Լիբանանի զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը միլիոնաւոր տոլարներ գնահատեց, շրջանային անկայունութեան հետեւանքով, վերջին ամիսներուն ընթացքին զբօսաշրջութեան մարզին կրած վնասները:
Քաղաքական ու ապահովական անկայունութեան մէջ կþերերայ Միջին Արեւելքը: Բարոյահոգեբանական խոր անկում կը տիրէ այս օրերուն արաբական աշխարհին մէջ: Եգիպտոսի մէջ, յեղափոխութեան շարժումին կազմակերպիչները, այն ակնկալութիւնը ունէին, որ Մուպարաքը իշխանութենէն հեռացնելու առաջին իսկ օրէն երկնային բարիքներ պիտի տեղան ժողովուրդին վրայ: Կարճ ժամանակ մը ետք, անոնք իրենց յուսախաբութիւնը յայտնեցին յեղափոխութեան ժառանգորդ բանակին քայլերէն£ Եգիպտոսի ժողովուրդը առ այսօր կը փնտռէ յեղափոխութեան պտուղները…:
Հակառակ Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպական Միութեան տնտեսական խոստումներուն, ողբալի պատկեր մը կը պարզեն երկրին զբօսաշրջութիւնը, ճարտարարուեստը եւ գիւղատնտեսութիւնը£ Համաշխարհային ելեւմտական ցնցումները նոյնպէս իրենց հետքը կը ձգեն Եգիպտոսի եւ ընդհանրապէս արաբական աշխարհի տնտեսութիւններուն վրայ: Բանակին եւ ժողովուրդին միջեւ մագլցող հակամարտութիւնը աննախանձելի կացութեան մը կրնայ մատնել Նեղոսի եզերքը ապրող ժողովուրդը: Բարեբախտութիւն է, որ Եգիպտոսի ժողովուրդը կը մերժէ զէնքի ընտրանքը եւ այս իմաստով կը տարբերի Լիպիոյ եւ Եմէնի ժողովուրդներէն£ Սակայն, եգիպտացիներուն համբերութիւնն ալ սահման ունի…:
Մօտեցումներու բացայայտ տարբերութիւն մը նշմարելի է Լիպիոյ եւ Եմէնի զարգացումներուն կապակցութեամբ£ Առաջինին պարագային Ուաշինկթըն կը պահանջէ Քազաֆիի հեռացումը: Սակայն, ինչպիսի՞ միջոցներով£ Երկրորդինª Եմէնի պարագային, Ուաշինկթըն կը պաշտպանէ նախագահ Ալի Սալեհի նեխած վարչակարգը, եւ մինչեւ իսկ կ’առաջարկէ պատուոյ նախագահի կոչում մը ստեղծել Սալեհի անձեռնմխելիութիւնը եւ անվտանգութիւնը երաշխաւորելու համար: Քայքայիչ պատերազմը կը շարունակուի£ Եգիպտոսի քաղաքական իրավիճակը չի տարբերիր Եմէնէն կամ Լիպիայէն£ Ինչպէ՞ս ապրի միջին հաշուով օրական կէս տոլար օրապահիկով իր կեցութիւնը ապահովող եգիպտացին, մանաւանդ նաւթի եկամուտներու զգալի կրճատումներու, նուազող արաբական ու միջազգային աւանդական օժանդակութիւններու իրողութեան տակ:
Եմէնի, Լիպիոյ, Եգիպտոսի, Թունուզի մէջ եւ այլուր, ժողովրդային ըմբոստութիւնները կասեցնելու, բարեկարգութիւններ իրականացնելու հանգրուանը կը պատկանի անցեալին£ Ապագայի թիրախներն ու ծրագիրները իրականացնելու բախումներուն ականատեսը կը դառնանք ներկայիս£ Մինչդեռ, մարդկային ու նիւթական ինչպիսի՜ կորուստներ կրնային խնայուիլ, եթէ ժողովրդային ապաստամբութեան ղեկավարները նախապէս ուսումնասիրած ըլլային փոխարինող համապատասխան տարբերակներ£ Չի բաւեր լոկ վարչակարգի փոփոխութիւն պահանջել: Բայց աւելի նախընտրելի պիտի ըլլար, որ արաբական աշխարհի մեծամեծները այսպիսի կացութեան չմատնէին իրենց ժողովուրդները…: Այստեղէն ինքնաբերաբար կը ծագի, այն արդար հարցադրումը, որքա՞ն ինքնաբուխ եւ ժողովուրդային բողոքի արդար արտայայտութեան հետեւանք են արաբական աշխարհի յեղափոխութիւնները: Դժբախտաբար աւազի վրայ կառուցուած արաբական հասարակապետութիւններու մեծամասնութիւնը դարձած են իրենց սեփական ժողովուրդին դահիճը: Ընկերային արդարութիւն, ժողովրդավարութիւն… երանութեան համազօր երեւոյթներ են արաբական աշխարհի ժողովուրդներուն համար: Ժամանակը հասած է, որ իշխանապետերը անսան իրենց ժողովուրդներուն պահանջներուն£ Բայց միւս կողմէ, ո՞վ կ’երաշխաւորէ, որ տեղական խորք ու արմատներ ունին այս Գարնանային յեղափոխութիւնները:
Լիբանանի ժողովուրդին ընկերային, տնտեսական պայմանները այնքան ալ նախանձելի չեն արաբական աշխարհի մնացեալ ժողովուրդներուն դիմագրաւած պայմաններէն£ Երէկի գերակշռող միջին խաւը գրեթէ անհետացած է երկրին երեսէն£ Ամօթը եւ ամօթանքը մեզ կը ստիպեն չխօսիլ երկրին մէջ արմատացած փտածութեան, կաշառակերութեան գործած աւերներուն մասին£ Համալսարանական մուտքի քննութիւններն անգամ դարձած են համայնքներու մենաշնորհը: Բեւեռացող տարակարծութիւնները չեն արտօներ վերադառնալու երկխօսութեան սեղան: Իւրաքանչիւր կողմ իւրովի կը մեկնաբանէ քաղաքական հակամարտութեան պատճառները եւ անոնց լուծումը: Հրաշքի համազօր իրողութիւն է, որ գարնանային կամ աշնանային յեղափոխութիւններու ալիքը չի հարուածեր Լիբանանը:
Մեր նախորդ համարներուն մէջ յստակօրէն արտայայտած ենք Միջազգային Ատեանին ու Դիմադրութեան զէնքին մասին մեր կեցուածքը: Եթէ Ատեանն ու զէնքն են լիբանանցիները իրարմէ հեռացնող գործօնները, նախքան այս երկու կարեւոր օրակարգերուն շուրջ լսուող մեկնաբանութիւններուն մէջ ճիշդն ու սխալը փնտռելը, կþուզենք յիշեցնել, որ Սեպտեմբեր ամսուան ընթացքին Լիբանան պիտի ստանձնէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդի նախագահութիւնը£ Միայն Պաղեստինեան պետութեան ճանաչման օրակարգը պիտի չներկայանայ ՄԱԿ-ի ամպիոնը: Շատ հաւանաբար, արաբական աշխարհի վերաբերող զանազան օրակարգեր ներկայացուին ՄԱԿ-ի սեղանին վրայ, որոնց հանդէպ Լիբանան իբրեւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդի նախագահ կ’ակնկալուի, որ դրսեւորէյստակ կեցուածք: Ենթակայական պայմաններու տակ հաւասարակշռութիւն պահպանելու Լիբանանի ցարդ որդեգրած կեցուածքը պիտի բախի լուրջ դժուարութիւններու:
Առանց ազգային համերաշխութեան եւ միասնականութեան, ՄԱԿ-ի նախագահութիւնը ստանձնելու պարտականութիւնը նոր անախորժութիւններու դուռ կրնան բանալ ներլիբանանեան քաղաքական բեմին վրայ:
ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ
www.araraddailhynews.com