Լիբանանի մէջ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի միջեւ տիրող լարուած մթնոլորտը կը յամենայ` այդպիսով ելեկտրականացնելով ամբողջ երկրին կացութիւնը:
72 ժամ տեւած ներքին լիբանանեան անհամ ու անհեթեթ այս կացութեան վրայ երէկ եկաւ աւելնալու այլ կացութիւն մը, որ այս պարագային արտաքին էր եւ Լիբանանի նկատմամբ սիոնական գոյացութեան ախորժակները դրսեւորեց:
Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Աւիկտոր Լիպըրման երէկ յայտարարեց, թէ 9-րդ նաւթահորը Իսրայէլին կը պատկանի` աւելցնելով, որ այդ իրականութիւնը գիտնալով հանդերձ Լիբանան այդ նաւթահորը պեղելու եւ նաւթի արտահանում կատարելու նպատակով նուազուրդ յայտարարած է:
Այս շրջագիծին մէջ, իսրայէլեան «Ճերուզալեմ փոսթ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով ամերիկացի պատասխանատուներէ, գրած է, թէ Լիպըրման խորհրդաժողովի մը ընթացքին յայտնած է, թէ Իսրայէլի համար լիբանանեան բանակին եւ Հըզպալլայի միջեւ տարբերութիւն չկայ:
Միւս կողմէ, Իսրայէլի կրթութեան նախարար Նեւտալի Պենեթ շեշտեց, որ Իսրայէլի ուղղութեամբ Լիբանանէն որեւէ հրթիռի արձակում պատերազմ յայտարարելու համազօր է:
Անկախ իսրայէլեան տպագիր մամուլին հրապարակած լուրերէն եւ յայտարարութիւններէն, Լիբանանի իշխանութեան պետերն ու քաղաքական տարբեր ուժերը հակադարձեցին 9-րդ նաւթահորին գծով Լիպըրմանի կատարած յայտարարութեան:
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն հաստատեց, որ Լիպըրմանի կատարած յայտարարութիւնը ուղղակի սպառնալիք է Լիբանանին եւ իր ջուրերուն ընդմէջէն իր ազգային գերիշխանութիւնը վայելելու Լիբանանի իրաւունքին:
Նախագահ Աուն ըսաւ, որ այդ յայտարարութիւնը պէտք է աւելնայ Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւը խախտելու իսրայէլեան ոտնձգութիւններու ցանկին վրայ:
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի զգուշացուց 9-րդ նաւթահորին վերաբերող իսրայէլեան վտանգաւոր յայտարարութենէն:
Վարչապետ Սաատ Հարիրի շեշտեց, որ Լիպըրմանի կատարած յայտարարութիւնը անճիշդ է եւ անհիմն: «Այդ յայտարարութիւնը մաս կը կազմէ Իսրայէլի գործադրած` այլոց իրաւունքները իւրացնելով ընդարձակուելու եւ բռնագրաւելու քաղաքականութեան շրջագիծին, ինչպէս նաեւ կը սպառնայ շրջանային ապահովութեան», ըսաւ Հարիրի:
Ան ընդգծեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը միջազգային պատասխանատուներուն եւ հեղինակութիւններուն հետ պիտի հետապնդէ Լիպըրմանի յայտարարութեան ծալքերը` փաստելու համար, որ Լիբանան իրաւունք ունի իր ջուրերուն մէջ գտնուող բնական հարստութիւնը արդար կերպով օգտագործելու` մերժելով ոեւէ մէկուն կողմէ այդ իրաւունքը խլելու փորձը:
Հարիրի հաստատեց, որ Լիպըրմանի կատարած յայտարարութիւնը ընդվզեցնող է, եւ մարտահրաւէր մըն է, որուն Լիբանան կը մերժէ անսալ:
Ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Սեզար Ապի Խալիլ հաստատեց, որ Լիբանան իրեն ընձեռուած բոլոր միջոցները պիտի օգտագործէ` կանխարգիլելու համար յայտարարուած իսրայէլեան յարձակումը:
Ապի Խալիլ յայտնեց, որ 9-րդ նաւթահորին ակնարկող Լիպըրմանի յայտարարութիւնը լիբանանեան իրաւունքներուն դէմ գործուած բռնարարք մըն է, եւ անկարելի է ընդունիլ, որ մեր բնական հարստութիւնը օգտագործելու իմաստով ուրիշներ մեր վրայ պայմաններ պարտադրեն: «Ծովային սահմաններուն իմաստով մեր իրաւունքներուն դէմ որեւէ բողոք թուղթերու վրայ արձանագրութեան սահմաններուն մէջ պիտի մնայ եւ երբեք գործի պիտի չվերածուի», ըսաւ Ապի Խալիլ:
Արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ, անդրադառնալով Լիպըրմանի կատարած յայտարարութեան, ընկերային ցանցերուն ընդմէջէն կատարեց հետեւեալ գրառումը. «18 յունուար 2018-ին ՄԱԿ-ին յղած նամակիս մէջ հաստատեցի, որ Լիբանանի Հանրապետութիւնը իրեն ընձեռուած բոլոր միջոցներով իրաւունք ունի պաշտպանելու ինքզինք, ինչպէս նաեւ իր արդար տնտեսական շահերը` անոր դէմ որեւէ յարձակում գործուելու պարագային»:
Պաշտպանութեան նախարար Եագուպ Սարրաֆ ընդգծեց, որ Լիպըրմանի յայտարարութիւնները Լիբանանի հարստութիւններուն նկատմամբ Իսրայէլի ախորժակները բացայայտող նոր արտայայտութիւններ են:
Սարրաֆ շեշտեց, որ Լիբանանին կարելի չէ սպառնալ: Ան ընդգծեց, որ Լիբանան կառչած կը մնայ իր իրաւունքներուն եւ պիտի պաշտպանէ իր հարստութիւնները, որոնց մէջ նաեւ 9-րդ նաւթահորը:
Հըզպալլա զօրակցութիւն յայտնեց Լիբանանի իշխանութեան պետերուն եւ լիբանանցի պատասխանատուներուն կեցուածքներուն` հաստատելով, որ Լիբանանի պատկանող նաւթի ու կազի հորերուն դէմ որեւէ յարձակում կամ բռնարարք ետ պիտի մղէ: