Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

«Իմ Ոգեշնչման Աղբիւրը Սէրն Է». Անոյշ Նագգաշեան

May 18, 2019
in Mobile Home, Newsletter, Հարցազրոյցներ
0
«Իմ Ոգեշնչման Աղբիւրը Սէրն Է». Անոյշ Նագգաշեան

Այս օրերուն Հայաստանի մէջ կը գտնուի երուսաղէմահայ բանաստեղծուհի եւ արձակագիր Անոյշ Նագգաշեան: Ան հանդիպում–դասախօսութեամբ հանդէս եկած է Երեւանի Խաչատուր Աբովեանի անուան պետական մանկավարժական, Հայ–ռուսական (Սլաւոնական) համալսարաններու, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի ուսանողներուն համար եւ գրական ցերեկոյթ  ունեցած է Սիլվա Կապուտիկեանի տուն–թանգարանին մէջ:

Պատեհ առիթը բաց չձգելով` «Հայերն այսօր»-ը զրուցած է Անոյշ Նագգաշեանի հետ:

–Տիկի՛ն Նագգաշեան, ինչպէ՞ս  «յայտնաբերեցիք» Ձեր ստեղծագործական աշխարհը:

-Առաջին բանաստեղծութիւնս գրած եմ 14 տարեկանիս: Այդ տարիքին առաջին անգամ Հայաստան եկած եմ` «Արթիկ» ճամբարին մէջ արձակուրդս անցնելու:

Հոգիս այնքա՜ն լի էր Հայրենիքով, կարծես` կեանքիս ուղին փոխուած էր: Միանգամէն սիրահարուեցայ Հայաստանին. կը մտածէի, որ բոլոր ճանապարհները միայն կը բերեն Հայաստան: Երուսաղէմ վերադառնալով` յոյզերս  բանաստեղծութեան  վերածեցի:

Նաեւ մօրս նուիրուած բանաստեղծութիւն  գրած էի: Այսինքն, ստեղծագործական պոռթկումներ միշտ ունեցած եմ: Հայաստանի մէջ բոլորը գիտէին` բանաստեղծուհի էի, բայց ոչ մէկուն երբեք ցոյց չէի տուած բանաստեղծութիւններս: Ի յեճուկս համարձակ բնաւորութեան` չէի ուզեր զգացումներս մարդոց ներկայացնել:

Գրական աշխարհ մուտք գործելուս մեծապէս նպաստած է գրականագէտ, բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆէսոր Սամուէլ Մուրադեանը: Ան դասախօսութեամբ Երուսաղէմ գտնուելու ժամանակ պատահական կարդաց Սպիտակի երկրաշարժին նուիրուած բանաստեղծութիւնս: Իմանալով, որ ես  գրած եմ` շատ զարմացաւ եւ յուզուեցաւ` ըսելով, որ այն բանաստեղծական լուրջ արժէք է: Համարձակութիւնս ներեց միւս բանաստեղծութիւններս ալ ցոյց տալու, որոնք կարդալէ յետոյ Սամուէլ Մուրադեան  շատ քաջալերեց զիս:

Ապա երկուստեք որոշեցինք բանաստեղծութիւններուս առաջին գիրքը հրատարակել, որ կոչեցինք «Սիրոյս տաք շունչը»:  Նաեւ արձակ ժանրի մէջ կը ստեղծագործեմ  եւ իմ կեանքի դրուագներու հիման վրայ պատմուածքներ կը գրեմ, քանի որ կը ցանկամ ատոնք կիսել ընթերցողներուս հետ: Ընդհանուր առմամբ, գրած եմ 4 բանաստեղծական գիրք, 1 ժողովածու, 1 արձակ, 1 անգլերէնի թարգմանութիւն եւ 1 մանկական գիրք: Ի դէպ, գրասեղանիս վրայ  քանի մը նիւթ կայ դրուած, որոնց, անպայման, թեւեր պիտի տայ:

Անսահման կը սիրեմ նաեւ մանկավարժութիւնը, երկար տարիներ զբաղուած եմ մանկավարժութեամբ: Հպարտ եմ, որ կրցած եմ աշակերտներուս հոգիին մէջ հայրենասիրութիւնը արթնցնել եւ խանդավառել Հայրենիք այցելելու:

– Ստեղծագործելու համար ի՞նչը  Ձեզի  ոգեշնչման աղբիւր կը հանդիսանայ:

–Իմ ոգեշնչման աղբիւրը սէրն է: Սէր` իւրաքանչիւրի, յատկապէս` Աստուծոյ նկատմամբ: Աշխարհի մղիչ ուժը սէրն է, առանց որուն չես կրնար ապրիլ: Պէտք է ամէնուր  սէր եւ ջերմութիւն տարածել:

– Յաճա՞խ  Հայաստան կու գաք:

-Այո՛, շատ յաճախ: Այս անգամ հանգամանքներու բերումով մէկ տարուան բացակայութենէն յետոյ եկայ: Հայաստանի մէջ դարձեալ կը կարօտնամ Հայաստանը:

Թող չափազանցութիւն չթուի, երբ օդանաւէն կ՛իջնեմ, կը սկսիմ տխրիլ` մտածելով, որ ժամանակն արդէն ի վնաս ինծի կ՛աշխատի: Հայրենիքի մէջ օրերս շատ յագեցած կ՛անցնին: Կը հանդիպիմ ընկերներուս, տարբեր դասախօսութիւններ կ՛ունենամ: Պարտադիր կ՛այցելեմ Էջմիածին` մոմ վառելու Մայր տաճարին մէջ, Կոմիտասի անուան պանթէոն կ՛երթամ` մեր մեծ գրողներու շիրիմներուն գլուխ խոնարհելու, Սիլվա Կապուտիկեանի տուն-թանգարանը  պարտադիր կ՛այցելեմ` զգալու բանաստեղծուհիի վառ ներկայութիւնը եւ, կարծես, խօսելու անոր հետ:

Հայաստանի մէջ անցուցած օրերն ինծի կ՛օգնեն յետագային դրական լիցքերով եւ նոր աւիւնով աշխատելու: Երուսաղէմի մէջ ալ միշտ մտքով կը ճախրեմ Հայրենի եզերքով: Կարօտը կը փարատէ  հեռուստաալիքներն ու համացանցը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ անցուցած օրերու յիշողութիւնները: Երբ կը զգամ, որ կեանքիս մէջ ինչ-որ բան պակաս է, հապշտապ Հայաստան այցելելու որոշում կը կայացնեմ:

–Գիտեմ, որ Ձեր գրական կեանքի կերտման գործին մէջ մեծ է Սիլվա Կապուտիկեանի ազդեցութիւնը: Ին՞չ  յուշեր ունիք Ամենայն Հայոց բանաստեղծուհիին հետ կապուած:

-Ճիշդ էք: Դեռ չծնած, Սիլվա Կապուտիկեանի բանաստեղծութիւնները  լսած եմ: Մայրս կը պատմէ, որ երբ սպասած է իմ լոյս աշխարհ գալուն, եղբօրս համար միշտ անոր «Խօսք իմ որդուն» բանաստեղծութիւնը ասմունքած է, եւ ես ակամայէն «ունկնդրած եմ»  բանաստեղծութիւնը:

Առհասարակ, անմոռանալի յիշողութիւններ ունիմ Սիլվա Կապուտիկեանի հետ: Մեր բոլոր հանդիպումները վերածուած են իւրօրինակ ուսանելի դասի: Սիլվա Կապուտիկեանի խորհուրդներն առ այսօր կը յիշեմ եւ կը կիրառեմ: Ան կ՛ըսէր, որ, անկախ ամէն ինչէն, մարդկային յարաբերութիւններուն մէջ շարունակեմ պահպանել անկեղծութիւնը: Այս պատգամը միշտ կը հնչէ ականջիս մէջ:

– Ովքե՞ր են Ձեր ծնողները:

-Ծնողներս հայոց լեզուի եւ գրականութեան ուսուցիչներ  եղած են: Մայրս 60 տարի մանկավարժութեամբ զբաղուած է: Ան արդէն 90-ի շեմին է, գիշերները երազին մէջ մինչեւ հիմա կը դասաւանդէ եւ կը խօսի իր աշակերտներուն հետ:

Մայրս կը համարեմ նաեւ իմ հայոց լեզուի ուսուցիչս. Պաղեստինի մէջ, ուր ծնած եմ, հայկական վարժարան չկար, եւ մայրս  ինծի մեսրոպատառ այբուբենը սորվեցուցած է: Ծնողներս յորդորած են սիրել  Հայաստանը եւ մտահոգուիլ մեր երկրով: Մայրս միշտ խրատած է, որ ներեմ ինծի հանդէպ սխալ գործած մարդոց: Գուցէ երիտասարդ տարիներուն լաւ չէի ընկալեր այդ ամէնուն նշանակութիւնը, բայց հիմա արդէն լիովին կը գիտակցիմ: Մարդոց ներելով` հոգեպէս աւելի հանգիստ կը զգաս:

–Որ՞ն է Ձեր երազներու Հայաստանը:

-Նախ պէտք է Հայրենիքը սիրել այնպիսին, ինչպիսին կայ` իր բոլոր թերութիւններով եւ առաւելութիւններով: Ոչ մէկ երկրի մէջ կատարեալ չէ: Ես կը հաւատամ Հայաստանի լուսաւոր ապագային: Ապաւինինք նաեւ մեր բանիմաց եւ կրթուած երիտասարդներուն, որոնք նոյնպէս կրնան նպաստել Հայաստանի զարգացման:

Քիչ մը համբերութեամբ զինուինք, եւ ամէն ինչ լաւ կ՛ըլլայ:

– Տիկի՛ն Նագգաշեան, որքա՞ն յաճախ Ձեր քայլերը կ՛ուղղուին դէպի Սուրբ Յարութեան տաճար:

-Պատարագներուն  յաճախ կ՛երթամ: Շուկան եւ խանութները հիմնական Սուրբ Յարութեան տաճարի ճանապարհին կը գտնուին: Յաճախ կը պատահի, որ առեւտուրն ընելէ յետոյ կը մտնեմ Սուրբ Յարութեան Տաճար, մոմ կը վառեմ, կ՛աղօթեմ Յիսուս Քրիստոսի գերեզմանին առջեւ  եւ հաւատքս նորոգած` տուն կը վերադառնամ:

Զրուցեց Գէորգ Չիչեան

 

Previous Post

2019-ի Առաջին Քառամսեակին Պետութեան 22,4 Միլիառ Դրամի Վնաս Հասցուած Է

Next Post

«ՀԱՅԵՐՆ ԱՅՍՕՐ»Ի ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑԸ «ՄԵԼԳՈՆԵԱՆ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԻՒՆ» ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՀԻՄՆԱԴԻՐ ԱՐՍԻՆԷ ՇԻՐՎԱՆԵԱՆԻ ՀԵՏ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.