Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

ԻՆ՞Չ ՊԻՏԻ ԸԼԼԱՐ ՄԵՐ ՎԻՃԱԿԸ, ԵԹԷ ՔԱՆԻ ՄԸ ՈՒՐՖԱՆԵՐ ԾԱՌԱՆԱՅԻՆ ՄԵՐ ԴԷՄ…

October 8, 2019
in Mobile Home, Newsletter, Յօդուածներ
0
ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԸ Կ’ԱԶԱՏԱԳՐԷ՞ ԹԷ   ԿԸ ԳՐԱՒԷ  ՀԱԼԷՊԸ …

ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ – ՊԱՅՔԱՐ  143

Հայ  քաղաքական մտքի քիչերու մտքով կ’անցնէր Հայոց Ցեղասպանութեան սպառնալիքը:  Մեծամասնութեան  համար անսպասելի էր:  Թրքական  եաթաղանը այնպէս ծրագրաւորած  էր տեղահանութիւնը եւ  կոտորածները,  հազուադէպ  հանդիպեցաւ  դիմադրութեան: Այսուհանդերձ,  հայահոծ  որոշ   շրջաններ յաջողեցան  դիմել ինքնապաշտպանութեան, որուն  շնորհիւ  փրկուեցան շատեր, ուրիշներ  պատուաւոր մահով ինկան, զէնքը  ձեռքին…:

Ինքնապաշտպանութեան անմոռանալի   դրուագներ արձանագրուեցան Վանի, Սասունի, Այնթապի, Հաճընի, Շապին Գարահիսարի, Մուշի, Մուսա Լերան եւ այլ   վայրերու մէջ:   Համեստ պայմաններու տակ  ապրող գրեթէ անզէն հայութիւնը երկարատեւ դիմադրութիւն  ցոյց տուաւ  ջարդարարին եւ  պատուով հեռացաւ իր   ծննդավայրէն: Շնորհիւ այս դիմադրութեան, հազարաւոր  հայեր փրկուեցան  թուրքերու «ողորմածութեան» եւ Ցեղասպանութեան գողգոթայով մկրտուելու  փորձութենէն:

Մեր ժողովուրդը այս  օրերուն կը  վերյիշէ  Ուրֆայի  դիւցազնական հերոսամարտը: Անոր զաւակներուն   կերտած հերոսական  էջին յիշատակը:

Առ  ի  տեղեկութիւն մեր յարգելի ընթերցողներուն, Հայոց Ցեղասպանութեան նախօրէին Ուրֆայի  մէջ կը բնակէր  երեսունհինգ հազար հայ:  Ուրֆացիները, նախապէս՝  1895-ի  հայկական կոտորածներու  ընթացքին փայլուն  դիմադրութիւն մը  ցոյց տուած էին թրքական բանակին:  Վերջինս,  յիսուն օր  Ուրֆան  պաշարած պահելէ ետք,  ձախողեցաւ  գրաւելու  հայկական այս  փոքր քաղաքը:  Ուստի   դիմեց  նենգութեան՝  ձեւականօրէն  ջնջեց  պաշարումը  եւ  դաւադրաբար  խուժեց  քաղաքը, կոտորելով աւելի  քան  տասը  հազար  անզէն հայ:

1915-ի  Ամառը  քաղաք  ժամանեցին  Երիտթրքական  «Թաշքիլէթ Մահսուսիյէ»ի  անդամներ՝ կազմակերպելու Ուրֆայի հայութեան աքսորը:  Անոնք անմիջապէս  ձերբակալեցին քաղաքի    երեւելիները եւ   պահանջեցին  48  ժամերու  ընթացքին  յանձնել հայութեան մօտ  գտնուող  զէնքը:  Այս միջոցին, դաժանօրէն  սպաննեցին   մօտաւորապէս   չորս հարիւր խաղաղ բնակիչ:

Բոլոր  իրադարձութիւնները կը վկայէին, թէ  այլ  շրջաններու նման, Երիտթուրքերը  դաժան հաշուեյարդարի նախապատրաստութիւններ կը կատարէին Ուրֆայի  բնակիչներուն դէմ:  Ուրֆայի հայերը  լաւապէս գիտակցելով այս  խարդաւանքը, որոշեցին դիմել ինքնապաշտպանութեան:  Անոնք կազմեցին  Զինուորական Խորհուրդ:  Ինքնապաշտպանութեան կը մասնակցէին բոլորը՝ տարեցը, դեռատի պատանին, աշխատաւորն ու մտաւորականը, հոգեւորականն ու առեւտրականը  :

Թրքական  թնդանօթներ  Ուրֆայի  ռմբակոծումը սկսան  1 Հոկտեմբերին:  Հանդիպելով   հայերու  յամառ դիմադրութեան, անոնք նահանջեցին:  Յաջորդ յարձակումը  կազմակերպուեցաւ  քանի մը օր ետք:  Հայկական  Զինուորական Խորհուրդը   կեղծ նահանջի դիմեց, որպէսզի   թուրքերը  փորձեն  քաղաք մտնել:  Օգտուելով  թշնամիին անտարբերութենէն՝ հայ մարտիկները հակայարձակումի դիմեցին  եւ չէզոքացուցին   հարիւրաւոր թուրք բանակային:

Հայերու դիմադրութիւնը  փշռելու նպատակով,  թրքական   բանակը  նոր  թնդանօթներով եւ զինուորներով համալրուեցաւ  Հալէպէն:  Գերմանացի սպայ մը կը վարէր  քաղաքին դէմ յարձակողական գործողութիւնները:  Ուրֆայի հայերը հերոսաբար  ետ մղեցին  սկզբնական յարձակումները, սակայն թշնամիին  ռազմական առաւելութիւնը աստիճանաբար զգացնել տուաւ իր   ազդեցութիւնը:

Հերոսամարտի  վերջաւորութեան միայն  յիսուն  բնակարաններ  կանգուն մնացին Ուրֆայի    2300  տուներէն:  Թրքական հրետանին  աւերակի  վերածեց   հայկական թաղամասերը  եւ  ամրոցները:  Զինուորական Խորհուրդի անդամներէն  շատեր, անձնուիրաբար  կռուելէ ետք, թշնամիին  ձեռքը  գերի  չիյնալու  համար, անձնասպանութիւն գործեցին:  Ողջ մնացողները աքսորուեցան Իրաքի եւ Սուրիոյ անապատները:  Քիչեր հասան Հալէպ: Փակուեցաւ  հայու    արիւնով  ներկուած   մեր ժողովուրդի պատմութեան տխուր մէկ  էջը…:

Գերմանական  աղբիւրներու համաձայն,  թրքական կողմը նոյնպէս ունեցած է կորուստներ:  Անգլիական աղբիւրներ մինչեւ երերք հազար կը գնահատեն  թրքական բանակին  կորուստները:

Ուրֆայի   հերոսական  պաշտպանութիւնը աչքաթողի չմատնուեցաւ: Ժամանակակիցներէն շատեր դատապարտելէ ետք  թրքական բարբարոսութիւնները  վեր առին  հայ ժողովուրդի  ինքնապաշտպանութեան ոգին:  Հայ  ժողովուրդի բարեկամ Ֆրիտիոֆ Նանսէն իր յուշերուն մէջ  գրած է .« Ուրֆայի հայերը զոհուեցան  բազում անգամ  թիւով   գերազանց   թշնամիի դէմ կատաղի պայքարէն  ետք»:  Հանրի Պարպի գրած է ՝ Ուրֆայի  հայերը  իսկական կռիւի մէջ մտան թուրք  ջարդարարներու դէմ եւ  տեղի տուին միայն կառավարութեան  կողմէ  ուղարկուած  զօրքերու  բազմաքանակութեանը»:

Սակայն մեծագոյն գնահատականը  տուած է նոյնինքն  թշնամիի բանակին հրամանատարներէն  Ֆահրի Փաշա կոչեցեալը.« Ին՞չ պիտի ըլլար մեր վիճակը, եթէ այս ծանր  օրերուն,  քանի մը Ուրֆաներ  ծառանային մեր դէմ…»: Ուրֆայի  հերոսական  ինքնապաշտպանութիւնը հայ  ժողովուրդի ազգային ազատագրական  պայքարի  պատմութեան  փառաւոր  էջերէն մէկն է:

Վերածնած հայ  ժողովուրդը Ուրֆայէն մինչեւ Վան, Շապին Գարահիսարէն մինչեւ Հաճըն, Երեւանէն՝ Պէյրութ եւ այլուր կ’ապրի իր նահատակներուն պատգամով, իրականացնելով ազատ ու անկախ  հայրենիք ունենալու անոնց  երազը:  Ցեղասպանը  լաւատեղեակ  է՝ ոչինչ կը մոռցուի  եւ ոչ ոք պիտի  մոռցուի պատմութեան լուսանցքներուն մէջ:

Հաշուետուութեան եւ արդարութեան ժամը պիտի  հնչէ եւ  յայնժամ  դարձեալ պիտի խայտան   հոգիները Վանի, Ուրֆայի, Հաճընի,Սասունի, Շապին Գարահիսարի մեր բիւրաւոր   հերոսներուն :

 

Previous Post

Journo Reveals Bill Clinton Asked Tony Blair for ‘Favor’ in 2000

Next Post

#VVP67 Drawn in Sky Over Hollywood in Suspected ‘Happy Birthday’ Message to Putin – Photo, Video

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.