց իշխանութիւններու աղբիւրը` գործով եւ խօսքով: Ան բացատրեց, որ 64 օր շարունակ ան մտիկ ըրած է ժողովուրդի ցաւերը եւ ներկայ կացութեան ու յատկապէս փտածութեան վատթարացման դէմ արտայայտուած բարկութիւնը: Տիապ յայտնեց, որ ինք կը զգար, որ ժողովրդային ապստամբութիւնը զինք կը ներկայացնէ, ինչպէս նաեւ կը ներկայացնէ բոլոր անոնք, որոնք կ՛ուզեն իսկական պետութիւն մը հիմնել Լիբանանի մէջ, պետութիւն մը, որ հիմնուած է արդարութեան եւ օրէնքի հիման վրայ, որուն բոլորը կ՛ենթարկուին:
Ան դիտել տուաւ, որ ժողովուրդին ձայները պէտք է մնան իբրեւ ահազանգ, որ լիբանանցիները չեն արտօներ այլեւս վերադառնալ 17 հոկտեմբերէն առաջ գոյութիւն ունեցող կացութեան: Ան նաեւ ընդգծեց, որ պետութիւնը ժողովուրդին կը պատկանի, եւ ապագայի կերտումը տեղի կ՛ունենայ միայն ժողովրդային պահանջներով:
«Մեր բոլոր ջանքերը պէտք է կեդրոնանան փլուզումը կասեցնելու, ժողովուրդին վստահութիւնը վերականգնելու, ինչպէս նաեւ ազգային միասնութիւնը պահպանելու վրայ` լիբանանցի ժողովուրդի բոլոր շերտերուն միջեւ մերձեցման կամուրջներ հաստատելով եւ պաշտպանելով մեր հողն ու մեր ազգային հարստութիւնը: Հանրային ազատութիւններուն կառչիլը ապահովութեան երաշխիք է փրկութեան աշխատանքը պաշտպանելու համար: Այն իշխանութիւնը, որ չի դիմեր ժողովուրդին, իրականութենէն անջատուած իշխանութիւն է, որ կ՛ապրի փղոսկրեայ աշտարակի մէջ եւ չի կրնար երկիրը պահպանել: Այստեղէն ես կոչ կ՛ուղղեմ բոլոր հրապարակներուն եւ շրջաններուն մէջ գտնուող լիբանանցիներուն, որ գործընկերներ ըլլան փրկութեան աշխատանքը սկսելու համար», ընդգծեց Տիապ:
Տիապ անհրաժեշտութիւն նկատեց քաղաքական եւ ապահովական կայունութիւնը: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց լիբանանեան բանակին, ներքին ապահովութեան ուժերուն եւ բոլոր զինուորական ու ապահովական մարմիններուն` կայունութեան պահպանման ուղղուած անոնց ջանքերուն համար: Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց լրատուամիջոցներուն եւ կոչ ուղղեց, որ անոնք եւս մասնակից դառնան փրկութեան հոլովոյթին:
Իր խօսքէն ետք նոր նշանակուած վարչապետը վերադարձաւ Թալլեթ Խայեաթի իր բնակարանը, ուր Ներքին ապահովութեան ուժերը եւ բանակը ապահովական խիստ միջոցառումներ որդեգրած էին: Այնտեղ հաւաքուած էին տասնեակ մը մարդիկ:
Պատասխանելով լրագրողներուն` Տիապ յայտնեց, որ անոնք, որոնք դէմ են իր նշանակումին, իրաւունք ունին իրենց կարծիքը յայտնելու, յատկապէս որ անոնք 60 օրէ ի վեր կը գտնուին փողոցը` մերժելով տիրող կենցաղային վատ պայմանները:
Ան շեշտեց, որ իր կառավարութիւնը երբեք պիտի չըլլայ առճակատման կառավարութիւն:
Առտուան ժամերէն եւ նախապէս ճշդուած ժամանակացոյցով, երեսփոխանական պլոքները ներկայացան նախագահական պալատ` մասնակցելու վարչապետի նշանակման երեսփոխանական պարտադիր խորհրդակցութիւններուն:
Առաւօտեան ժամը 10:30-ին, հրաժարեալ վարչապետ Սաատ Հարիրի այցելեց նախագահական պալատ եւ տեսակցեցաւ նախագահ Աունի հետ: Հանդիպումէն ետք Հարիրի բաւարարուեցաւ յաջողութիւն մաղթելով բոլորին:
Ապա, նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթի հանդիպում ունեցաւ նախագահ Աունին հետ: Հանդիպումէն ետք Միքաթի յայտնեց, որ ինք ոչ ոքի անունը առաջադրած է: Ան բացատրեց, որ իրենք` իբրեւ Անկախ կեդրոնի պլոք, դրած էին չափանիշներ նոր վարչապետին համար, որ պիտի կատարէր դժուար առաքելութիւնը, սակայն չեն յաջողած գտնել անձ մը, որ ունի այդ յատկանիշները: Ան յարգանք ցուցաբերելով բոլոր անձերուն հանդէպ` նշեց, որ այս փուլը կը կարօտի իւրայատուկ անձի եւ իւրայատուկ աշխատանքային խմբակի: Ան նշեց, որ չ՛ուզեր լիբանանցիները յուսախաբ ընել, բայց կը կասկածի, որ առաջադրուած անուններէն մէկը կրնայ այս փուլը ղեկավարել: Ան յիշեցուց, որ Սաատ Հարիրի պահանջած էր խորհրդակցութիւնները յետաձգել, որովհետեւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը մերժած էին իր անունը առաջադրել: Ան աւելցուց, որ ատիկա կը նշանակէ, որ իրենք գոհ չեն այս առաջադրումէն, որ երկինքէն իջաւ: Միքաթի շեշտեց, որ եթէ նշանակումը միայն մէկ գոյնէ կու գայ, ապա կառավարութիւնը միագոյն պիտի ըլլայ: Ան սխալ նկատեց իր կառավարութեան կազմութեան եւ ներկայիս կառավարութեան կազմութեան պայմաններուն բաղդատումը` նշելով, որ հիմա կացութիւնը շատ աւելի բարդ է:
Նախկին վարչապետ Թամմամ Սալամ իր կարգին հանդիպում ունեցաւ նախագահ Աունի հետ: Ան նոյնպէս չառաջադրեց ոեւէ թեկնածուի անուն` յայտնելով, որ իմաստ չունի որեւէ անուն առաջադրելը` նախանցեալ օր պարզուած կազմակերպուած բեմադրութենէն ետք:
Խորհրդարանի փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի իր կարգին առաջադրեց Հասսան Տիապի անունը: Ան նշեց, որ ինք կը փափաքէր, որ Սաատ Հարիրիի ըլլայ վարչապետը, բայց, ըստ անոր, տրուած ըլլալով կառավարութեան կազմութեան եւ կացութիւնը փրկելու անհրաժեշտութիւնը, որոշած է առաջադրել Տիապի անունը:
Երեսփոխան Սամիր Ժսըր Մուսթաքպալ հոսանքի պլոքին անունով յայտարարեց, որ պլոքը ոչ մէկուն անունը պիտի առաջադրէ, որովհետեւ իրենք մասնագէտներէ բաղկացած կառավարութեան կազմութիւն կը պահանջէին:
Նախագահ Աունի հետ հանդիպումէն ետք, Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքին անունով խօսք առաւ երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ, որ առաջադրեց Հասսան Տիապի անունը: Պլոքը յոյս յայտնեց, որ Տիապ յաջողի իր ազգային պարտականութեան մէջ, եթէ վարչապետ նշանակուի:
Ազգային համախմբում պլոքը, տեսակցելէ ետք նախագահ Աունի հետ, կատարեց յայտարարութիւն մը: Երեսփոխան Ֆարիտ Հայքալ Խազին յայտնեց, որ պլոքը կ՛ուզէր, որ Սաատ Հարիրին գլխաւորէ կառավարութիւնը, սակայն անոր քաշուելէն ետք, պլոքը համոզում յայտնեց, որ երկիրը չի կրնար շարունակել առանց կառավարութեան այս դժուար պայմաններուն մէջ, հետեւաբար որոշեց ընտրել անաչառ եւ մասնագէտ անձնաւորութիւն մը` Հասսան Տիապը:
Ժողովրդավարական հանդիպում երեսփոխանական պլոքին անունով խօսք առաւ երեսփոխան Թէյմուր Ժոմպլաթ, որ առաջադրեց Նաուաֆ Սալամի անունը: Ան յաջողութիւն մաղթեց այն անձին որ պիտի ստանձնէ այդ պարտականութիւնը:
Անկախ կեդրոնի պլոքին անունով երեսփոխան Ժան Օպէյտ յայտարարեց, որ իրենք անուն պիտի չառաջադրեն: Ան նշեց, որ Միքաթի արդէն իսկ յայտարարած է այս դիրքորոշման մասին` նշելով, որ կարեւորը մարդիկը հաւաքելն է, այլ ոչ թէ բաժնելը:
Ղովմի կուսակցութեան երեսփոխանական պլոքին անունով խօսք առաւ երեսփոխան Ասաատ Հարտան, որ յայտարարեց, որ պլոքը առաջադրած է Հասսան Տիապի անունը` անոր մաղթելով յաջողութիւն նոր կառավարութեան կազմութեան մէջ: Ըստ անոր, պլոքը քաղաքացիական խաղաղութիւնն ու ազգային միասնականութիւնը ամրապնդելու ջատագովն է, եւ կոչ կ՛ուղղէ քաղաքական ուժերուն մեղմացնելու իրենց լարուած կեցուածքները:
Փաղանգաւոր կուսակցութեան երեսփոխանական պլոքին անունով երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ յայտարարեց, որ իրենք առաջադրած են Նաուաֆ Սալամի անունը: Ան աւելցուց, որ ժողովուրդը կը ձգտի չէզոք կառավարութեան եւ վարչապետի, որ մեզ կը տեղափոխէ նոր փուլ: Ըստ անոր, իրենք կառչած մնացած են այդ պահանջին: Ան նաեւ նախազգուշացուց քաղաքական դասաւորումի տրամաբանութեան վերադառնալէն: Ժեմայէլ օգտակար չնկատեց ոչ ոք առաջադրելը: Ան նշեց, որ պահանջուածը չէզոք անձնաւորութիւն է, որ ըլլայ ունակ ղեկավարելու երկիրը եւ զայն դուրս բերելու այս կացութենէն:
Դադարէ մը ետք շարունակուեցան վարչապետի նշանակման պարտադիր խորհրդակցութիւնները:
Խորհրդակցական հանդիպում պլոքին անունով երեսփոխան Ֆայսալ Քարամէ յայտարարեց, որ պլոքը կ՛առաջադրէ Հասսան Տիապի անունը:
Հզօր հանրապետութիւն համախմբումը անուն չառաջադրեց: Երեսփոխան Ժորժ Ատուան յայտարարեց, որ 60 օր ետք, տակաւին ոմանք կը փնտռեն ձեւեր աթոռները բաժնեկցելու համար: Ան նշեց, որ եթէ չփոխուին մտայնութիւնը եւ իրականութեան հետ վերաբերելու ձեւը, ապա կարելի պիտի չըլլայ յառաջանալ, եւ երկիրը աւելի պիտի ընկղմի կործանումին մէջ:
Ազգային երկխօսութիւն կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Ֆուատ Մախզումի ոչ ոքի անունը առաջադրեց:
Երեսփոխան Էտի Տէմիրճեան իր հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ յայտնեց, որ ընդառաջելով Զահլէի բնակիչներու փափաքին եւ հաշուի առնելով սահմանադրութեան եւ Ազգային ուխտի խախտումները, պիտի չմասնակցի խորհրդակցութիւններուն:
Երեսփոխան Ժամիլ Սէյիտ առաջադրեց Հասսան Տիապի անունը` նշելով, որ ան ակադեմական է, մասնագէտ եւ կը գտնուի կառավարութեան աւանդական վարչապետներու շրջանակէն դուրս: Ան նշեց, որ անուն առաջադրելը եւ վստահութիւնը տարբեր բաներ են, յատկապէս եթէ կառավարութեան կազմութիւնը չի համապատասխաներ ժողովուրդի պահանջներուն:
Երեսփոխան Փոլեթ Եագուպեան նախագահին հետ հանդիպելէ ետք յայտնեց, որ ինք մէկուկէս տարի առաջ եկած է նախագահական պալատ եւ պահանջած է սեղմ կառավարութեան կազմութիւն: Ան աւելցուց, որ այսօր իր եւ փողոցը գտնուող շատերուն տպաւորութիւնը այն է, որ տարիներու նոյն մօտեցումը կը շարունակուի: Ան առաջադրեց դոկտ. Հալիմա Քաաքուրի անունը:
Երեսփոխան Շամել Ռուքոզ ոչ ոքի անունը առաջադրեց:
Նասըրական ժողովրդային շարժումի նախագահ Ուսամա Սաատ նոյնպէս ոչ ոքի անունը առաջադրեց:
Երեսփոխան Նուհատ Մաշնուք յայտարարեց, որ հաստատելով ժողովրդային շարժումին դիրքորոշումը եւ անոր իրաւունքը` հիմնական գործընկեր դառնալու կառավարութեան կազմութեան, ան առաջադրեց Նաուաֆ Սալամի անունը:
Երեսփոխան Նաամաթ Աֆրամ ոչ ոքի անունը առաջադրեց:
Հանրապետութեան նախագահը ընդունեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին, որ կը գլխաւորէր Բարգաւաճում եւ ազատագրում երեսփոխանական պլոքը: Երեսփոխան Իպրահիմ Ազար պլոքին անունով առաջադրեց Հասսան Տիապի անունը:
Հզօր Լիբանան համախմբումը` գլխաւորութեամբ արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ժըպրան Պասիլի, առաջադրեց Հասսան Տիապի անունը:
Լեռնալիբանանի երաշխիք պլոքի երեսփոխան Թալալ Արսլան պլոքին անունով առաջադրեց Հասսան Տիապի անունը:
Անկախութեան շարժումի նախագահ, երեսփոխան Միշել Մուաուատ առաջադրեց Նաուաֆ Սալամի անունը:
Հասսան Տիապի Նշանակումը Ժողովրդային Շարժումին Մօտ Կը Յառաջացնէ Բողոքի Ալիք
Վարչապետի նշանակումէն անմիջապէս ետք Ժողովրդային շարժումին մաս կազմող ցուցարարները ուղղուեցան վարչապետին բնակարանը` Թալլեթ Խայեաթ, ուր անոնք կազմակերպեցին բողոքի ցոյց մը` մերժելով անոր նշանակումը:
Ցուցարարները նոր նշանակուած վարչապետը որակեցին փտած եւ մեղսակից լիբանանեան իշխանութեան նախորդ քաղաքական դասին, որ փտածութեամբ մեղադրուած է:
Ցուցարարներուն թիւը արագ կերպով բարձրացաւ, եւ բազմութիւնները սկսան լեցնել Նըժմէի հրապարակին մերձակայքը, Նահատակաց հրապարակը, Սայտայի էլիաս հրապարակը, ինչպէս նաեւ Սուրի եւ Նապաթիէի հրապարակները:
Միւս կողմէ, ցուցարարները հրկիզուող անիւներով եւ փողոցներուն մէջ զետեղուած հսկայ աղբամաններով փակեցին Մարժի, Ապտէի, Խալտէի, Հըրրիի եւ Նաամէի մայրուղիները, ինչպէս նաեւ Մարզական աւանի ճամբան, Քասքասի, Վերտանի, Ժալ Էլ Տիպի, Այշա Պաքքար-Սանայեհ-Քոլա եւ Քորնիշ Մազրահա-Ապտել Նասեր մզկիթի, Քանթարիի, Համրայի եւ Ռաուշէի ճամբաները:
Հրաժարեալ վարչապետ Սաատ Հարիրի կոչ ուղղեց իր հետեւորդներուն չընդառաջելու ճամբաները փակելու կոչերուն: «Լիբանանի դիմագրաւած տագնապը վտանգաւոր է, եւ կարելի չէ երկրին ապահովական կայունութիւնը խախտել», ըսաւ ան:
Թրիփոլիի մէջ ցուցարարները երեսփոխան Ֆայսալ Քարամէի Թրիփոլիի բնակարանին դիմաց բողոքեցին այն իրականութեան դէմ, որ ան առաջադրած է Հասսան Տիապի թեկնածութիւնը:
Երեկոյեան ժամը 9:00-ին ցուցարարները փակեցին Փալմայի մայրուղիէն դէպի Թրիփոլի տանող մուտքերը, իսկ Քըպպէի մէջ լսուեցան կրակոցներ: