Գրող՝ ճարտարագէտ Թադէոս Եսայեան
Ոչ ոք գիտցաւ ես եարն էի Շուշիին
Ինք իմ անգին սիրուհին,
Գեղատեսիլ հարսն էր ան վարդերես
Մեր սարերուն ծաղկերես,
Կարծես ունէր անմեղութիւն շուշանի
Անունին մէջ Շուշիի,
Ու դէմք մը, որ արեւի պէս կը փայլէր
Կարծես արփն էր հայացէր:
Բայց ինչ ըսեմ այդ ամպերուն գորշ ու սեւ
Գրոհեցին, որպէս դեւ,
Անէծք անոնց թաթառներուն վայրենի
Գերի տարին իմ եարին,
Տարի՜ն տարին, ինչպէ՞ս չլամ իմ Շուշին
Նոյնիսկ տաղերս լացին,
Եարս գնա՜ց աչքը մնաց բայց ետին
Սեւ ամպերու եզերքին,
Աղօթքս է յանկարծ բացուի արշալոյս
Վանէ ամպեր բերէ լոյս
Աղօթքս է կրկին տեսնեմ իմ Շուշին
Արեգակը ճակատին …
Գրող՝ ճարտարագէտ Թադէոս Եսայեան
Պատկերի ձեւաւորում՝ Շաքէ Մանկասարեան