Գրեց՝ ՄՈՎՍԷՍ ԾԻՐԱՆԻ
Այնքան ալ դիւրին չէ պատասխանել այս հացադրումներուն: Նոյնի՛սկ իրենք՝ արուեստագէտները, թէեւ կը ստեղծագործեն ներշնչման ազդեցութեան տակ, սակայն միշտ չէ որ կը հաւատան անոր գոյութեան ու լրջօրէն կը փորձեն բացատրել ու մեկնաբանել զայն: Այս առումով երբ հարց կը տրուի Էդմոնդ Քիրազին, ան կը պատասխանէ.
– Ներշնչում չկայ: Երբ որ ուզեմ կը նկարեմ։
Երբ նոյն հարցը կը տրուի Ժանսեմին, ան ալ իր հերթին ամենայն պարզութեամբ կ’ըսէ.
– Ինծի համար (ներշնչումը) կտաւ մը նկարելու փափաքն է, ցանկութիւնը։
Փաստօրէն Քիրազ չի հաւատար ներշնչման, իսկ Ժանսեմ՝ կը կասկածի: Ինչ կը վերաբերի ներշնչման հաւատացողներուն, անոնք շա՜տ շա՜տ են: Այս պարագային յիշենք միայն Վան Կոկը, որ իր վրձնակիցներուն կը թելադրէ. «Մի խեղդէք ձեր ներշնչումն ու երեւակայութիւնը: Գերին մի դառնաք ձեր բնորդներուն»։
Կը թուի թէ Քիրազի նմանները մշտական ներշնչման մէջ կը գտնուին անգիտակցաբար, Ժանսեմի նմանները թէեւ կը կասկածին, բայց եւ այնպէս կը սպասեն երփնագրելու ցանկութեան՝ գիտակցաբար: Իսկ Վան Կոկի նմանները ոչ միայն կը հաւատան, այլեւ կը յանձնուին ենթագիտակիցի մղումներուն՝ տարերայնօրէն: Թէ ինչպէ՞ս կը գործէ ներշնչումը ու ի՞նչ չափով կ՚ազդէ ստեղծագործողին վրայ, այնքան ալ յստակ չէ, որովհետեւ նախ՝ ինքը վերացական հասկացողութիւն է եւ ապա անոր «միջամտութիւնը» թէ՛ անուղղակի է, թէ՛ յարաբերական, թէ՛ ալ ոգեղէն:
Գրեթէ բոլոր կերպարուեստագէտները կը պատկանին յիշեալ տեսակներէն մէկն ու մէկուն: Բացառութիւններ կան անշուշտ, որոնք սակայն առանձինն քննարկման կը կարօտին:
Երբ համաճարակը նոր աշխուժացած էր ու տագնապ ստեղծած ամէնուրեք, իմ ճանչցած արուեստագէտները, անոնց որոնց հետ կրցած էի կապ հաստատել, բաժնուած էին երկու խումբերու՝ ստեղծագործողներու եւ չստեղծագործողներու: Այսօր երբ նոյն արուեստագէտներուն, նոյն հարցը կու տամ, կը պարզուի, թէ անոնք որոնք կը կարծէին թէ պէտք չունին ներշնչման՝ նոյն թափով կը շարունակեն ստեղծագործել, իսկ միւսներէն շա՜տ շատեր, անոնք որոնք պէտքը կը զգային ներշնչման, կարծես թէ «ընտելացած» են արդէն համաճարակին հետ ու սկսած են ստեղծագործել, ոմանք՝ բեղուն, ուրիշներ՝ համեմատաբար նուազ: Ինչպէս՝ Գեղամ Թազեան, Էդիկ Բերդեան, Մկրտիչ Մազմանեան, Ռոպերթ Էլիբեկեան, Արա Ազատ, Սուրէն Ոսկանեան, Դաւիթ Դաւթեան, եւ այլն:
Փորձենք քանի մը տողով ներկայացնել զանոնք:
Գեղամ Թազեան
Լեռնցիի պինդ խառնուածքի տէր այս կերպարուեստագէտը, հակառակ անոր որ կ՚ապրի ու կը ստեղծագործէ օտար ափերու վրայ (Տիթրոյիթ, ԱՄՆ) եւ հակառակ անոր որ բազմաժանր, բազմաբովանդակ ու բազմաոճ քանդակագործ ու գեղանակարիչ մըն է Գ. Թազեան, անոր ինքնատպութիւնն ու գեղագիտական ուժգնութիւնը առաջին հերթին պայմանաւորուած են Հայ ազգային մշակութային աւանդներով ու ընդոծին հայկականութեամբ: Իսկ հակառակ անոր որ իր ստեղծագործական սնունդի գլխաւոր աղբիւրներէն մէկը կը հանդիսանայ հայկական մանրանկարչութիւնը, անոր ներկապնակը զուսպ է, որովհետեւ իր մօտ գիծի ու լուսաստուերի զգացողութիւնն ու անոր ուժեղ դրսեւորումը այնքան անմիջական են ու արտայայտիչ, որ իր արուեստին մէջ գոյնի բացակայութիւնը գրեթէ չի զգացուիր: Ան ոչ միայն ամերիկեան կերպարուեստի կարկառուն դէմքերէն կը համարուի ու մեծապէս կը գնահատուի իբրեւ մանկավարժ, այլ նաեւ արժանացած է շարք մը համապատասխան մրցանակներու եւ շքանշաններու: Բայց եւ այնպէս, անոր արուեստը այնքան խոր է եւ բազմաբնոյթ, որ տակաւին ո՛չ ուսումնասիրուած է ըստ արժանւոյն եւ ո՛չ ալ գնահատուած համամարդկային լայն շրջագիծի մէջ:
Էդիկ Բերդեան
Հոգեմտաւոր տագնապներէն ու ֆիզիքական տանջանքներէն ջրդեղուած անոր վրձնահարուածները թաթաւուն են ամիջական, բուխ ու ողջմիտ կենսասիրութեամբ, որովհետեւ խորհրդային շրջանին, իր ծնողներուն հանդէպ կիրարկուած անմարդկային վերաբերումներն ու իր կրած հոգեմտաւոր տանջանքները՝ չարացնելու փոխարէն տոգորած են զինք մարդասիրութեամբ ու Սասունցի Դաւիթի ներողամտումեամբ ու բարութեամբ: Ի զուր չէ որ ան կ՚ըսէ. «Նոյնիսկ երբ ոճրագործներ կամ պոռնիկներ կը պատկերեմ, անոնց մէջ միշտ մարդկայինը կը փնտռեմ»։ Կայ աւելին. ան «մարդկայինը» կ՚որոնէ ու կը դրսեւորէ, նո՛յնիսկ երբ կենդանիներ կը պատկերէ: Ինքզինք հաստատած այս արուեստագէտը, հակառակ անոր որ արուեստի վարկ ունեցող բազմաթիւ ոստաններու մէջ ցուցադրուած, ջերմօրէն ընդունուած ու գնահատուած է եւ հակառակ անոր որ առողջական լուրջ խնդիրներ կը դիմագրաւէ, ոչ փառքի եւ ոչ ալ նիւթականի ետեւէն վազող մըն է, այլ հետամուտ է «յամառօրէն» շարունակելու իր ստեղծագործական կեանքն ու անընդհատ բիւրեղացնելու իր արուեստը:
ՄԿրտիչ Մազմանեան
Ինչպէս որ դիմանկարը փորձաքարը կը համարուի գեղանկարիչին, այնպէս ալ դիմաքանդակը փորձաքարն ու միաժամանակ չափանիշը կրնայ ըլլալ քանդակագործին: Մազմանեան ոչ միայն դիմաքանդակի բացառիկ ու կայացած վարպետներէն է, այլ նաեւ (յատկապէս օտարներու կողմէ) գնահատուած ու փնտռուած է հաւասարապէս՝ թէ կոթողային արուեստի, թէ առանձին համադրումներու եւ թէ վերացարկուած բնոյթի գործերու պարագային ու արժանացած՝ շարք մը ազգային ու միջազգային նշանակութիւն ունեցող գնահատանքներու ու մրցանակներու: Ի նկատի ունենալով անոր արուեստի բիւրեղ արտայայտչականութիւնն ու ներազդեցիկ բնոյթը, այս բոլորը պատահական չեն կրնար ըլլալ: Անոր արուեստը կը սկսի իրապաշտութենէն, ու խուսանաւելէ ետք արտայայտչապաշտ ու գերիրապաշտ տարածքներու վրայ, կը հասնի մինչեւ վերացական ու անհեթեթ ոլորտներ, ուր ոչ միայն ի յայտ կու գան ծեփակերտելու անոր ուրոյն հմտութիւնն ու բարձր մակարդակը, այլ նաեւ լուսաստուերային արուեստի անդաստանէն ներս նոր երակ մը բանալու յոյսը կը ներշնչեն մեզի:
Ռոպերթ Էլիբեկեան
Ըլլայ ձեւութային, գունային թէ՛ բովանդակային առումներով, այս արուեստագէտին գործերը գեղագիտական վսեմութիւն ու գեղարուեստական ազնուականութիւն կը բուրեն: Ան շնորհիւ իր վրձնահարուածներու կենսունակութեան, հաղորդական շունչին եւ ուժեղ անհատականութեան, ոչ միայն կը շարունակէ ու քայլ մը առաջ կը տանի Եագուլովի եւ Բաժբէուք Մելիքեանի «թատերական գեղարուեստական նկարչական» աւանդները, այլեւ իր կարգին ստեղծած է այնպիսի ուրոյն, տոկուն ու վայելչագեղ արտայայտչականութեամբ թաթաւուն արուեստ մը, որմէ ներշնչուած ըլլալ կը թուին երիտասարդ ու օժտուած շարք մը գեղանկարիչներ: Երաժշտական բիւրեղացման ձգտող անոր գունազգացողութիւնը քիչերու միայն վերապահուած կրնայ ըլլալ: Ահաւասիկ թէ ինչո՛ւ Ռոպերթ Էլիբեկեանի գործերը, արդէն իսկ կը գնահատուին Հայասատանէն դուրս՝ միջազգային տարածքներու վրայ, սկսեալ Մոսկուայէն ու Թոքիոյէն մինչեւ Գանատաներն ու Ամերիկաները:
Արա Ազատ
Ըլլայ ստեղծագործական գետնի վրայ, թէ՛ կեանքին մէջ, արտակեդրոն ու յախուռն խառնուածքի ու խիստ մարդասիրական սկզբունքներու տէր այս յանձնառու արուեստագէտը յաճախ արձագանգած է ու կը շարունակէ արձագանգել մարդկային յոռի երեւոյթներու, ազգային ու համամարդկային անարդարութիւններու, ինչպէս նաեւ բնական աղէտներուն: Ան միաժամանակ մտայղացքային արուեստի (Conseptual Art) իւրայատուկ դէմք մըն է ու համամարդկային բովանդակութիւն ու տարողութիւն ունեցող իր իրագործած զետեղումներն (Installation) ու պատահարները (Happening) գրաւականն են իր տաղանդին: Արա Ազատ վերացականութեան հակամէտ ուրոյն արտայայտչապաշտ մըն է, «կատաղի» յանձնառու ստեղծագործող մը, որուն արուեստը խորութեամբ ըմբռնելու ու լաւապէս ըմբոշխնել կարենալու համար, հարկ է արուեստասէրի որոշ «կեդրոնացում»:
Սուրէն Ոսկանեան
Իբրեւ կեանքի ու բնութեան ոգեղէն մարմնաւորում, Կիները, իրենց մերկութեամբ ու էութենական վաւաշոտ դրսեւորումներով, ներշնչման աղբիւրն ու առանցքը կը կազմեն Սուրէն Ոսկանեանի ստեղծագործական գործընթացին: Կիները պաշտպանող ու անոնց մերկ գեղեցկութիւնը մեծարող այս արուեստագէտը իգապաշտ մը չէ սակայն: Անոր բնորդուհիները իր կողակիցն ու անմիջական շրջապատի էգեր են: Մեծամասամբ մերկուհիներ ըլլալով հանդերձ, անոնք կիրթ են, բարի, վեհանձն ու մայրանալու ընդունակ իգական սեռի նեկայացուցիչներ: Անոնք կ՚ապրին ու կը գործեն առօրեայ կենցաղէն դուրս՝ անդրաշխարհային ու «անհեթեթ» ոլորտներու մէջ, ուր արուեստագէտը «կ՚ապաստանի» կարծէք, իր սեփական գեղուհիներու մտերմութեան մէջ: Հէքեաթային միջավայրի հետ ընդելուզուած Ոսկանեանի իրապաշտական հակումներով իրագործուած կերպարային «ձեւազեղծումները» թէեւ մասնակի են, բայց եւ այնպէս անոնք ոչ միայն գեղեցիկ են, գրաւիչ ու գեղագիտականօրէն «պատճառաբանուած», այլեւ կը պայմանաւորեն նաեւ անոր միջազգային հարթակներու վրայ ցուցադրուած ու փնտռուած ըլլալու իրողութիւնը:
Դաւիթ Դաւթեան
Ստեղծագործական բուռն աւիւնով տոգորուած այս գեղանկարիչը հայելին ու արձագանգն է ինչպէս իր միջավայրին, անպէս ալ ժամանակին ու տարածութեան, ուր տարերայնօրէն կը թաւալի կեանքը եւ որու ընթացքին կը տագնապի մերօրեայ մարդը: Սկսեալ խորհրդային կարգերու «անտրամաբանական» փլուզումէն ու ծանօթ «անհեթեթ» երկրաշարժէն մինչեւ մեր ժամանակի ապահովական, տնտեսական ու ընկերային մտահոգիչ անցուդարձերն ու համաճարակը ստեղծած են կեանքի անտրամաբանական ու գերիրապաշտ իրավիճակներ, որոնք ենթագիտակցաբար ու բնազդաբար կը դրսեւորուին Դաւիթ Դաւթեանի ստեղծագործութիւններուն մէջ: Գաղափարական լիցքով տոգորուած ու կատարողական բարձր մակարդակով երփնագրուած այս արուեստագէտին գործերը, վերջին տարիներուն սկսած են ցուցադրուիլ ու գնահատուիլ աշխարհի ամենայայտնի արուեստի կեդրոն քաղաքներու մէջ, սկսեալ Մոնաքոյէն ու Փարիզէն, անցնելով Նիւ Եորքէն ու Մայամիէն, հասնելով մինչեւ Պուէնոս Այրէս, Սինկափուր ու Մելպուրն:
Յիշուած արուեստագէտներէն իւրաքանչիւրին առանձին-առանձին եթէ հարց տրուի թէ «Ի՞նչ է ներշնչումը» եւ կամ ի՞նչ դեր կը կատարէ իրենց ատեղծագործական կեանքին մէջ, նախ շատ հաւանական է որ տարբեր պատասխաններ ստանանք եւ գուցէ նաեւ անոնցմէ ոեւէ մէկը չկրնայ սպառիչ ու ամբողջական կերպով բնութագրել ու բացատրել զայն, որովհետեւ ներշնչումը կը պատկանի այն հասկացութիւններու շարքին, որոնք նախ ենթակայական բովանդակութիւն ունին եւ ապա ընկալելու կամ լաւապէս ըմբռնելու համար հարկաւոր է մտնել ոգեղէն ու ենթագիտակից ոլորտներէ ներս ու ապրիլ զանոնք իրողապէս:
Եւ այսպէս, կա՛մ արուեստագէտը մշտական ներշնչման մէջ պէտք է որ ըլլայ, թէկուզ առանց գիտակցելու, եւ կամ ալ պիտի սպասէ ներշնչման, այսինքն, թէկուզ առանց ըմբռնել կամ բացատրել կարենալու այդ «արտասովոր» վիճակը: Նկատուած է, որ առաջինները առաւելաբար ուժ կու տան աշխատանքին ու արհեստագիտութեան, իսկ երկրորդները՝ ստեղծագործական պահուն ու ինքնախորացման:
Այսքանով անշուշտ հարցին պատասխանած ըլլալու յաւակնութիւն չենք կրնար ունենալ: Հարկաւոր է զայն քննարկել պատմութեան ընթացքին ու համամարդկային գետնի վրայ:
Բոլոր պարագաներուն, սխալ չհասկցուելու համար, անմիջապէս աւելցնենք որ իրենց խառնուածքային տարբերութեամբ ստեղծագործողներէն մէկը միւսին վրայ առաւելութիւն չունի: Ի վերջոյ ստեղծագործութեան մակարդակն ու որակն է որոշիչը: (Հոս միջանկեալ հարկաւոր է նշել նաեւ որ «հոգեկան հարցեր դիմագրաւող» արուեստագէտները, որոնց թիւը այնքան ալ արհամարհելի չէ, բացառութիւն կը կազմեն եւ արժանի են առանձինն քննարկման, վելուծման, մեկնաբանման ու ապա միայն՝ գնահատման)։
Համաճարակը վերջին օրերուն նահանջի մէջ կը թուի ըլլալ: Կը խօսուի ամէն տեսակ վնասներու, յատկապէս տնտեսականի մասին, սակայն մշակութային աւերներու հետագայ ժխտական հետեւանքներուն ակնարկութիւն գրեթէ չկայ: Մեզի ծանօթ միակ երկիրը որ լրջօրէն մտահոգ է մշակութային կորուստներով՝ Գանատան է, որ յայտարարած է թէ նիւթաբարոյական օժանդակութիւն պիտի տրամադրէ տուժած արուեստագէտներուն ու արուեստի հիմնարկներուն: Յուսանք Գանատայի այս որոշումը համաճարակի նման վարակիչ կը դառնայ ու ի վերջոյ այլ պետութիւններ եւս կը հետեւին Գանատայի այս կառուցողական քայլին…: