Ռ. Հ.
4 Օգոստոս 1981. թուական մը, որ ինծի համար համազօր է երկրորդ ծննդեան թուականի։ 37 տարի առաջ այդ թուականին է, երբ Նախախնամութիւնը օգնեց ինծի, որ այս թերթի առաջին էջին վրայ հաստատեմ «Յուշատետր» կոչուած սիւնակը։ Երբ կը հիմնէի այդ սիւնակը ու կը խոստանայի ամէն օր լեցնել այդ սիւնակը, բնականաբար բնա՛ւ գաղափար չունէի, թէ այդ սիւնակը մինչեւ ո՛ւր պիտի տանէր զիս։ Այնուհանդերձ գիտէի, որ ամէն ինչ պիտի ընէի, որպէսզի խոստումս յարգէի, որպէսզի ամէն օր բաց ճակատով ու նորանոր նիւթերով ներկայանայի իմ ընթերցողներուն ու անոնց հետ հաստատէի ամէնօրեայ հաճելի կապ մը։
Հիմա, 37 տարիներ անցեր են այդ սիւնակի հաստատման թուականէն ասդին, եւ ես այդ 37 տարիներուն ընթացքին, բացի Շաբաթ օրուընէ՝ ամէն օր յարգած եմ ընթերցողներուս հետ իմ ժամադրութիւնը։ Այդ ժամադրութիւնը օրէ օր դարձեր է աւելի հաճելի, աւելի զուարթ, աւելի բովանդակալից։
37 տարի… Եթէ նկատի առնենք, որ ամէն տարի կը հրատարակուի 250 յօդուած, ապա կը նշանակէ, որ այս 37 տարիներուն ընթացքին մօտաւորապէս 9250 յօդուած հրատարակուած է այս սիւնակին մէջ։ Թերեւս անհաւատալի թիւ է, բայց՝ իրակա՛ն։ Թերեւս մրցանիշ մըն է հայ իրականութեան մէջ։ Ո՞ր հեղինակը չի հպարտանար այսպիսի վաստակի մը դիմաց։ Բայց ես հպարտութիւն չէ՛ որ կը զգամ, այլ՝ շնորհակալութեան ու երախտագիտութեան զգացում։ Շնորհակալութիւն՝ ամէն բանէ առաջ Նախախնամութեան, որուն բարի ձեռքը, գիտեմ, թէ միշտ գլխուս վրայ էր օրհնութեան մը նման, շնորհակալութիւն՝ իմ սիրելի ընթերցողներո՛ւս, որոնք այս երկար ժամանակամիջոցին միշտ զգացուցին իրենց սփոփարար ներկայութիւնը։
«Յուշատետր» սիւնակով ստեղծուած տասնամեակներու այս դեգերումներուն ընթացքին ես միշտ տուրք վճարեցի իմ հայու ինքնութեան, հայ գրականութեան ու հայ մշակոյթի իմ պաշտամունքին, մեր սքանչելի մայրենիին։ Պտոյտներ ըրի Հայ բանաստեղծութեան պարտէզին մէջ, հայկական առածներու աշխարհին մէջ, հայ գրականութեան քուլիսներուն ետին, հայոց լեզուի բառարաններուն մէջ, հայկական անձնանուններու աշխարհէն ներս, Հայաստան աշխարհի ու աշխարհի բազմաթիւ երկիրներու անդաստաններուն մէջ, եւ տակաւին՝ կեանքի անհամա՛ր խորհուրդներուն մէջ. իմ սէրս ու յարգանքս յայտնեցի բոլո՛ր այն բարի մարդոց, որոնք այսպէս կամ այնպէս անցած են կեանքիս մէջէն, սիրով ոգեկոչեցի շատերու ու շատերու յիշատակը, մեր մէջ վերստին ապրեցուցի զանոնք։ Մինչեւ այս տարիքս, երբե՛ք պահ մ՛իսկ չդադրեցայ իմ Մեծասքանչը պաշտելէ, սիրեցի զայն եւ ուզեցի, որ ամէն հայ, նուազագոյնը՝ ինծի չափ, սիրէ մեր այս մեծ ու սքանչելի լեզուն։ Երբեմն ցաւեր ապրեցայ՝ տեսնելով, որ հայոց որքան լայն շրջանակ մը անգիտակ էր իր լեզուին, գաղափար իսկ չունէր, թէ ի՜նչ հրաշք լեզուի մը տէրն էր. տառապեցայ անոնց պատկերին դիմաց, բայց երբեք չկորսնցուցի հաւատքս ու ամէն անգամ, երբ առիթը ունեցայ, ո՛չ թէ միայն գիրով, այլեւ խօսքով հնչեցուցի Մեսրոպեան մեր պաշտելի գիրերուն ու լեզուին ձայնը։ Օրուան մէջ մէկ վայրկեան իսկ չդադրեցայ ես զիս Մեսրոպ Մաշտոցին աշակերտը նկատելէ, քանիցս ծունկի եկայ անոր արձանին ու յիշատակին առջեւ ու ո՛չ միայն շնորհակալութիւն յայտնեցի իրեն, այլեւ ուզեցի, որ ուժս անպակաս ընէ, խթանէ զիս, զգացնէ՛, թէ իր օրհնութիւնը իմ վրայ է միշտ։
Այս երկար տասնամեակներուն ընթացքին իմ սիրելի ընթերցողներուս հետ բաժնեցի այն, ինչ տեսայ, ինչ իմացայ, ինչ զգացի, ինչ մտածեցի, ինչ սիրեցի։
Այս բոլորէն ի՞նչ պիտի մնայ ապագայ սերունդներուն՝ կարեւոր չէ՛։ Կարեւոր չէ, որովհետեւ ամէն գրող, ընդունի կամ չընդունի, կը գրէ իր ժամանակակիցներուն համար, ոչ թէ ապագայ սերունդներու համար։ Ամէն գրող իր ժամանակին եւ իր ժամանակակիցներուն մարդն է։ Ապագայ սերունդներն ալ պիտի ունենան իրենց գրողները։ Եթէ մեզմէ ալ շունչ մը, գործ մը, անուն մը փոխանցուի այդ ապագայ սերունդներուն, ապա ատիկա պիտի ըլլայ ո՛չ թէ միայն մեզմէ, այլ մեր ընթերցողներէն եւս ղրկուած տաքուկ ողջոյն մը։
Մինչեւ այսօր հրատարակուած «Յուշատետրեր»ուն մէկ մասն է միայն, որ գիրքի ձեւով ալ հրամցուած է ընթերցողներուն։ Մնացեալները, որոնք ո՛վ գիտէ քանի տասնեակ հատոր պէտք է կազմեն, արդեօք օր մը գիրքի կը վերածուի՞ն՝ չեմ գիտեր եւ չեմ ալ ուզեր մտածել այդ դժուար իրականանալի հարցին մասին։ Միայն կը սիրեմ մաղթել, որ յառաջիկայ տարի դարձեալ միասնաբար ողջունենք «Յուշատետր»ի նոր տարեդարձ մը եւ միասնաբար փնտռենք, թէ տակաւին հայաշխարհի հրաշալի ո՛ր ապրումներէն ներս կրնանք իրականացնել պտոյտներ։
Այս մտածումներով ու այս ուրախութեամբ է, որ տարի մը եւս կը փակեմ «Յուշատետր» սիւնակին մէջ եւ սիրով կ՛ողջունեմ մեր սիրելի ընթերցողները։