ԵՐԱՆ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ
Ի՞նչ ամանոր, երբ սգաւոր
սիրտս կու լայ
Հազարաւոր զոհուածներուն
մեր դեռ մատղաշ,
Անյայտ կորած, գերեվարուած
կամ հաշմանդամ
Զինուորներուն մեր քաջազուն,
արեգնավառ…
Ամէն մէկը՝ մի տան ճրագ,
Ամէն մէկը՝ խոստում վաղուան,
Ամէն մէկը՝ մի նոր Հայկակ,
Մեր գալիքին նոր արեգակ…
Ի՞նչ ամանոր, այլ մղձաւանջ,
Որմէ արդեօք պիտ’ արթննա՞նք
Սիրտով արի, կամքով հզօր,
Կերտենք վաղուան օրը նորոգ…
Պիտ’թօթափենք ծանր բեռը
խոցուած պատուին,
Պիտի լեցուինք նոր յոյսերով
վառ գալիքին,
Պիտ’ հաւատանք դեռ ծագելիք
արշալոյսին,
Նոր ոյժ քաղենք պատմութենէն
Վահագնածին…
Ու այս անգամ՝ խրատուած մեր բիւր
սխալներէն,
Պիտ’կառուցենք հզօր երկիր
Արարչահեւ,
Թէ կարենանք մեր սուրբ հողին
սէր շաղախել,
Թէ կարենանք ձեռք-ձեռքի տալ,
հրաշք արարել: