Երուսաղէմի հայ եկեղեցին եւ միւս հոգեւորականները Իսրայէլին կոչ ըրած են չեղարկել երկրին մէջ հրէաներուն ինքնորոշման «յատուկ» իրաւունք տուող օրէնքը: Այս մասին կը յայտնէ «Նիուզ»-ը՝ վկայակեչելով AFP-ն :
«Հարկաւոր է իշխանութիւններու ուշադրութիւնը հրաւիրել պարզ հանգամանքի մը վրայ: Մեր հաւատացեալ` քրիստոնեայ, իսլամ, տրուզ, պահայի եւ արաբ համաքաղաքացիները ոչինչով պակաս են մեր հրէայ քոյր ու եղբայրներէն»,- համատեղ յայտարարութեան մէջ ըսած են Հայ կաթոլիկ, հռոմէական, սուրիական եւ յունական մելքիթական կաթոլիկ եկեղեցիներու եպիսկոպոսներն ու արքեպիսկոպոսները:
Ազգ-պետութեան մասին այդ օրինագիծը Քնեսէթի մէջ ընդունուած է Յուլիսին եւ Իսրայէլի սահմանադրութեան տէ ֆաքթօ մաս կը կազմէ: Ատով Իսրայէլը հրէաներու պատմական հայրենիքը կը ճանչցուի, իսկ արաբերէնը կը կորսնցնէ պետական լեզուի իր կարգավիճակը:
Արաբներու կարծիքով, տուեալ օրինագիծով կ’օրինականացուի ազգային խտրականութիւնը, քանի որ այնտեղ որեւէ կերպով չի նշուիր իրաւահաւասարութեան կամ ժողովրդավարութեան մասին: Մինչդեռ վարչապետ Նեթանեահու յայտնած է, որ օրինագիծով որեւէ կերպ չի փոխուիր երկրի գործող վարչակարգը, քանի որ հաւասարութիւնը արդէն իսկ ամրագրուած է Իսրայէլի օրէնքով:
Օրինագիծի ընդունումէն ետք արաբները, որ Իսրայէլի 9 միլիոն բնակչութեան մօտ 17,5% կը կազմեն, բողոքի ցոյցեր ըսած են, եւ որոշ հրէայ քաղաքական գործիչներ ըսած են, որ անիկա պէտք է փոփոխուի:
Հոգեւոր առաջնորդները նամակով պահանջած են, որպէսզի քրիստոնեաները, իսլամները, տրուզները, պահայիներն ու հրէաները հաւասար քաղաքացիական իրաւունքներ ունենան:
«Որպէս եկեղեցւոյ առաջնորդներ` մենք կը պահանջենք, որպէսզի իշխանութիւնները փոխեն Հիմնարար օրէնքը այնպէս, որ Իսրայէլի իւրաքանչիւր քաղաքացի իրեն պետութեան կողմէ պաշտպանուած զգայ», – գրուած է յայտարարութեան մէջ: