ՎԱՐՈՒԺԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ
Ահաւասիկ գիրք մը, որ առանց երկմտութեան կարելի է կոչել մարդակերտումի կոչուած շարժուն կրթարան մը` ուղղուած մեր ժողովուրդին` առանց տարիքի եւ սեռի ու առանց կոչեալի կամ ընտրեալի խտրութեան: Գիրք մը, որ Աստուածաշունչը, իր խորքով, պարզ ու յստակ կը բանայ մեր մարմնաւոր եւ հոգեւոր աչքերուն առջեւ` տեսնելու մենք մեզ, եւ առհասարակ` մարդը Աստուծոյ դէմ յանդիման եւ Աստուած մարդուն կողքին կանգնած: Գիրք մը, որ կը ցոլացնէ զԱստուած եւ մարդ` տեսնելու եւ ապրելու երկրային այս կեանքը, երկնային կեանքի յարաբերութեամբ եւ վայելչութեամբ:
Վաղինակ վարդապետ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան այն միաբաններէն է, որ փոքր տարիքէն կոչումով եւ հաւատարմութեամբ մտաւ Աստուածաշունչ մատեաններուն մէջ, ապրելով անոնց մէջ տարիներ շարունակ պեղեց, քրքրեց, մաղեց ու մշակեց եւ ահա այդ հունձքէն փունջ մը կը դնէ մեր սեղաններուն վրայ, ընթերցողին առջեւ, որ հաւաքէ ու ամբարէ զայն իր հոգիի գանձարանին մէջ, իր կարգին զայն բաշխելու իր հարազատին, իր ընկերոջ, իր բարեկամին, իր դրացիին եւ առհասարակ իր նմանին: Գիրք մը, որ շնորհալի վարդապետը կը դնէ մեր սեղանին վրայ` որպէս բաժակ մը գինի, մեր առօրեայ երկրային հասկերուն ու հացին կողքին, որպէսզի անկէ երկնային սնունդ առնէ իւրաքանչիւր հաւատացեալ` արժեւորելու եւ հարստացնելու իր երկրային կեանքը` ի նպաստ երկնային յաւիտենական կեանքին, որ պսակը կը հանդիսանայ աշխարհային անցաւոր կեանքին: «Բարի պատերազմը մղեցի, կեանքիս ընթացքը աւարտեցի, հաւատքը պահեցի: Ասկէ ետք ինծի կը մնայ միայն սպասել արդարութեան պսակին…» (Բ. Տմ. 4.7):
Այժմէական ու անհրաժեշտ գիրք մը, որ ուղղուած է այսօրուան մարդոց, որոնք, ինչպէս երեւոյթները կը պարզեն, հեռու չեն Քրիստոսի օրերուն ապրած մարդոցմէ, որոնք միայն աւանդութեամբ Աստուծոյ ժողովուրդ կը կոչուէին, մինչ խորքին մէջ փարսախներով հեռու էին Աստուծմէ: Բան չէ փոխուած: Այսօր եւս ժողովուրդներ աւանդութեամբ միայն քրիստոնեայ անունը կը կրեն (Յյտ. 3.1: Բ. Կր. 13.5-6): Աւանդաբար կը մկրտուին, աւանդաբար Ս. Ծնունդ եւ Ս. Զատիկ եւ այլ աստուածադիր տօներ կը հանդիսադրեն: Այո՛, կը հանդիսադրեն, կը ցուցադրեն` հեռու անոնց խորքէն, իմաստէն, անոնց շնորհած պատգամէն ու կեանքէն: Քրիստոսի օրերուն քիչեր փարեցան ճշմարտութեան, այսօր ալ քիչ է թիւը իսկական հաւատացեալներուն… Ոմանք գիտէին, բայց այս գիրքով բոլորը կրնան ըմբռնել, որ Քրիստոս եկաւ իր ուսերուն առնելու համայն մարդկութեան մեղքերը` զանոնք թափելու համար դժոխքի կրակներուն վրայ: Հակառակ ատոր, մարդիկ, ինչպէս իր օրերուն, այսօր եւս նոյն եւ թերեւս աւելի շռայլ մեղքերու մէջ կը տուայտին եւ կ՛աւերեն թէ՛ իրենք զիրենք եւ թէ՛ ամբողջ աշխարհը:
Գրիգոր Նարեկացի` մեծ սուրբը, իր կարգին, իր վրայ առած մարդկային մեղքերը` դեգերեցաւ մարդոց մէջ, որ թեթեւցէ անոնց մեղքերը եւ դեռ կը դեգերի մեր մէջ, եթէ ախորժակ ունինք կարդալու իր անկրկնելի մատեանը` ողբը… եւ մեր կարգին ողբալու, խոստովանելու… եւ մոլորած ճամբէն ետդարձ կատարելու:
Անշուշտ, նեղ սահմաններով, ազգային խնդիր մը չէ այս հարցը, այլ կը կրէ համաշխարհային բնոյթ: Ախտը միայն մեզ չէ, որ կը կրծէ, այլ այսպէս կոչուած ամբողջ քրիստոնեայ ժողովուրդներուն մէջ է, որ աւեր կը գործէ` ապականելով ամբողջ մարդկութիւնը:
Վաղինակ վարդապետի այս գործը եւ զինք կանխող հոգելոյս Զարեհ արքեպիսկոպոսի մեկնաբանական եւ խրատական գործերը, Մակար եպիսկոպոսի աշխատութիւնները, Աստուածաշունչի կողքին, բաւարար են մեր ընթացքը լուսաւորելու եւ անսայթաք կերպով շարունակելու մեր ուսերուն դրուած աստուածընծայ եւ ազգանուէր այդ անհրաժեշտ գործը: Կը մնայ, որ ըլլանք ուշադիր ընթերցող եւ յարատեւ հետեւող:
Ժամանակի ընթացքին, ինչպէս երեւոյթները ցոյց կու տան, մեր ժողովուրդը կամաց կամաց օտարացած է եւ կ՛օտարանայ ինքնիրմէ: Մտաւորականններ յաճախ անդրադարձած են մեր օտարամոլութեան մասին, դիւրութեամբ օտարը որդեգրելու ախտագին երեւոյթի մասին: Այս իսկ պատճառով մեր հայրապետները յաճախ իրենց սրբատառ կոնդակներով խրատած եւ յանդիմանած են իրենց ժամանակի հովիւներն ու հօտը:
Հայրական այդ խօսքերուն մէջ տիրական է հաւատքը եւ ազգը պահելու ու զարգացնելու պահանջը` ուղղուած հոգեւոր թէ աշխարհական հովիւներու, ի՛նչ աստիճանի վրայ ալ գտնուին անոնք:
Հոգեւոր` քրիստոնէական առաքելութիւնը եւ ազգային առաքելութիւնը շատ մօտիկ են իրարու: Հեռանկարը եւ նպատակը այդ առաքելութեանց կը միտին` արծարծ պահել մեր հաւատքը եւ անոր թելադրած համոզումները եւ զգաստ պահել ազգային ոգին` թելադրուած մեր պատմութենէն, մշակոյթէն ու ազգային շահերէն եւ յարմարեցուած ժամանակի պարտադրած պայմաններուն:
Առաջնորդ կամ հովիւ միայն հոգեւոր իմաստով պէտք չէ ընկալել: Այսօր աշխարհական առաջնորդներն ու հովիւները թիւով հարիւրաւոր անգամ կը գերազանցեն հոգեւորները եւ նոյնքան պատասխանատու ու աւելի բարձր դիրքերու վրայ կը գտնուին անոնք եւ հաշուետու են ժողովուրդին: Երկրի ղեկավարները, կուսակցական կամ միութենական առաջնորդները իրաւունք չունին ազգային կամ հայրենական շահերը ոտնակոխելով` հետամուտ ըլլալու իրենց շահերուն: Օրէնքն ու սահմանադրութիւնները մարդիկ կը ստեղծեն, բայց ոգին հողէն ու ազգէն կը բխի եւ անոնց շահերուն միայն պէտք է ծառայէ:
Աստուածաշունչին մէջ հարիւրաւոր համարներ կան, որոնք իրենց պատգամներով եւ ուսուցումներով յստակ կը պատկերացնեն այդ առաքելութիւնը եւ անոր ետին կանգնած առաքեալը` այժմեան բացատրութեամբ` հոգեւոր կամ աշխարհական հովիւը կամ առաջնորդը: Այսօր մանաւանդ դժուար չէ այդ ուղեցոյցները որդեգրել եւ ըստ այնմ դասաւորել մեր խօսքն ու գործը: Աստուածաշունչի կողքին, մեր անմիջական տրամադրութեան տակ ունինք ահաւասիկ նման հատորներ, որոնք մեծապէս կը սատարեն մեզի ուղիղ ընթացք բռնելու եւ ըստ այնմ շարունակելու մեր երթը: Այսօր մեզի կը մնայ, որ ըլլանք ուշադիր ընթերցող:
Ճիշդ է` ընթերցանութիւնը առհասարակ նահանջի մէջ է: Այդ երեւոյթը ամէնուրեք է, աշխարհականներու եւ հոգեւորականներու մօտ: Սակայն յաջողելու համար մեր առաքելութեան մէջ, անհրաժեշտ պէտքը ունինք ընթերցանութեան, թարմանալու, լիցքաւորուելու: Իւրաքանչիւր առաջնորդ, հոգեւորական թէ աշխարհական, ի՛նչ աստիճանի վրայ ալ գտնուի, նկատի պէտք է ունենայ առաջնահերթութիւնը ուսուցանելու, նոր սերմնահատիկներ ցանելու, որուն հիմնովին պատրաստ պիտի ըլլայ նախ ինքը: Հովիւը Աստուծոյ պատգամը պիտի տայ, մեր հայրերուն պատգամը պիտի դրոշմէ հաւատացեալին սրտին վրայ: Աժան ամբոխավարութիւններ կրնան վայրկենական տպաւորել եւ վայրկենական ալ ցնդիլ: Հռետորութիւնն իսկ արուեստ է եւ հիմնուած է խորքի վրայ: Քրիստոս ինքը ուսուցանեց. «Այս ըսածներս, որ լսեցիք, իմ խօսքերս չեն, այլ` խօսքերը Հօրս, որ զիս ղրկեց» (Յհ. 14.24, 8.28,40): Հետեւաբար միշտ նկատի պէտք է ունենալ, որ առաջնորդը ընդհանուրէն ընտրուած է եւ սոսկ իր անձը չի ներկայացներ, ունենալով հանդերձ իր անձնական ոճը:
Հոգեւոր եւ ազգային առաքելութեան մէջ յաջողելու գլխաւոր առանցքը կը կազմէ անձը, անձին կամ անձերու նկարագիրը: Եւ այդ նկարագիրը կը կազմաւորուի Աստուածաշունչի ուսուցումներով եւ ազգային տեսլականով:
Անցնող տասնամեակին 500-է աւելի հայրապետական կոնդակներ ընթերցած եմ եւ սերտած: Կիպրոս, Նոր Ջուղա եւ Երուսաղէմի պատրիարքարան պահպանուած բոլոր կոնդակները: Այս կոնդակներէն կարեւոր մաս մը կը վերաբերի առաջնորդներու, ղեկավարներու, հովիւներու եւ քահանաներու: Ոմանք գնահատագիրներ են, ուրիշներ` թելադրութիւններ, յորդորներ, յանդիմանութիւններ, սաստեր ու պատժագրեր:
Հոս կ՛ուզեմ մէջբերել փոքր հատուած մը Մատթէոս կաթողիկոսի մէկ կոնդակէն, գրուած` 1909-ին:
«Մի՛ տայք տեղի գայթակղութեան, ոչ փառասիրութեամբ եւ ոչ պճնասիրութեամբ, ոչ շռայլութեամբ եւ ոչ ժլատութեամբ, ոչ անարդարութեամբ եւ ոչ աչառութեամբ, ոչ ագահութեամբ եւ ոչ արծաթսիրութեամբ, զի «արծաթսիրութիւն պատճառ է ամենայն չարեաց», ասէ գիրն. այլ եղերուք մշակ առանց ամօթոյ, հեզ, խոնարհ, բարեսէր, անաչառ եւ արդարասէր: Պարկեշտութեամբ կենաց ձերոց եւ բարեպաշտութեամբ օրինակ լերուք միմեանց եւ ժողովրդեանն Աստուծոյ: Վառեալ ի սէր սրբութեան կրօնից` փոյթ եռանդն ոգւով ուսուցէք եւ քարոզեցէք ժողովրդեանն Աստուծոյ զքրիստոնէական բարեպաշտութիւն եւ զկատարելութիւնս` զհաւատ, զսէր եւ զյոյս, զգութ, զողորմութիւն, զեղբայրասիրութիւն եւ զմարդասիրութիւն. ուսուցէ՛ք լինել արթունս, զուարթունս եւ պարտաճանաչս եւ պարտակատարս յամենայնի, եւ զոր ինչ քարոզէքդ եւ ուսուցանէք հաւատացելոց զնոյն ցուցջիք եւ յանձին ձերում ի բովանդակ կեանս ձեր եւ ի կենցաղավարութեան»:
Շատ յստակ է պատգամը Մատթէոս կաթողիկոսին: Նման պատգամներ տրուած են զինք կանխող եւ իրմէ ետք եկող հայրապետներու կողմէ, որոնք շեշտած են նաեւ հայրենիքի, եկեղեցւոյ, լեզուի, ուսման, մշակոյթի, ընտանիքի եւ առհասարակ հայ նկարագրի պահպանման անհրաժեշտութիւնը:
Այսօր երեւելի հսկայ բացթողում մըն է առաջնորդներու, ղեկավարներու եւ հովիւներու կողմնակալ ընթացքը զանազան հաշիւներով: Շեշտուած է, որ անոնք պէտք է ըլլան անաչառ: Մանաւանդ իրենք պէտք չէ պառակտիչ քայլերու դիմեն իրենց հաշուոյն` պառակտելով իրենց յանձնուած հօտը, հայրենիքը: Այս մասին բազում օրինակներ կան կոնդակներուն մէջ: Միայն հարուստներուն շուրջ պէտք չէ ըլլան անոնք: Պիտի գիտնան խորհրդակցիլ, խորհուրդ առնել ու տալ եւ ոչ թէ կամակատար խամաճիկներ նշանակեն իրենց կողքին, որպէսզի իրենց անհատական շահերը չվտանգուին: Արժանի մարդը արժանի դիրք պէտք է ունենայ ազգային եւ եկեղեցական կեանքէն ներս:
Այս հատորները շատ հեռուները կը տանին իմ մտածումները, սակայն գրախօսականի մը սահմանները յարգելու համար չեմ երկարեր եւ կրկնելու գնով կ՛եզրակացնեմ` խօսքը ուղղելով հովիւներուն ու հօտին առհասարակ:
Բարի ըլլանք եւ բարիք գործել գիտնանք բարիք քարոզելէ առաջ:
Արդար ըլլանք եւ արդարութիւն ցուցաբերենք արդարութիւն պահանջելէ աւելի:
Հեզ եւ խոնարհ ըլլանք հեզութիւն եւ խոնարհութիւն տարածելէ առաջ: Ոտնլուային ցուցաբերած խոնարհութիւնը լոկ պատկեր է, չմոռնանք:
Անշահախնդիր եւ անկողմնակալ ըլլանք շահախնդրութեան ու շահամոլութեան դէմ խօսելէ առաջ:
Պարկեշտ ըլլանք անպարկեշտութիւնը դատապարտելէ առաջ:
Աշխատասէր ըլլանք ծուլութիւնը պախարակելէ առաջ:
Սրտով անբիծ եւ մտքով մաքուր ըլլանք նենգութիւնն ու ատելութիւնը մերժելէ առաջ:
Արծաթին հանդէպ մեր կեցուածքը հաւասարակշռենք հարուստ մեծատունը քննադատելէ առաջ:
Ըլլանք աննախանձ նախանձողները սաստելէ առաջ:
Ըլլանք մաքուր` հոգիով ու լեզուով, բամբասողներն ու ստախօսները ատելէ առաջ:
Ըլլանք սերտօրէն կապուած աւետարանական եւ ազգային հարստութիւններուն` հայրենիքին, եկեղեցիին, լեզուին, մշակոյթին, ժողովուրդը խրատելէ առաջ:
Այս հատորները նախադուռն են ինքնաճանաչումի, խայծը` անդրադառնալու սխալներուն եւ առիթը ինքնասրբագրումի` ըլլալու համար իրաւ հովիւ եւ իրաւ հօտ:
Քրիստոս ինք որակը տուաւ հովիւին. «Հովիւ քաջ զանձն իւր դնէ ի վրայ ոչխարաց»: Ժողովուրդը Խրիմեան Հայրիկի նման հովիւներ եւ ղեկավարներ կ՛ուզէ այսօր եւս եւ վստահաբար կը գնահատէ զանոնք: