Չափազանցութիւն չ՛ըլլար, եթէ ըսենք, որ 2019 թուականին դրական առումով ամենամեծ բաժինը հասած է ՀՀ Զինուած ուժերուն:
Sputnik-ի լրագրող Աշոտ Սաֆարեանի հաղորդմամբ՝ 2019 թուականը հայկական բանակին համար յաջող տարի էր: Բարեփոխումները անդրադարձան ԶՈՒի գործունէութեան՝ գրեթէ բոլոր առանցքային ուղղութիւններուն վրայ:
Նոր սպառազինութիւն ու ռազմատեխնիկա, սնունդի համակարգի արմատական փոփոխութիւն, զինծառայողներու հիմնադրամի գործունէութեան ժամային շրջանակներու ընդլայնում, շփման գիծի վրայ ենթակառուցուածքներու բարելաւում եւ բազմաթիւ այլ ասպեկտներ (երեւոյթ-ներ-Խմբ.). իւրաքանչիւրը առանձին-առանձին ուշադրութեան եւ վերլուծութեան արժանի են:
ԱՀԵՂ «ՏՈՌ» ԱՍՏՈՒԱԾ
Տարեվերջին մենք տեսանք Ռուսաստանէն գնուած «Տոռ-Մ2ԿՄ» ժամանակակից զենիթահրթիռային համալիրները: ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան նոյնիսկ «սելֆի» առած էր այդ համալիրներու ֆոնին (խորապատկերին վրայ-Խմբ.):
«Տոռը» ժամանակակից զենիթահրթիռային համալիր է, որ կրնայ նոյնիսկ անձնակազմի բացակայութեան պարագային, պայքարիլ որեւէ օդային յարձակումի դէմ, ներառեալ՝ բարձր ճշգրտութեան հրթիռները:
Համալիրը ստեղծուած է օդային հարուածներէն զինուորական, տնտեսական եւ այլ զինակէտեր պաշտպանելու համար: Կրնայ պայքարիլ հակառակորդի տարբեր տեսակի հրթիւռներու, ԱԹՍներու (անօդաչու թռչող սարք), ինքնաթիռներու եւ ուղղաթիռներու դէմ: «Տոռ»ը իսկական մղձաւանջ կրնայ դառնալ հակառակորդի որեւէ ռազմաօդանաւի համար:
«Տոռ» համակարգերու ձեռքբերման մասին կը խօսէին դեռ անցած տարուան գարնան: Սակայն ռազմական ղեկավարութիւնը մատակարարման ժամկէտը գաղտնի պահեց մինչեւ վերջ: Եւ ահա անոնք արդէն հասած են: Համալիրներու առկայութիւնը ՀՀ հակաօդային պաշտպանութեան շատ մեծ առաւելութիւններ կու տայ եւ զայն առաւել արդիւնաւէտ կը դարձնէ:
ՆԱԽԵՒԱՌԱՋ ՌԱԶՄԱԿԱՆ ՕԴԱՆԱՒԵՐԸ
2019 թուականին սկիզբը իմացանք 4+ սերունդի Սու-30ՍՄ կործանիչներու 4 միաւոր գնելու մասին: Այդ ժամանակ Sputnik Արմենիա գործակալութիւնը յայտնած էր կործանիչներու մատակարարման պայմանագիրին ստորագրման լուրը:
Մեքենաները Հայաստան ժամանած էին 2019 թուականի Դեկտեմբերի վերջը: Հայաստանը հետագային մտադիր է նման առնուազն 8 ինքնաթիռ ձեռք բերել:
Սու-30ՍՄը կրնայ բարձր ճշգրտութեան հարուածներ հասցնել հակառակորդի առանցքային օբյէկտներուն (թիրախներուն-Խմբ.), ինչ որ կարելի չէ ըսել Ատրպէյճանի մէջ առկայ ՄիԳ-29 կործանիչներուն մասին:
Սու-30ՍՄը կրնայ օգտագործել սպառազինութեան լայն շրջանակ, ինչպէս՝ նոյն X59 ՄԿ2ները, որոնք կրնան մինչեւ 285 քմ. հեռաւորութենէ հարուածներ հասցնել ռազմական թիրախներուն: Ան նաեւ կրնայ յաջողապէս պայքարիլ հակառակորդի հակաօդային համակարգերուն դէմ:
ՋՈՒՐԸ ԿԵԱՆՔ Է
Մէկ տարուան ընթացքին մեծ աշխատանք տարուած է հայ-ատրպէյճանական սահմանին եւ ԼՂՀ շփման գիծին՝ մարտական հերթապահութեան պայմանները բարելաւելու հարցով: Դեռ Օգոստոսի վերջը ՀՀ կառավարութիւնը որոշում կայացուց լրացուցիչ 2.1 մլռ. դրամ յատկացնել այդ նպատակին:
2019 թուականին աւելցաւ արեւային մարտկոցներով յագեցած դիրքերու, էապէս աւելցան ջերմային պատկերապատիչներու եւ վերահսկման այլ սարքերու քանակը: Դիրքերու մոնիթորինկի (վերահսկումի-Խմբ.) միջոցներով զինումը թոյլ կու տայ ժամանակին նկատելու դիվերսիոն (խափանարար-Խմբ.) խումբերու տեղաշարժը եւ անոնց արժանի հակահարուած տալու: Տարեվերջին մարտական դիրքերու շուրջ 35 տոկոսը ապահովուած էր խմելու ջուրով: Այս մէկը չափազանց կարեւոր ցուցանիշ է, որ կ՛աւելցնէ մարտական դիրքերու ինքնաբաւ ըլլալը:
ԻՒՐԱՅԻՆՆԵՐԸ ԴԺԲԱԽՏՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ՄԻՆԱԿ ՉԵՆ ՁԳԵՐ
2019 թուականին զգալիօրէն աւելցած է զինծառայողներու ապահովագրութեան հիմնադրամի շահառուներուն ցանկը: Ի սկզբանէ, երբ հիմնադրամը կը ստեղծուէր, կը նախատեսուէր ծրագիրին մէջ ներառել միայն 2017 թուականի Յունուարէն վիրաւորուած կամ զոհուած զինծառայողները:
Սակայն 2018 թուականին ընթացքին եւ յատկապէս 2019 թուականին քանի մը անգամ ժամանակային շեմը «տեղաշարժած» է: Ասոր որպէս արդիւնք 2020 թուականի Յունուարէն սկսեալ հիմնադրամը կը սկսի գումար յատկացնել 1998 թուականէն հայրենիքի պաշտպանութեան ընթացքին զոհուած զինծառայողներու ընտանիքներուն եւ 1ին ու 2րդ կարգի հաշմանդամութիւն ունեցող զինծառայողներուն:
Պաշտպանութեան նախարարութիւնը շատ անգամ նշած է, որ կ՛ուզէ աստիճանաբար հասնիլ մինչեւ 1992 թուական: Փոխհատուցում կը ստանան զոհուած զինուորներու եւ սպաներու ընտանիքները, ինչպէս նաեւ 1ին եւ 2րդ կարգի հաշմանդամութիւն ունեցող զինծառայողները: Զոհուած զինծառայողներուն եւ 1ին կարգի հաշմանդամներուն տրուող փոխհատուցումը կը տատանի 52-82 մլն. դրամի սահմաններուն մէջ: 52 մլն. կը ստանան շարքայինները, 72 մլն.՝ ենթասպաները եւ 82 մլն. դրամ՝ սպաները: Ընդ որում՝ 10 մլն.ը կը տրուի միանուագ, իսկ մնացածը՝ 20 տարուան ընթացքին, ամսական 200-300,000 դրամ:
2րդ կարգի հաշմանդամներու փոխհատուցումը կը կազմէ 26-52 մլն. դրամ՝ կրկին զինուորական կոչումէն կախեալ: Անոնցմէ 5 մլն.ը կը յատկացուի միանուագ, մնացածը՝ 20 տարուան ընթացքին՝ ամսական 100-200 հազար դրամի չափով: Հիմնադրամին գումարները կը ձեւաւորուին ՀՀ քաղաքացիներու աշխատավարձերէն գանձուող ամէնամեայ վճարներու հաշուին: Իւրաքանչիւր պաշտօնապէս գրանցուած աշխատող ամսական 1000 դրամ կը վճարէ:
ԵՐՋԱՆԿՈՒԹԻՒՆԸ ՈՉ ԹԷ ԴՐԱՄԻՆ ՄԷՋՆ Է, ԱՅԼ՝ ՔԱՆԱԿԻՆ
Ռազմական բարեփոխումներուն մէջ կարեւոր տեղ գրաւեց 2019 թուականի Յունիսէն սկսեալ զինծառայողներուն աշխատավարձերու բարձրացումը: Շարքայիններուն եւ սպաներուն նիւթապէս շահագրգռելը ոչ պակաս նշանակալի գործօն է մարտունակութեան առումով, որքան՝ ժամանակակից սպառազինութիւններու ձեռքբերումը: Ընդ որում, բարձրացումը կախեալ է զինծառայողի «ռանգ»էն (աստիճանէն-Խմբ.): Աշխատավարձերու աճը, այսպիսով, կազմած է 5 տոկոս՝ բարձրագոյն սպայական կազմին համար, աւագ սպայական կազմը ստացած է 8 տոկոսի յաւելում, կրտսեր սպայական կազմը՝ 13 տոկոս, աւագ ենթասպաները՝ 15 տոկոս, կրտսեր ենթասպաները եւ պայմանագրային ծառայութեան շարքային կազմը՝ 18 տոկոս:
Աւելի կոնկրետ (յստակ-Խմբ.) իրավիճակը հետեւեալ տեսքը ունի. գունդի հրամանատարներու աշխատավարձը աւելցած է 23 հազարով (7 տոկոս), գունդի զօրահրամանատարներու տեղակալներունը՝ 20 հազար դրամով (7 տոկոս), գումարտակի հրամանատարներունը՝ 85 հազար դրամով (12 տոկոս), վաշտի հրամանատարներունը՝ 96 հազար դրամով (18 տոկոս), դասակի հրամանատարներունը՝ 72 հազար դրամով (18 տոկոս), աւագ ենթասպաներունը՝ 38 հազար դրամով (18 տոկոս), պայմանագրային ծառայութեան շարքային զինուորականներունը՝ 30 հազար դրամով (18 տոկոս):
«ԱՆ ՈՐ Չ՛ՈՒԶԵՐ ԿԵՐԱԿՐԵԼ ՍԵՓԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԸ, ԿԸ ԿԵՐԱԿՐԷ ՕՏԱՐԻՆԸ…»
Կարծես թէ բարեփոխումներուն գագաթնակէտը դարձաւ զինծառայողներուն սնունդի կազմակերպման բացարձակապէս նոր համակարգը: ՀՀ կառավարութիւնը դեռեւս 2019 թուականի Փետրուար 21ին որոշեց փոփոխութիւններ մտցնել բանակին համար պարէնի գնման գործընթացին մէջ:
Այժմ պարէնամթերքը կը մատակարարէ մասնաւոր հատուածը: Այն նաեւ կը կազմակերպէ սնունդի պատրաստման եւ բաժանման գործընթացը:
Զինծառայողները այժմ կ՛օգտուին «շուէտական սեղան»էն՝ համեղ եւ տարատեսակ սնունդով: Նոր համակարգը նաեւ թոյլ կու տայ ամբողջութեամբ բացառելու հերթապահութիւնները խոհանոցին մէջ: Անձնակազմը այսուհետեւ չի միջամտեր սնունդի պատրաստման գործընթացին եւ կը զբաղի բացառապէս մարտական պատրաստուածութեամբ:
Նոր համակարգին անցումը կը կատարուի աստիճանաբար: Այսօր այն կը գործէ 30 զօրամասերու մէջ, սակայն ժամանակի ընթացքին կը նախատեսուի զայն տարածել առանց բացառութեան բոլոր զօրամասերուն մէջ: Պարենամթերքի մատակարարման եւ պատրաստման գործընթացին մէջ ներգրաւուած է 4 մասնաւոր ընկերութիւն, անոնց թիւը եւս կ՛աւելնայ:
Հարկ է նշել, որ այս մէկը բանակին մէջ տեղի ունեցած փոփոխութիւններուն ամբողջական ցանկը չէ: Մենք պարզապէս յիշատակեցինք առաւել «գովազդուածները»: Որոշ բնագաւառներ լուսաբանման ենթակայ չեն՝ հաշուի առնելով անոնց առանձնայատկութիւնները, որոնք եւ ամենաշատը կ՛ազդեն որակի եւ հայկական ԶՈՒի մարտական պատրաստուածութեան մակարդակին վրայ: