Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Ի՞նչ կ՛ընենք… եւ ի՞նչ ընել կ՛ուզենք

February 10, 2022
in Mobile Home, Newsletter, Յօդուածներ
0
Մենք՝ Ամերիկահայերս

Գէորգ Պետիկեան

Անմեղ հարցում մը. այս օրերուն ազգովին ո՞ւր ենք: Ո՞ւր «կ՛երթանք»: Աւելի ճիշդ՝ ի՞նչ կ՛ընենք եւ ի՞նչ ընել կ՛ուզենք: Չէք տեսներ, որ մեր հայրենիքը տակն ու վրայ է: Նաեւ տակն ու վրայ է հայու հոգեկան ատաղձը: Մեր հայրենիքէն ներս ամէն ինչ անորոշ եւ անկայուն է: Տեսանելի է, չէ՞: Կարծես, ամէն բան գորշ է: Յաճախ՝ ողբերգական: Բայց դեռ կայ աւելին: Թշնամին ոտքը դրած է հայ կուրծքին վրայ եւ պաշարած: Մեր կարգին, ոչ միայն մենք զմեզ պաշարած ենք, նաեւ հակառակորդներով ալ շրջապատուած ենք: Կ՛երեւի, թէ դարձեալ հոգեկան անապատը մեր մէջն է, եւ մահը միշտ մեզի հետ: Դարձած ենք անզօր եւ խեղճ: Որովհետեւ, պարտուած երկիր ենք:

Կ՛ուզէ՞ք աւելին շարեմ: Ցաւալի վիճակ: Յիշեցնեմ. այս նեղ օրերուն, Հայաստանի նախագահի հրաժարականը եւ տակաւին առանց նախապայմաններու հայ-թրքական երկխօսութիւնը… Արցախեան սահմանագիծերու ճշդումը…: Այս բոլորը մեր մտքերը խառնած են: Դեռ շա՜տ ուրիշ «բաներ» ալ կան: Ո՞ր մէկը շարեմ: Դո՛ւք ինձմէ աւելին գիտէք արդէն: Ուղղակի ողբերգութիւն: Եւ չկայ աւելի մեծ ողբերգութիւն, քան մերը: Որովհետեւ, լաւ յիշէ՛ք, Արցախեան երկրորդ պատերազմը, կարմիր գրիչը ձեռքին, մեր պատմութեան էջերը լեցուց: Սեւ, ցաւալի, տխուր եւ ամօթալի: Նոյն այս պատերազմը եկաւ խիստ խօսքեր ըսաւ բոլորիս, որոնք անվայել էին հայուն համար: Մահացու եւ վիրաւորական ու կտրուկ: Արդիւնք՝ մեր բոլոր հին ու նոր երազները քանդեց եւ նոյնիսկ՝ խորտակեց ու մեր երկիրը բարոյապէս ու ֆիզիքապէս ցուրտ դարձուց ու մեր կեանքը՝ հակասական: Այս բոլորը նորութիւններ չեն:

Ներկայիս, հոն պապենական մեր հողին վրայ, ինչ որ կեանք կը կոչենք, հակասական է: Մահուան դէմ ամէնօրեայ պայքար կայ: Խորունկ ցաւ: Իրապէս, որ կեանքին համը փոխուած է, կարծես անոր համար է, որ Սփիւռքը յուսահատ է, անոր համար ներկայիս յուսախաբուած կ՛երեւի:

Չենք անդրադառնար: Եւ ի տես այս բոլորին, յաճախ անտարբեր, յաճախ ալ շուարած կեցած կը նայինք մեր ճակատագրի կոյր աչքին: Նոյնիսկ չենք գիտեր ի՞նչ կ՛ընենք եւ ի՞նչ ընել կ՛ուզենք: Վերջ ի վերջոյ պէտք է հասկնանք, որ մենք զոհ ենք: Խաբուած ենք: Եւ որովհետեւ «տկար» ու մանաւանդ անմիաբան ենք, մեզի ամէն «բան» պարտադրած են: Յուսահատ ենք: Դժբախտ ազգ դարձած ենք, մեր երկրին պէս: Ու այս մէկը կը ցնցէ մեր գիտակցութիւնը: Ու ամէնէն վատը, այս կացութեան մէջ, հաշտ ապրիլն է:

Կարծես ամէն օր մթութեան մէջ է, որ կը քալենք: Ներքին հարցերն ալ մեզ կլանած են: Մեր գոյութեան ռիթմը տակաւին չենք գտած, իսկ միւս կողմէ ալ, մեր երկիրը նետած ենք ներքին անիմաստ եւ տաք բոցերու ծալքերուն:

Մենք այսպէս չէինք: Արդեօ՞ք այսպէս էինք, եւ չէինք գիտեր: Այսքա~ն անմիաբան եւ իրարու ոխերիմ: Այսքա~ն աթոռապաշտ եւ նոյնքան ալ…: Չշարունակեմ: Կ՛ամչնամ:

Դժբախտաբար ամէն «բան» կայ, բացի տեսանելի նպատակէն: Նոյնիսկ ազգային գաղափարը, տարբեր ձեւով կ՛ըմբռնուի: Անհասկնալի: Ներկան մեր աչքերուն մէջ անորոշ վիհ մըն է կարծես: Ներշնչող հոգեկան իրականութիւն չկայ: Կայ կոյր ատելութիւն եւ տագնապ:

Այնպէս կ՛երեւի, թէ մարդիկ մոռցած են, որ ազատ եւ անկախ Հայաստանը միայն պարզ գաղափար մը չէ, այլ նաեւ՝ հոգեկան իրականութիւն: Նաեւ մոռցած են, թէ հայ ոգին կը զգեստաւորուի յոյսով եւ լոյսով: Ահա թէ ինչո՞ւ ունինք մտքերու պատկերաւոր ժխոր:

Արդ, անմեղ հարցում մը. ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս պիտի կարենանք պահել հայու հոգեկան բոլոր արժէքները: Դուք ձեզի հարցուցէ՛ք:

Իսկ եթէ կայ հայօրէն ապրելու ցանկութիւն, ուստի պայման է իջնել դարերու խորքը, մեր կամքերը կանոնաւորող լծակներ փնտռել, ըլլալու մեր կամքը հաստատել, աշխարհի ուշադրութիւնը գրաւել ու մանաւանդ, որոնել մեր ազգային դարաւոր աւանդութիւններու բարոյական արժէքը եւ մեր հոգեկան դիմագիծը: Եթէ չգիտակցինք մեր ստեղծագործ ներքին ուժին, այն ժամանակ եւ հաստատապէս քանդած պիտի ըլլանք մեր երկիրը, մեր ապագան եւ անշուշտ կորսնցուցած՝ մեր ամբողջ ցեղը:

Ժամանակն է, որ այս բոլորը բաց աւետարանի նման միասին կարդանք եւ միեւնոյն ատեն ալ միասին սորվինք: Բանգէտներով շրջապատուած ենք, դժբախտաբար: Ամէն ինչ տեսարան է: Մարդիկ կամովին, ամէնօրեայ սովորութիւններու գերին դարձած են: Իր պապենական հողերուն վրայ այս օրերուն հայը կարծես հրաւիրուած հիւրի տպաւորութիւնը ունի, որովհետեւ իր իմացականութեան մէջ նստած է օտարը: Սկսած է պայուսակները պատրաստել եւ մեկնիլ…: Ցաւալի իրողութիւն: Դարձեալ արտագաղթ:

Միւս կողմէ ալ նայեցէ՛ք ձեր չորս կողմը: Առտու կանուխ արթնցողը անպայման «բան» մը ըսելիք մը ունի: Իր «գիտցածէն» եւ «չգիտցածէն» միշտ կ՛ուզէ բաժին մը հանել, տալ, որովհետեւ ինքզինք բանգէտ նկատած է: Ի՛նք միայն գիտէ: Պարզապէս բառերու կոյտ: Բառեր ու միայն բառեր: Պարզապէս զգացումներու խաբկանք: Պարզապէս պրկուած կոկորդ, ուրկէ միշտ կը շարունակուին յոխորտ, անզուսպ եւ անիմաստ կանչեր:

Ե՞րբ պիտի սորվինք, որ բառերով երկիր կարելի չէ կառուցել-կառավարել: Այս օրերուն եւ ինչպէս միշտ, բառը կամ բառերը ձրի են եւ առատ, հացէն, ջուրէն եւ օդէն աւելի: Մարդիկ, նման «խօսողներ» եւ կամ խրատականներ «ցանողներ», մոռցած են, որ խօսքը եւ կամ բառը, շատ յաճախ պղպջակի կը նմանի: Մոռցած են, որ կեանքի մէջ կարեւորը գործն է:

Ամէն առիթով ահազանգած ենք, թէ արդէն մեր երկիրը «անդունդի» մը եզրին կը գտնուի: Բայց երբեք չենք փորձած մօտենալ այդ անդունդին եւ փրկել պապենական այդ ամբողջ տարածքը: Ազգը, պէտք է հաւատարիմ մնայ իր ընդերքին մէջ եղած հզօր ներուժին: Պէտք է գտնել ըմբռնողութեան հարազատ ձեւ: Հեռու, թերի տեսիլքներէ: Հայ ինքնութեան դրսեւորում կը կրկնենք շարունակ, որովհետեւ նման «բանի» անմիջական կարիքը ունինք: Կարօտը, եթէ կ՛ուզէք:

Ուրեմն, եթէ ա՛յս է իրականութիւնը, ապա ի՞նչ բանի կը սպասենք եւ ինչո՞ւ:

Լրջանա՛նք, համախմբուի՛նք եւ կրկին անգամ աշխարհի ցոյց տա՛նք, որ մենք միշտ կա՛նք: Ու մի մոռնաք, որ մեր մտքին մէջ կը ծփայ հայու ոգին: Մի՛ մոռնաք, որ հոն մեր երիտասարդ հայուն մօտ, ներկայ է հայ հանճարը: Ներկայ է նաեւ նոր հայու մտքի շունչը, հայ հոգիի թռիչքին հետ:

Մնացեալը՝ ձեր խղճին…:

Previous Post

Թուրքերը կը պղծեն Տրապիզոնի յունական Սումելա վանքը

Next Post

Մայր Աթոռում կը կատարուի Տեառնընդառաջի նախատօնակը

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.