ՄՈՍԿՈՒԱ, «Սփութնիք».- Ռուսիոյ Ազատական ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար Վլատիմիր Ժիրինովսքի յայտնած է, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան սկսած է համոզուելու, որ նախընտրելի է Ռուսիոյ հետ համագործակցիլ, քան Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան համար կարգի սպասել:
Պատկերասփռուած զրոյցի մը ընթացքին Ժիրինովսքի ըսած է, թէ Ռուսիա պէտք է անմիջապէս Իրանէն եւ Թուրքիայէն պահանջէ իրենց տարածքներուն մէջ ռուսական ծովուժի եւ օդուժի ռազմակայաններ բանալ՝ աւելցնելով, որ ներկայիս թրքական եւ ամերիկեան ուժերու վերահսկողութեան տակ գտնուող Ինճիրլիքի ռազմակայանը եւս կրնայ վերածուիլ ռուսական ռազմակայանի: