Այն պահուն երբ աշխարհը կեդրոնացած էր Ուքրանիոյ մէջ պատահած օդանաւային ողբերգութեան վրայ, իսրայէլեան բանակը ցամաքային արշաւ մը ձեռնարկեց Կազայի ուղղութեամբ, իբրեւ իսրայէլապաղետինեան 66-ամեայ հակամարտութեան նորագոյն արարը:
Վերջին տասնամեակին, իսրայէլեան բանակը չորս տարբեր զինուորական գործողութիւններ սանձազերծած է Կազայի փոքր տարածութեան վրայ՝ 2006,2008,2012 եւ անշուշտ՝ 2014: Իւրաքանչիւրին միեւնոյն պատճառաբանութիւնը՝ Իսրայէլի ուղղութեամբ Համասի արձակած հրթիռները: Մարդկային մեծ թիւով զոհեր,նիւթական, տնտեսական կորուստներ, զինադադարի ուշացած նախաձեռնութիւններ, սակայն յայտնապէս ոչինչ կ’ենթարկուի փոփոխութեան. զէնքերու հոսքը դարձեալ կը շարունակուի դէպի Կազա, նոր գետնուղիներ կը կառուցուին Կազայի յատակէն դէպի Եգիպտոս…: Սենարիոյին կրկնութիւնը երաշխաւորուած է, այնքան ժամանակ որ միջազգային ընտանիքը կը զլանայ քննարկելու հակամարտութեան հիմնապատճառները եւ ցուցաբերէ զայն կարգաւորելու վճռակամութիւն: Տեղին է հարցնել Ճոն Քերրիին՝ ին՞չ կը կատարէր վերջին տարիներուն Միջին Արեւելք կատարած շրջագայութիւններուն ընթացքին:
Պետական քարտուղարը կը խոստովանի, թէ որեւէ զինադադարը ենթակայ է փուլ գալու,այնքան ժամանակ,որ կողմերը պատրաստ չեն հիմնական լուծումին: Բայց ամերիկացի դիանագէտը ինչպէ՞ս կը պատկերացնէ լուծումը, երբ Իսրայէլ ամէն գնով կ’անտեսէ պետականութիւն եւ հայրենիք ունենալու պաղեստինցի ժողովուրդին իրաւունքը: Մատրիտէն՝ Օսլօ, ապա՝ Միջին Արեւելքի Քառանդամ Յանձնախումբին (ՄԱԿ, Եւրոպական Միութիւն, Միացեալ Նահանգներ եւ Ռուսիա) հովանաւորութեամբ տեղի ունեցող բանակցութիւններու ընթացքին, Իսրայէլ կը շարունակէ արաբական բռնագրաւեալ հողերու վրայ բնակութեան ծրագիրները, շրջափակած կը պահէ Կազան, տնտեսական, ընկերային, մարդկային ամենաստոր զրկանքներուն կ’ենթարկէ անոր բնակչութիւնը:
Ո՞ր արդարութեան մասին է, խօսքը, երբ սիոնական պետութիւնը չնեղացնելու մտահոգութեամբ, ՄԱԿ եւ որոշումի տէր այլ ամպիոններ կը խուսափին իրենց վճռական խօսքը ըսելու իսրայէլեան կամայականութիւններուն հանդէպ:Երբ Արաբական Լիկան գրեթէ լռութեամբ կը դիմաւորէ Կազայի ժողովուրդին տառապանքները: Երբ «Սի.Էն.Էն», «Պի.Պի.Սի» եւ անոնց ենթակայ քարոզչական լծակները կը խեղաթիւրեն ճշմարտութիւնը, զոհի տեղ կը ներկայացնեն մեղաւորը, փոխարէնը՝ անէծք ու նախատինք կը տեղացնեն Համասի գլխուն: Մինչեւ եր՞բ Կազայի սահմանները շղթայուած պիտի մնան իսրայէլեան բանակին հսկողութեան տակ:
Կազայէն հաղորդուող լուրերը մտահոգիչ են: Նոր ռմբակոծում, մատղաշ նոր զոհեր: Ահաբեկիչը կը հարուածէ բանտարկուած քաղաքացիներ, դպրոցներ, հիւանդանոցներ:
Այս յօդուածը գրելու ընթացքին, պահ մը հարց կու տայի. Արդեօք քանի՞ի պիտի բարձրանային պաղեստինցի զոհերուն թիւը: Պաշտօնական տուեալներով 1980 պաղեստինցիներ զոհուած են ցարդ, որոնց մէկ երրորդը՝ անչափահասներ: Իսրայէլեան զոհերը կը հաշուեն 67: Յօդուածը պիտի չգրէի, եթէ բրիտանկան մամուլի մէջ երէկուան համարներու մէջ ականատեսը չդառնայի Շաբաթ օր զոհուած երեխաներու նկարներուն…: Էսսէմ Ամար՝ չորսամեայ «ահաբեկիչ» մը, կողքին երկարած էր տասնամեայ «ահաբեկիչ» Հինտ Շատի Հարպէյտի անշնչացած մարմինը: Բոլորը՝ ահաբեկիչներ վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի կարծիքով: Երկու հէգ երեխաները ապաննուած էին դպրոցական խաղավայրի մը մէջ: Անոնց նկարներուն կողքին, հիւանդանոցներու մէջ հաշմ դարձած, մարմնի տարբեր մասերու մէջ այրուածք ստացած, կուրացած, հրետանիներու արձակած ռումբերուն տակ թաղուած երեխաներու նկարներ: Ահաբեկչութիւնը կը հարուածէ շղթայուած քաղաքացիները, դպրոցները, հիւանդանոցները: Ցաւալի ճշմարտութիւն մըն ալ այն է, թէ արաբական աշխարհի կարգ մը երկիրներ Համասը աւելի վտանգաւոր կը նկատեն քան՝ Իսրայէլը: Աշխարհի բոլոր ժողովուրդներուն նման, Կազայի ժողովուրդը կը պահանջէ ազատութիւն:
Քսան եւ հինգ մղոն երկարութեամբ,եօթ մղոն լայնքով հատուած մը՝ Կազան, դարձած է 1.8 միլիոն պաղեստինցիներու հայրենիքը: Շրջափակուած, աշխարհէն զրկուած Կազայի բնակիչները, ութ տարի շարունակ իրենց սննդեղէնը, դեղօրայքը, ջուրը, ելեկտրականութիւնը,բնակարանային շինութեան աւազն ու քարը, վառելանիւթը եւ տակաւին տարրական անհրաժեշտութիւն ներկայացնող առաջանութիւններ միայն Իսրայէլի բարեհաճութեամբ կրնան ստանալ: Ո՞վ է իսկական ահաբեկիչը խնդրեմ լուսաբանեցէք: Ահաբեկիչը վայրագութեան ճանապարհով իր քաղաքական պայմանները կը թելադրէ պաղեստինցիներուն եւ հաշուեյարդարի կ’ենթարկէ զանոնք,որովհետեւ Մահմուտ Ապպաս հաշտութիւն կնքեց Համասի հետ,որուն լոյսին տակ կազմուեցաւ ազգային միասնականութեան պաղեստինեան նոր կառավարութեան:
Իսրայէլացի պատմաբան Իլլան Փափէ, վերջերս կատարեց հետեւեալ ուշագրաւ հաստատումը. 2000 թուականէն սկսեալ իսրայէլեան բանակը սպաննած է առնուազն չորս հազար հինգ հարիւր պաղեստինցի,վիրաւորած՝ առնուազն քսան եւ վեց հազար: Պատմաբանը այս զարհուրելի վիճակագրութեան լոյսին տակ ցաւ կը յայտնէ, թէ մամուլ, լրատուական եւ քարոզչական տարբեր միջոցներ կը փորձեն մոռացութեան մատնել պատմութիւնը, հակամարտութեան հիմնապատճառը: «Պատմութիւնը կը խմբագրեն կարծէք երէկ սկսած ըլլար ան՝ բողոքելով Կազայէն արձակուած հրթիռներուն: Ինչպէ՞ս մեկնաբանել այս անտարբերութիւնը, իբրեւ վախի նշա՞ն … հապա եթէ պատահեր,որ հազար ութ հարիւր իսրայէլացիներ մահանային եւ միայն 67 պաղեստինցիներ». կը հարցնէ պատմաբանը…:
Այսօր,Գահիրէի բանակցութիւններուն մասնակից իսրայէլեան եւ պաղեստինեան պատուիրակութիւնները կը խօսին յաղթանակի մասին: Խորքին մէջ, ոչ ոք յաղթանակով դուրս պիտի ելլէ իսրայէլապաղետինեան հակամարտութենէն,մինչեւ ամբողջական եւ մնայուն լուծումի մը գոյառումը: Միւս կողմէ, շրջանային զարգացումներու լոյսին տակ, ճիշդ պիտի չըլլայ նեղ անկեան տակ դիտել իսրայէլապաղեստինեան հակամարտութիւնը, զայն մեկուսացնել Միջին Արեւելքի զարգացումներէն: Համայն Միջին Արեւելքը փոթորկած է այսօր: Իսլամիստներու թափանցումը Իրաք, Սուրիա, մասամբ նաեւ՝ Լիբանան, սիւննի – շիի հակամարտութիւնը, իսլամական համայնքներու տարբեր հատուածներու միջեւ ճեղքերը, Իրաքի քրիստոնեաններուն եւ այլ փոքրամասնութիւններուն վրայ իսլամիստներու յարձակումը: Ծայրայեղականութեան փոթորիկ եւ անկայունութիւն ամէնուրեք: Ճիշդ այս մտահոգութիւններէն մեկնելով Միացեալ Նահանգներ պարտաւոր է աւելի վճռական կեցուածք ցուցաբերելու Գահիրէի բանակցութիւններուն, մնայուն խաղաղութեան մեկնակէտի վերածելով իսրայէլապաղեստինեան հանդիպումները: Իսրայէլ պարտի դադրեցնել Կազայի շրջափակումը, Համաս՝ Իսրայէլի ուղղութեամբ հրթիռները եւ վերսկսիլ խաղաղութեան բանակցութիւններուն:
Կազայի վերջին ողբերգութեան նման ծանր իրադարձութիւններ, իսկական փոխհասկացութեան եւ խաղաղութեան մեկնակէտ ծառայած են ժողովուրդներու պատմութեան մէջ…:
ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ