«Քալիֆորնիա Քուրիեր» թերթի (www.TheCaliforniaCourier.com) հրատարակիչ եւ խմբագիր Յարութ Սասունեան կը գրէ.
Միայն անցեալ ամիս իր կուսակցութեան խորհրդարանական մեծամասնութիւնը կորցնելէ յետոյ նախագահ Էրտողանը գիտակցեցաւ, որ հարեւան Սուրիոյ մէջ կան վտանգաւոր ահաբեկիչներ, որոնք կը սպառնան Թուրքիոյ անվտանգութեան:
Զարմանալիօրէն, ասոնք այն նոյն ահաբեկիչներն են, որոնց Անգարան շատոնց զինած եւ աջակցած է Սուրիա ներթափանցելու համար եւ բժշկական օգնութիւն ցուցաբերած թրքական հիւանդանոցներուն մէջ: Ըստ գնահատականներու՝ 25 հազար օտարերկրեայ եւ հազար թուրք ճիհատիստներ անցած են Թուրքիոյ սահմանը վերջին տարիներուն՝ փորձելով տապալել Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ-Ասատը:
Իբրեւ առիթ օգտագործելով անցեալ շաբաթ թուրք զինուորի մը սպաննուելուն փաստը Սուրիոյ կողմէ արձակուած կրակոցէն, Էրտողանը հրամայեց ցամաքային եւ օդային ռմբակոծութիւններ իրականացնել Հիւսիսային Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ մէջ ձերբակալել աւելի քան հազար մարդ, որոնք կը կասկածուին քիւրտ զինեալներ, ձախակողմեան գրոհայիններ եւ «Իսլամական պետութեան» (ԻԼԻՊ)-ի կողմնակիցներ ըլլալու մէջ:
Քանի մը տարուան դժկամութենէն յետոյ, Թուրքիոյ կառավարութիւնը Յուլիս 24-ին վերջապէս յայտարարեց, որ կ՝արտօնէ Միացեալ Նահանգներուն օգտագործել իր ռազմական օդակայեանները՝ Սուրիոյ մէջ ճիհատական խմբաւորումներու վրայ յարձակելու համար:
ԻԼԻՊ-ի ահաբեկիչներու դէմ պայքարելու կամ Միացեալ Նահանգներու հետ Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ ռազմական գործողութիւններու մէջ համագործակցելու փոխարէն, Էրտողանի իրական մտադրութիւնն է ամրապնդել իր սեփական իշխանութիւնը՝ հասնելու հետեւեալ շահադիտական նպատակներուն.
- Թուրքիոյ նախագահը կը գիտակցի, որ եթէ իր իշխող կուսակցութիւնը չյաջողի ձեւաւորել միախառն կառավարութիւն, ուրեմն ան պարտաւոր է խորհրդարանական ընտրութիւններու նոր փուլ անցնել: Հետեւաբար, խիստ գործողութիւններ ձեռնարկելով ԻԼԻՊ-ի եւ քիւրտ զինեալներու դէմ, Էրտողանը յոյս ունի, որ թուրք ընտրողները լրացուցիչ քուէներ պիտի տան իր կուսակցութեան, որոնք անհրաժեշտ են խորհրդարանական մեծամասնութեան վերականգնման համար:
- Միւս կարեւոր նպատակը, որուն համար Թուրքիան կը ռմբակոծէ Հիւսիսային Սուրիան եւ Քրտական բանուորական կուսակցութեան (ՔԲԿ) ռազմակայանները Իրաքի մէջ, ինչպէս նաեւ կը ձերբակալէ հարիւրաւոր քիւրտ զինեալներու Թուրքիոյ մէջ, ոչ թէ ԻԼԻՊ-ի դէմ պայքարիլն է, այլեւ Սուրիոյ, Իրաքի եւ Թուրքիոյ քիւրտերու միաւորման խափանումը, որոնք կը փափաքին ստեղծել անկախ Քիւրտիստան:
- Ռազմական գործողութիւններ իրականացնելով Սուրիոյ մէջ, Էրտողանը յոյս ունի յաջողցնել Սուրիոյ կառավարութեան տապալման եւ մարիոնէտ վարչաձեւի հաստատման իր վաղեմի երազանքը, ատով իսկ ընդլայնելով իր՝ իբրեւ նէոօսմանեան սուլթանի անձնական իշխանութիւնը:
- Վերջապէս, յանդուգն յայտարարութիւններ ընելով ԻԼԻՊ-ի դէմ եւ թոյլ տալով ամերիկացիներուն օգտագործելու Ինճիրլիքի ռազմակայեանը, Թուրքիան մտադիր է համոզել Միացեալ Նահանգներն ու Արեւմտեան Եւրոպան, որ ան ՆԱԹՕ-ի վստահելի դաշնակից է եւ հաւատարիմ գործընկեր ահաբեկչութեան դէմ պայքարին: Նման դրական կերպարի ստեղծումը յատկապէս կարեւոր է այնպիսի ժամանակաշրջանի մը մէջ, երբ մեծ տէրութիւնները աւարտած են միջուկային ծրագիրի շուրջ Իրանի հետ համաձայնութիւնը, որ կրնայ բարձրացնել վերջինիս դերակատարութիւնը տարածաշրջանին մէջ եւ նուազեցնել Թուրքիոյ դերակատարութիւնը:
Հետամուտ ըլլալով այս չորս նպատակներուն՝ Էրտողանը վտանգի կ՝ենթարկէ Թուրքիոյ եւ հարեւան պետութիւններու կայունութիւնը.
- Յարձակելով ԻԼԻՊ-ի թիրախներուն վրայ Հիւսիսային Սուրիոյ մէջ, իբր պատասխան սպաննուած թուրք զինուորի, Անգարան կը խզէ իր գաղտնի փոխըմբռնումը ԻԼԻՊ-ի հետ՝ խուսափելու փոխադարձ յարձակումներէն: Այժմ ԻԼԻՊ-ը ստիպուած է պատասխան հարուած տալ: Անցեալ շաբաթ ինքնասպան ահաբեկիչի յարձակումը թրքական Սուրուչ քաղաքին մէջ, երբ սպաննուեցաւ 32 եւ վիրաւորուեցաւ 100-է աւելի մարդ, թերեւս ԻԼԻՊ-ի ահաբեկչական գործողութեան նախերգանքն է ամբողջ Թուրքիոյ տարածքին:
- Անցեալ շաբաթ Թուրքիան խախտեց հրադադարի համաձայնագիրը, որ ստորագրած էր ՔԲԿ-ի հետ 2013 թուականին, ռմբակոծելով վերջիններիս ռազմակայանները Հիւսիսային Իրաքի մէջ եւ ձերբակալելով հարիւրաւոր քիւրտ զինեալներ Թուրքիոյ մէջ: ՔԲԿ-ն արդէն պատասխանած է՝ սպաննելով քանի մը թուրք ոստիկան եւ խոստանալով աւելի մեծ արիւնահեղութիւն: Բացի այդ, յարձակելով քիւրտերու վրայ Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ, Թուրքիան պիտի տկարացնէ այն միակ ուժը, որ յաջողութեամբ կը պայքարէր ԻԼԻՊ-ի դէմ: Քանի որ Միացեալ Նահանգները քիւրտ զինեալներուն կը դիտարկէ իբրեւ զինք փոխարինող ցամաքային ուժեր, ուստի թրքական յարձակումները քիւրտերու դէմ պիտի խոչընդոտեն ԱՄՆ ռազմական նպատակներու իրագործման տարածաշրջանին:
- Եթէ Էրտողանը ներխուժէ Հիւսիսային Սուրիա, «անվտանգութեան գօտի» ստեղծելու պատրուակով, թրքական զօրքերը, ամենայն հաւանականութեամբ, շատ մեծ կորուստներ պիտի ունենան կռուելով ոչ միայն սուրիական բանակի, այլեւ քիւրտ զինեալներու եւ տասնեակ ճիհատական խմբաւորումներու դէմ: Թուրքիան կրնայ բախիլ նաեւ Իրանի զօրքերուն, որոնք օգնութեան պիտի հասնին իրենց սուրիական դաշնակիցին, եւ լիբանանեան «Հըզպալլահ» շարժման զինեալներուն, որոնք կը սատարեն Ասատի վարչակարգին:
Թուրքիոյ նախագահի ինքնանպատակ կեղծ պատերազմը ահաբեկիչներու դէմ կրնայ ողբերգական հետեւանքներ ունենալ՝ բռնութիւններու աճ արձանագրելով ամբողջ Թուրքիոյ եւ հարեւան երկիրներու մէջ: Եթէ Անգարան իրօք շահագրգռուած է ճիհատականներու դէմ պայքարին մէջ, ուստի ան շատ շատոնց պէտք է ըներ ատիկա՝ ԻԼԻՊ-ն ու ահաբեկչական այլ խմբաւորումները զինելու եւ սադրելու փոխարէն: Թուրք ղեկավարները կը հնձեն այն, ինչ ցանած են: Անոնք կրնան մեղադրել միայն իրենց…
Թարգմանութիւնը կատարեց Ռուզաննա Աւագեան
Արեւմտահայերէնի վերածեց ԵՌԱԳՈՅՆ-ը