ԵՐԱՆ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ
Ինչպէ՞ս Զատիկ տօնե՛լ, ցնծա՛լ,
Սեղան բանալ, գինարբենալ,
Երբ մեր հողը սուրբ, հնամեայ
Եռաբլուր դարձաւ համակ…
Երբ օրը՝ նոր, ցանկեր կան նոր
Զոհուածներու, հերոս տղոց,
Որոնք ինկան ահեղ մարտին
Գրկելով հողը հայրենի…
Ու դեռ անձինք գերեվարեալ
Կը տնքան լուռ ու ցաւատանջ
Արնակուլին երախին մէջ,
Հիւծին դանդաղ ու հե՛ւ ի հե՛ւ:
Ինչպէ՞ս, ինչպէ՞ս տօնախմբել,
Երբ մեր երկրին սո՛ւգ է աւե՛ր,
Կուչ են եկեր մայրեր, հայրեր
Եւ օճախներ պայծառաշէն:
Սուրբ Զատիկ է, գարնան ամիս,
Բայց ծիլերը մեր հին ծառին
Բողբո՛ջ-բողբո՛ջ կարկտահար,
Հազա՛ր-հազա՛ր հողին ինկան…
Հողս նախնեաց բզի՛կ-բզի՛կ
Պատա՛ռ-պատա՛ռ յափշտակուի,
Վանք ու խաչքար սրբապղծուին,
Աւերակուին կամ իւրացուին:
Ու Գողգոթան մեր կ’երկարի
Արիւնլուայ ու ողբագին,
Խաչելութիւնն ազգիս հայոց
Դանդաղ սպառում մ’է արնածո՛ր:
Ես չեմ ուզեր Զատկուան Տօն,
Սեղան առատ, բաժակ գինուոյ:
Միայն ո՛վ Տէր, հրաշքով Վերին,
Սուրբ Յարութիւն տուր իմ ազգիս:
Հըրաշափառ թող ան յառնու,
Բուժէ վէրքերն արիւնլուայ,
Միաւորուի ու զօրանայ,
Դիմաւորէ նոր ԱՐՇԱԼՈՅՍ: