Յարութ Սասունեան
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Պոլսոյ Հայոց պատրիարք Սահակ Մաշալեան անգամ մը եւս հանդէս եկաւ թրքամէտ յայտարարութեամբ, այս անգամ Հայոց Ցեղասպանութեան տարելիցին ընդառաջ՝ փորձելով գոհացնել իր թուրք տէրերը եւ արժեզրկել նախագահ Ճօ Պայտընի 24 Ապրիլի ճանաչումը:
Բոլորս ալ կը հասկնանք, որ Թուրքիոյ հայ համայնքը եւ պատրիարքը պատանդ են Թուրքիոյ կառավարութեան ձեռքը: Իբրեւ այդպիսին, անոնք ճնշման տակ են՝ թրքամէտ յայտարարութիւններ ընելու համար: Այսուամենայնիւ, կան կարմիր գիծեր, զորս ոչ մէկ հայ պէտք է հատէ՝ անկախ հանգամանքներէ կամ պատճառներէ: Մեր նախնիները զոհաբերեցին իրենց կեանքը Ցեղասպանութեան ընթացքին՝ չյանձնուելով թրքական ճնշումներուն եւ ֆիզիքական սպառնալիքներուն: Պատրիարքը, որ կը համարուի Աստուծոյ մարդը, պարտաւոր է ճշմարտութիւնը ըսել, նոյնիսկ եթէ իր կեանքին վտանգ կը սպառնայ:
Ինչպէս որ առաջարկած էի աւելի կանուխ, եթէ պատրիարքը չի փափաքիր հարցեր ունենալ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն հետ, ապա պարզապէս պէտք է բերանը փակ պահէ: Ան ինքնագլուխ յայտարարութիւններ պէտք չէ ընէ ոչ-կրօնական հարցերու մասին եւ պէտք չէ պղծէ 1.5 միլիոն զոհուած հայերու սուրբ յիշատակը: Պէտք չէ եզրակացնել, որ ամէն անգամ, երբ պատրիարքը թրքամէտ յայտարարութիւն կ՛ընէ, անպայման հարկադրանքի տակ կ՛ընէ: Աւելին, պատրիարքը պէտք է ինքնիրեն հարցնէ՝ արդեօ՞ք հայ համայնքը որեւէ շահ ապահոված է իր թրքամէտ բազմաթիւ յայտարարութիւններուն դիմաց:
Անշուշտ, Թուրքիոյ կառավարութիւնը բազմիցս շահարկած է պատրիարքին խօսքերը` վերջինիս թրքամէտ քարոզչութիւնը տարածելով ամբողջ աշխարհի մէջ: Օրինակ՝ 23 Ապրիլ 2021ին, երբ յայտնի դարձաւ, որ Պայտըն հանդէս պիտի գայ՝ իր կողմէ շատ ակնկալելի Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչմամբ, Թուրքիոյ կառավարութեան լրատուական պաշտօնական ծառայութիւնը՝ «Անատոլու» լրատուական գործակալութիւնը, տեղեկացուց պատրիարք Մաշալեանի կողմէ Պայտընի գալիք ուղերձի դատապարտման մասին։ «Անատոլու»ն իր «լուրը» վերնագրեց պատրիարքին խօսքերով․ «1915ի միջադէպերու քաղաքականութեան համար օգտագործումը կը տխրեցնէ հայերը»:
Պայտընի կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչումը, զոր հայերը ողջունեցին ամբողջ աշխարհի վրայ, ինչպէ՞ս կրնար «տխրեցնել հայերը»։ Ընդհակառակն, այդ վշտացուց ուրացող թուրքերը եւ ոգեւորեց հայերը: Պատրիարք Մաշալեան պարզապէս պէտք է զբաղի միայն կրօնական թեմաներով եւ դատողութիւններ չընէ այլ հարցերու մասին: Անկախ անկէ, թէ Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ ճնշում կը գործադրուի քաղաքական յայտարարութիւններ ընելու համար, թէ ան կը վարուի ինքնագլուխ, պատրիարքը պէտք է զերծ մնայ նման դիրքորոշում որդեգրելէ՝ ըսելով, որ իբրեւ հոգեւորական ինք միայն կրօնական թեմաներով կը զբաղի:
Ահա՛ հատուածներ պատրիարք Մաշալեանի կողմէ 23 Ապրիլ 2021ին «Անատոլու» գործակալութեան կատարուած յայտարարութենէն, որ լայնօրէն տարածուեցաւ թրքական լրատուական միջոցներու մէջ.
«Մեզի ցաւ կը պատճառէ այն, երբ կը տեսնենք, որ մեր ժողովուրդին եւ մեր նախնիներու տառապանքները որոշ երկիրներու կողմէ կը դառնան գործիք՝ քաղաքական առօրեայ նպատակներով: Տասնամեակներ շարունակ խորհրդարանական օրակարգերու մէջ այս հիմնահարցի օգտագործման պատճառով յառաջացած լարուածութիւնը չէ ծառայած երկու ժողովուրդներու մերձեցման: Ընդհակառակն, անիկա թշնամական զգացումներ կը յառաջացնէ եւ կը յետաձգէ խաղաղութիւնը: Մենք, ճիշդ ինչպէս մեր նախորդները եւ հանգուցեալ պատրիարքները, պիտի շարունակենք մաղթել խաղաղութիւն, բարեկամութիւն եւ բարեկեցութիւն թուրքերու եւ հայերու միջեւ: Մենք պէտք է խրախուսենք դրացնութեան եւ ընդհանուր հիմքերու վրայ հիմնուած յարաբերութիւններու արագ վերականգնումը։ Մենք կը նախընտրենք ըլլալ մէկը անոնցմէ, որոնք յոյսով կ՛ակնկալեն վերականգնումը Թուրքիոյ եւ Հայաստանի իշխանութիւններու միջեւ բարի դրացիական յարաբերութիւններու, որոնք բնորոշ են այս հողերուն եւ գոյութիւն ունին երկու համայնքներու աւանդոյթներուն մէջ: Յարգելի Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան եւ՛ իբրեւ վարչապետ, եւ՛ իբրեւ նախագահ, Թուրքիոյ Հանրապետութեան պատմութեան մէջ եղած է միակ բարձրագոյն պետական պաշտօնեան, որ այս առիթով ուղերձներ յղած է։ Այս ուղերձները ցոյց կու տան ոգի մը, որ կը կիսէ մեր ցաւը եւ յստակ յարգանք կը ցուցաբերէ աքսորի մէջ իրենց կեանքը կորսնցուցած մեր ազգի զաւակներուն նկատմամբ։ Մեր կարծիքով, տեղին է ասոնք ընդունիլ իբրեւ դրական քայլեր՝ ուղղուած ապագայի մերձեցման։ Եթէ կարելի ըլլար ստեղծել անոնց (Թուրքիոյ) առաջարկած պատմութեան միացեալ յանձնախումբը, ապա առնուազն 15 տարիով յառաջընթաց արձանագրուած կ՛ըլլար: Եթէ կարելի ըլլար իրականացնել (Հայ-թրքական) արձանագրութիւնները, ապա սահմանները կրնային բացուած ըլլալ։ Այդ պարագային Ղարաբաղի (հարցի) լուծումը կրնար ուրիշ կերպով ըլլալ: Մենք չենք կարծեր, որ դեռ ուշ է։ Վեց երկիրներու բեմ կառուցելու նախագիծը, որ մեր յարգելի նախագահը առաջարկած է Կովկասի համար, կրնայ դարուն խաղաղութիւնը բերել տարածաշրջանի համայնքներուն»:
Կասկած չձգելով պատրիարքի թրքամէտ դիրքորոշման մասին, Թուրքիոյ հաղորդակցութիւններու գծով տնօրէն Ֆահրեթթին Ալթուն հաւանութիւն տուաւ անոր յայտարարութեան. «Թուրքիոյ Հայոց պատրիարք Սահակ Մաշալեան տեղին նշեց, որ անցեալի տառապանքները պէտք չէ օգտագործուին քաղաքական կարճաժամկէտ շահերու համար: (Պատրիարքը ըսաւ). մենք պիտի շարունակենք այս երկրին մէջ միասին ապրիլ խաղաղ եւ իբրեւ քոյրեր ու եղբայրներ»։
Թուրքիոյ նախագահի խօսնակ Իպրահիմ Քալըն նոյնպէս զօրակցութիւն յայտնեց Մաշալեանի խօսքերուն. «Քաղաքական նեղ օրակարգի համար պատմութիւնը չարաշահելը ո՛չ անցեալին կ՛օգնէ, ոչ ալ ներկային»:
Հետաքրքրական է, որ Էրտողան 24 Ապրիլին նամակ ուղարկած է Պոլսոյ Հայոց պատրիարքին՝ հերքելով Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ համաձայնելով պատրիարքի խօսքերուն: Զարմանալի չէ, որ պատրիարքական ընտրութիւններուն Թուրքիոյ կառավարութիւնը կը պաշտպանէր արքեպիսկոպոս Մաշալեանի թեկնածութիւնը, քան այլ՝ նուազ հնազանդներու թեկնածութիւնը։
Պատրիարքը պէտք է գիտակցի, որ Թուրքիոյ օգտին քարոզչական յայտարարութիւններ ընելով՝ կը կորսնցնէ իրեն նկատմամբ հայերուն յարգանքը, ինչպէս Թուրքիոյ ներսը, այդպէս ալ դուրսը: Անոր հակահայկական խօսքերը կ՛ըմբռնուին իբրեւ թրքական ծախուած գործակալի արտայայտութիւններ: Հայ Եկեղեցին եւ Թուրքիա գտնուող հայերը պէտք է ճնշում գործադրեն պատրիարքին վրայ եւ պահանջեն անոր հրաժարականը, քանի որ ան կորսնցուցած է հայ համայնքին զօրակցութիւնը եւ այլեւս չի կրնար գործել իբրեւ անոնց հոգեւոր առաջնորդը:
Ամբողջ աշխարհի վրայ միայն հետեւեալ երկիրները քննադատած են նախագահ Պայտընի ապրիլ-քսանչորսեան ուղերձը․ Թուրքիա, Ատրպէյճան, Փաքիստան եւ Հիւսիսային Կիպրոսի չճանչցուած Թրքական Հանրապետութիւնը: Այս իրողութիւնը Հայոց պատրիարքը կը տեղադրէ հայ ժողովուրդի թշնամիներուն ամօթալի ընկերութեան մէջ․․․
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան