ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս»․- Իսրայէլի խորհրդարանի խումբ մը ընդդիմադիր պատգամաւորներ Հայոց Ցեղասպանութիւնը պաշտօնապէս ճանչնալու եւ Ապրիլ 24-ը իբրեւ յիշատակի օր նշելու նոր բանաձեւ մը ներկայացուցին խորհրդարանին:
Ըստ Jerusalem Post թերթին՝ բանաձեւին հեղինակներն են՝ «Շաս» կուսակցութիւնը ներկայացնող պատգամաւորներ Եաաքով Մարկի, Հայիմ Պիթոն, Մոշէ Արպել, ինչպէս նաեւ «Լիքուտ» կուսակցութեան պատգամաւորներ՝ Եուլի Էտըլսթին, Իսրայէլ Քաց եւ Եոաւ Քիշ: