Յակոբ Չոլաքեան
22 Նոյեմբերը նահատակներուն նուիրուած յիշատակի օր նշանակուած էր: Յիշատակի արարողութիւն պիտի կատարուէր նաեւ Էջմիածնի մէջ: Ամիսներ շարունակ՝ համավարակի մէջ եւ 44-օրեայ պատերազմէն ետք ատիկա յարմարագոյն պահը պիտի ըլլար մեզի համար՝ ըլլալու մեր ժողովուրդին հետ, միեւնոյն ապրումներով ու ցաւերով զիրար զգալու համար: Ինչ է յիշատակի օրը, եթէ ոչ հաւաքական ուխտի եւ երախտագիտութեան պահ, մեր՝ ապրողներուս համար, նահատակներու ոգեղէն ներկայութեամբ իրարու աւելի մօտիկ ու լռութեամբ հաղորդակից ըլլալու առիթ :
Ընտանեօք հասանք Էջմիածին; Հիւսիսայէն դարպասէն ներս մտանք ուրիշներու հետ:. Շուրջս դիտելու առիթ կար: Էհ, Նոյեմբերը իր գործը ըրած էր արդէն, տերեւաթափ, տերեւի կոյտեր, անշքացած ծաղկանոցներ, եւ ասոնք՝ բնականաբար աւելի կը ծանրացնէին հոս եւս ամէն ինչ անխնամ ձգուած ըլլալու, անհոգատար վերաբերմունքի մը գոյութեան իմ անմիջական տպաւորութիւնս: Մայր Տաճարը տարիներէ իվեր շրջապատեալ է շինարարական պարիսպով ու ամբողջ կառոյցը պատած է երկաթեայ ձողերով: Ասիկա ալ բնականաբար պիտի յիշեցնէ 30ամեակ մը քաշքշուող երկրաշարժի աղէտեալ գօտիին վերականգնումը…
Ինչո՞ւ տխուր են մեր վանքերը: Ինչո՞ւ ճարտարապետական եւ պատմական վեհութիւնն ու շքեղութիւնը պատած է մերօրեայ մռայլութեամբ. չեմ հասկնար:
Սողոմոն թագաւոր մէկ տաճար շինեց, աշխարհի բոլոր մովսիսակններուն աչքերը այդ կողմ դարձած են, իսկ մերը այնքան շատ է, այնքան հարուստ, բայց այնքան քիչ են անոր ուղղուած մեր աչքերը…: Սրբութիւնը ժողովուրդը կը ստեղծէ ու երկինքէն զայն կ՛իջեցնէ ՛՛ցօղ առ ցօղ, ամպ առ ամպ / ու կը թաղուի անոր մէջ հանդարտութեամբ, հեզութեամբ՛՛(ՎԹ):
Բակին մէջ, Սուրբ Տրդատի բաց խորանին դիմաց ենք։ Ոստիկանութեան ու զինուորներու սեղմ շարքերը չէին արտօներ խորանին մօտենալ: Անոնց ետին, ընդարձակ բակին մէջ մէկ-երկու հարիւր մարդ կայ կամ չկայ, շատը դէս ու դէն դեգերող զինուորներ, ոստիկաններ եւ մասամբ նորին, դէս ու դէն վազող կամ օրիորդի մը հետ զրուցող դպրեվանցիներ, մարդիկ, կիներ,տղաք ու աղջիկներ…: Ահա մէկը, միջին տարիքի մարդ մը, որ այստեղ է, այս խաչքարին ետին անշարժ կանգնած, ու այդտեղ մնաց մինչեւ վերջ, անթարթ աչքերը խորանին ուղղած… Երեւի միակը, որ կ՛ուզէր բռնել պահին խորհուրդը ու անով լիանալ…
Կը մտածեմ բաց խորանին մասին: Մենք ունեցած ենք այդպիսիները. միտքս կու գայ Վայոց ձորի Եղեգիս գիւղի Զօրաց եկեղեցին, որուն առջեւ հայոց զօրքերը կու գային ռազմէն առաջ երկնառաք օրհնութիւն ստանալու: Բայց երեւի, այդ խորաններուն համար, իբրեւ սրբավայրի, ամէն կարգի պղծութենէ պաշտպանելու միջոցներ ստեղծած էին մարդիկ, այլապէս այնտեղ ամէն շուն ու կատու պիտի ելլէր, ու ամէն լիրբ գինեմոլ այնտեղ երանութիւն պիտի զգար;
Անոնց սրբութեան կը հաւատային մարդիկ անոնց խոհարհումէն ալ ետք…: Կը յիշեմ Ս. Ստեփանոսի խորանը, Քեսապի Քէօրքիւնէ գիւղին մէջ. այսօր այդ խորանէն մնացած է միայն մեկ-երկու քար, որ կ՛երեւին ետին աճած հսկայ կաղնիի մը բունին մէջ մխրճուած, մէկ մարդահասակ բարձրութեամբ…: Կը պատմեն, որ դար մը առաջ, երբ խորանը տակաւին կուլ չէր գացած կաղնիի կոճղին, հովիւներ իրենց այծերու հօտերը կը բերէին հոն ու խորանին վրայ ցատկող առաջին խոյը կը զենէին այնտեղ իբրեւ մատաղ, հաւատալով որ ատիկա պիտի փրկէ հօտը չարաղէտ հիւանդութիւններէ…
Հաւատք քո փրկեսցէ զքեզ…
Հաւանաբար՝ արարողութիւնը ճիշդ ժամուն սկսաւ: Տեսանք բեմ բարձրացած զգեստաւորեալ եկեղեցականներ. լսելի չէին աղօթք, ընթերցուած եւ շարականներ. երեւի Վահափառն ալ բան մը կարդաց…: Ադ հսկայ բակին մէջ բարձախօս մը դնելը մեր եկեղեցւոյ կարգ ու կանոնին հակառակ է երեւի…: Հեռաւոր պատի մը տակ կանգնած կը մտածէի, որ աս ալ բեմականացում մըն է, ուր գոնէ ես աւելորդ ու անտեղի ներկայութիւն մըն եմ…: Տունը, հեռատեսիլին առջեւ, թերեւս խորհուրդ մը կրնար թափանցել հոգւոյս մէջ…
Մենք բեմական շքեղութիւններու ետեւէ երթալով անշքացուցած ենք նաեւ մեր եկեղեցին, մեր հաւատքի տունը իր խորհուրդով՝ ՛՛իր գաւիթով հիւրընկալ, իր լայն բեմով, ու հեռուն կանգնած իր լուռ խորանով, որ կարծես նաւ մ՛է ծփուն՛՛ (ՎԹ):