Նուարդ Մատոյեան- Տարագճեան
Ի՞նչու այսօր թշնամին յարձակումներ կը գործադրէ հայ
պատմագրութեան դէմ։
Ի՞նչու այսօր կ’ոտնահարուին մեր սրբութիւնները։
Ի՞նչու կ’ոտնահարուին հայոց իրաւունքները, միջազգային
օրէնքներու խախտումով, թշնամիին թոյլ տալով հասնելու մինչեւ
Սիւնիքի բարձունքները։
Մ՞իթէ հիմնական պատճառը այն չէ, որ թշնամին յետպատերազմեան
ներքին իրավիճակը օգտագործեց տիրանալու հայկական
տարածքներու։
Ի սէր Աստուծոյ , վերջ տուէք ազգակործան, թշնամական արարքներուն,
թող ժամանակը պատասխանատուութեան ենթարկէ
մեղաւորները։ Նոր պատասխանատու մը Մովսէսի գաւազանով պիտի
յաղթահարէ տասնամեակներու ընթացքին ձեւակերպուած այս ծրագիրը։
Եթէ ոչ, այս ուղղութեամբ մեր համակարգուած պայքարը , մեզ պէտք է
մղէ համախմբելու մեր ոյժերը, մեր բոլորին համահաւաք
ջանքերով, դիմագրաւելու այս մարտահրաւէրները։
Հայրենիքի սիրոյն պահ մը մէկ կողմ դնել մեր
տարակարծութիւնները։
Թոյլ չտանք, որ դաւադիր ոյժեր իրականացնեն իրենց նպատակները։
Պետական մտածողութեամբ շարժելու հրամայական պահանջը մեզ
պէտք է մղէ հաւաքական կամքով “Ո’չ” ըսելու Հայրենիքի
կայունութեան սպառնացող սադրիչ քայլերուն։
Գործել ազգային բարձր գիտակցութեամբ, որպէսզի
կարենանք նոր ոյժականութեամբ կերտել հայ
ժողովուրդի ապագան։
Լրջախոհութեան Պահն է…։