Կը սիրեմ քեզ, հայրենի՛ ժողովուրդ:
Սփիւռք նստած, օտարանալու վտանգին ենթակայ, չեմ կրնար չսիրել քեզ, հայրենի՛ իմ ժողովուրդ: Չեմ կրնար չսիրել այն աչքերը, որոնք ամէն օր կը յառին Արարատին ու Արագածին եւ կ’երդնուն տէր կանգնիլ անոնց առ յաւէտ:
Կա՞յ արդօք Արարատ՝ առանց քու աչքերուդ:
Կը սիրեմ քեզ, հայրենի՛ ժողովուրդ: Ինչպէ՞ս չսիրեմ քեզ, երբ ամէն ճգնաժամի պատրաստ ես զաւակներուդ ամէնէն ընտիրը զոհաբերելու հայրենիքի փրկութեան բագինին: Պիտի մաղթէի երբեք «Եռաբլուր» չունենալ, բայց ինչպէս չսիրել քեզ, հայրենի՛ ժողովուրդ, երբ ամէն օր, խունկ, արցունք ու ծաղիկ ընծայ կը տանիս հայրենիքիս նահատակներուն:
Կը սիրեմ քեզ, հայրենի՛ ժողովուրդ, երբ պատերազմէն գրեթէ մէկ տարի ետք արդէն ոտքի ես, լծուած ես ապագայակերտ աշխատանքի եւ կ’ուզես վերածաղկեցնել երկիրը մեր Նայիրեան: Եռաբլուրի արցունքին այսօր խառնած ես ժպիտը Երեւանի: Կը սիրեմ քեզ, քաղաքամա՛յր, ժողովուրդիդ վերածնած ժպիտովը յաւիտենական:
Թէեւ տարակարծիք շատ մը հարցերու շուրջ՝ կը սիրեմ քեզ, հայրենի՛ ժողովուրդ: Տարակարծութիւն ու տարբեր տեսակէտներ՝ հարստութիւն են այլապէս: Այդպէս ալ կը սիրեմ քեզ:
Կը սիրեմ քեզ, հայրենի՛ ժողովուրդ, նոյնիսկ երբ կը մոռնաս զիս՝ սփիւռքացած հայս օտարի: Ունիս հոգերդ, երազներդ կրնան ըլլալ տարբեր, բայց ոչ անտարբեր: Աշխարհագրականօրէն հեռու, երազներով կապուինք իրարու: Կը սիրեմ քեզ, հայրենի՛ ժողովուրդ:
Կը սիրեմ քեզ, հայրենի՛ ժողովուրդ, նոյնիսկ երբ կը խօսինք հայերէն, բայց չենք հասկնար զիրար: Երկու հարուստ լեզուներ, մէկութեան յոյսով կը սիրեմ լեզուդ, հայրենի՛ իմ ժողովուրդ:
Կը սիրեմ քեզ նոյնիսկ երբ քաղաքական ընտրանքներդ չեմ բաժներ: Դուն ես հողին ու պետութեան պահակը, ճակատագիրն ալ է քուկդ: Ինչպէ՞ս չսիրեմ քեզ:
Կը սիրեմ քեզ, հայրենի՛ ժողովուրդ, որովհետեւ կը սիրեմ բանակը հայոց: Դուն ես մայրը մեր հերոսներուն եւ հայրը քաջագործութեանց: Դուն ես անոնց զէնքերը կապող խաչկապ, ռազմի պարը պարող, երբեմն յաղթանակի գինին խմող, իսկ երբեմն պարտութեան մրուրը ճաշակող ծնողը զինուորաց: Ինչպէ՞ս չսիրեմ քեզ:
Կը սիրեմ քեզ, հայրենի՛ ժողովուրդ: Հողն ինչ արժէ առանց քեզի: Քրտինքիդ շաղախովն է այսօր օծուն հայրենի հողը հայկազեան: Դուն ծնողն ես հայրենիքին: Սիրտս տամ քեզի, ծնո՛ղն իմ հայրենեաց: Սփիւռքացած հայս կը մաղթեմ չըլլալ որդի անառակ: Բայց հուսկ եղիր տէրը նաեւ սփիւռքի: Պիտի սիրեմ քեզ ամէն պարագայի:
Չիք հայրենիք առանց ժողովուրդի:
Չիք Հայաստան առանց հայրենի ժողովուրդի:
Չիք սփիւռք առանց հայրենիքի:
Կը սիրեմ քեզ, հայրինի՛ իմ ժողովուրդ:
https://darperag21.net