ԵՐԵՒԱՆ.- Երկուշաբթի, 27 Օգոստոսին տեղի ունեցաւ Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Արա Բաբլոյեանի եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հանդիպումը: Ազգային ժողովի լրատուութեան եւ հանրութեան հետ կապերու վարչութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ հանդիպելու նախաձեռնութեամբ հանդէս եկած էր Ազգային ժողովի նախագահը՝ երկրի ներքաղաքական դրութեան մասին իր կատարած յայտարարութեամբ:
Բարձրացուած հարցերուն շուրջ քննարկումներուն իբրեւ արդիւնք՝ օրէնսդիր եւ գործադիր մարմիններու ղեկավարները արձանագրեցին հետեւեալը.
Անկախ քաղաքական հայեացքներէ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ իւրաքանչիւր ոք ունի խօսքի եւ տարբերուող կարծիքի ազատութեան իրաւունք:
Դատարաններու անկախութիւնը երկրին մէջ արդարադատութեան ապահովման կարեւորագոյն երաշխիք է, հետեւաբար, օրէնսդիր, գործադիր եւ դատական իշխանութիւններու բաժանման ու հաւասարակշռման գոր-ծիքակազմը (մեքանիզմը) որեւէ կերպով պէտք չէ խաթարուի:
Արադարադատութեան իրականացման համար Հայաստանի դատական համակարգը իր ամբողջ գործիքակազմով ինքզինք չէ սպառած, այդուհանդերձ, եթէ քաղաքական քննարկումներու իբրեւ արդիւնք՝ կողմերը գտնեն, որ կայ անհրաժեշտութիւն «անցումային արդարադատութեան» հիմնարկին, ապա անիկա պէտք է իրականացուի Սահմանադրութեան եւ համապատասխան օրէնսդրական դաշտի փոփոխութիւններով եւ նոյն ժամանակ որեւէ կերպով չվնասէ արդարադատութեան:
Ազգային ժողովին կողմէ 6 Յուլիս 2018ին հաւանութեան արժանացած Կառավարութեան ծրագիրին համաձայն՝ «արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւնները անհրաժեշտ է իրականացնել առաւելագոյնը մէկ տարուան ընթացքին»: Արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւնները սահմանադրական փոփոխութիւններու միջոցով իրականացնելու պարագային մեքանիզմներու շարքին հանրաքուէն կրնայ ըլլալ ամենաժողովրդավարականը, որովհետեւ փոփոխութեան ենթակայ Սահմանադրութիւնը ընդունուած է հանրաքուէով: Այդուհանդերձ, այս հարցով որեւէ տարբերակի ընտրութիւն պէտք է կատարուի հանրային ու քաղաքական լայն քննարկումներու արդիւնքով: Այդպիսի հնարաւորութիւնները սպառած չեն թէ՛ խորհրդարանին եւ թէ հանրային լայն շրջանակներու մէջ:
Նշենք, որ Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեանի աշխատակազմի հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութիւնը տարածեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կը ներկայացուի նախագահ Արմէն Սարգսեանի գնահատականը Հայաստանի ներկայի քաղաքական իրավիճակի մասին։
Ստորեւ կը ներկայացնենք սոյն գնահատականի բնագիրը.
«Նախագահ Արմէն Սարգսեանը մշտապէս հետեւում եւ իր ուշադրութեան կենտրոնում է պահում տեղի ունեցող գործընթացները: Պետութեան համար կենսական համարելով իշխանութեան բոլոր ճիւղերի՝ Սահմանադրութեան եւ դրանում ամրագրուած նրանց լիազօրութիւնների սահմաններում գործելու, միմեանց նկատմամբ յարգանք դրսեւորելու անհրաժեշտութիւնը, Հանրապետութեան նախագահը բոլոր քաղաքական ուժերից ակնկալում է առաջնորդուել մեր երկրի անվտանգութեան, կայուն ու անցնցում զարգացման առաջնահերթ շահերով: Պետութեան շահը, երկրի անվտանգութիւնն ու անձի եւ քաղաքացու իրաւունքների նկատմամբ յարգանքը գերակայ են բոլորիս համար:
Հանրապետութեան նախագահը ողջունում է վարչապետի եւ ԱԺ նախագահի հանդիպումը՝ դրական գնահատելով արդիւնքում արձանագրուած պայմանաւորուածութիւնները: Նախագահը յոյս է յայտնում, որ առաջիկայում կը տեսնենք դրական արդիւնքներ:
Հանրապետութեան նախագահը վերահաստատում է իր դիրքորոշումը, որ խնդիրները լաւագոյնս լուծւում են երկխօսութեան եւ բանակցութիւնների միջոցով, որոնց ընթացքում ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները կողմերը յարգում են՝ հետեւողականօրէն կատարելով այդ պայմանաւորուածութիւններին միտուած գործողութիւններ՝ ընթացքում դասեր քաղելով եւ արձանագրելով յաջողութիւնները: Սա պէտք է դարձնել մեր քաղաքական յարաբերութիւնները բնորոշող գերակայ մշակոյթ»: