ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի Սահմանդրութեամբ խորհրդարանական ընդդիմութեան վերապահուած Ազգային ժողովի փոխնախագահի պաշտօնին ընտրուեցաւ «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան: 107 պատգամաւորներէն քուէարկութեան մասնակցեցան 103 պատգամաւորներ` 64 թեր, 37 դէմ ձայներու յարաբերակցութեամբ, 2 քուէաթերթիկներ նկատուեցան անվաւեր:
Ազգային ժողովի փոխնախագահ ընտրուած Իշխան Սաղաթէլեան քուէարկութեան արդիւնքներու հրապարակուելէն ետք շնորհակալութիւն յայտնեց թէ՛ «Հայաստան» դաշինքի օգտին քուէարկած քաղաքացիներուն եւ թէ «Հայաստան» դաշինքը չընտրածներուն եւ ընտրութիւններուն չմասնակցած քաղաքացիներուն` դիտել տալով, որ իրենք խորհրդարանին մէջ պիտի ներկայացնեն նաեւ անոնց շահերը:
«Ազգային ժողովի պատգամաւորն առաջնորդւում է խղճով ու համոզմունքներով: Իմ խիղճն ինձ թելադրում է, որ մտահոգ լինեմ երկրում ստեղծուած իրավիճակով, չհամակերպուեմ այն իրավիճակի հետ, որ գոյութիւն ունի, եւ իմ համոզմունքն է, որ երկիրն ունի բազմաթիւ խնդիրներ ու մարտահրաւէրներ, որոնք պէտք է յաղթահարուեն: Ես պատրաստ եմ լուրջ աշխատանքի եւ ներկայացնելու եմ ժողովրդի ձայնը խորհրդարանում», յայտարարեց ան: