ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Ատրպէյճանի նախագահի հասարակական եւ քաղաքական հարցերով օգնական Ալի Հասանով յայտարարեց, թէ Իսրայէլ Ատրպէյճանի սակաւաթիւ ռազմավարական գործընկերներէն մէկն է եւ կը շարունակէ Պաքուին համագործակցիլ՝ յատկապէս ռազմական, ռազմարհեստագիտական, գիւղատնտեսութեան եւ առողջապահութեան ոլորտներուն մէջ:
«Արդէն քանի մը տարիէ ի վեր իսրայէլացի մասնագէտներ կ՛աշխատին Ատրպէյճանի տնտեսութեան տարբեր ճիւղերուն մէջ։ Իսրայէլ հաստատուած են Ատրպէյճանէն գաղթած մեծ թիւով քաղաքացիներ՝ կամուրջ մը հանդիսանալով երկու երկիրներուն միջեւ։ Պաքուի հրէական համայնքը եւս նոյնպէս բարեկամական կապերու մէջ է Իսրայէլի եւ Ատրպէյճանի հետ», աւելցուցած է Հասանով: