ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Արտասահմանեան յայտնի համալսարաններ ընդունուած ուսանողները, որոնք դիմած էին «Լոյս» հիմնադրամի 2018-2019 ուսումնական տարեշրջանի կրթաթոշակի ծրագիրին, իրենց առաջին տարուան ուսման վարձավճարի համար փոխհատուցում պիտի ստանան «Իմ քայլը» հիմնադրամէն:
Երեքշաբթի, 7 Օգոստոսին, լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին այս մասին տեղեկացուց վարչապետի կինը՝ Աննա Յակոբեան, որ «Իմ քայլը» հիմնադրամի հիմնադիրն է: Ըստ Յակոբեանի՝ «Լոյս» հիմնադրամին վստահելով, տարբեր առաջատար համալսարաններ ընդունուած դիմորդները, որոնց կրթաթոշակներու հարցը հիմնադրամի գործունէութեան դադարին պատճառով կախուած մնացած էր օդին մէջ, պիտի ապահովուին «Իմ քայլը» հիմնադրամին կողմէ գտնուած բարերարներու աջակցութեամբ:
«Մօտ երկու-երեք շաբաթ առաջ բաց նամակ ստացանք Մարիամի (արտասահմանեան համալսարան ընդունուած ուսանողներից մէկը) գլխաւորութեամբ, դիմում էին «Իմ քայլը» հիմնադրամին, որ կարողանանք իրենց աջակցել կրթաթոշակի հայթայթման հարցով: Փորձեցինք կամուրջ դառնալ, ուսումնասիրութիւններ կատարեցինք ու գտանք նաեւ գործընկերների, ովքեր սիրով մեզ հետ համագործակցեցին, եւ արդիւնքում «Լոյս» հիմնադրամի շահառուներից 18ին կարողացանք ապահովել պակասող կրթաթոշակով: Այս Սեպտեմբեր-Հոկտեմբերից նրանք յաջողութեամբ կը գնան իրենց դասերին», յայտնեց Աննա Յակոբեան:
Ան նշեց բարերարներու անունները՝ արտայայտելով իր երախտագիտութիւնը կատարուած նուիրատուութեանց համար. «Վիտալի Գրիգորեանց» հիմնադրամը կատարած է 222 հազար տոլարի նուիրատուութիւն, Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը՝ 200 հազար տոլար, գանատահայ գործարար Վան Լափոյեան տրամադրած է 70 հազար տոլար, անանուն բարերար մը՝ 20 հազար տոլար:
Աննա Յակոբեան շնորհակալութիւն յայտնեց «Իմ քայլը» հիմնադրամի անդամներուն, որոնք փոքրաթիւ ուժերով ահռելի աշխատանք կատարած են, ինչպէս նաեւ «Իմ քայլը» հիմնադրամի հոգաբարձուներ Արսինէ Խանճեանին եւ Սերժ Թանկեանին, որոնք մեծ դեր ունեցած են բարերարներ գտնելու գործին մէջ:
Աննա Յակոբեան յայտնեց, որ իրենք փորձած են կապ հաստատել «Լոյս»ի՝ Հայաստանէն դիմած 24 երիտասարդներու հետ, անոնցմէ 4ը չեն արձագանգած, 20ին հետ կապի մէջ մտած են, մէկը հրաժարած է առաջարկուած օգնութենէն:
«Իմ քայլը» հիմնադրամը հաւաքուած միջոցներով նաեւ աջակցութիւն ցուցաբերած է արտասահմանեան համալսարաններ ընդունուած 4 այլ ուսանողներու: