Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Գաղութահայ Կեանք
    • Զանազանք
    • Մշակութային
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Գաղութահայ Կեանք
    • Զանազանք
    • Մշակութային
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Իտալիոյ Մէջ Բեմադրուած Է Ցեղասպանութեան Թեման Շօշափող Էլիֆ Շաֆաքի «Սթամպուլի Բիճը» Վէպը

March 6, 2015
in Մշակութային
0
Իտալիոյ Մէջ Բեմադրուած Է Ցեղասպանութեան Թեման Շօշափող Էլիֆ Շաֆաքի «Սթամպուլի Բիճը» Վէպը

Էլիֆ Շաֆաքի «Սթամպուլի բիճը» վէպը, ուր կը  խօսուի Հայոց ցեղասպանութեան մասին եւ որ սկզբնական շրջանին արգիլուած էր Թուրքիոյ մէջ, բեմադրուած է Իտալիոյ մէջ:

Արցախփրեսը կը նշէ, որ Demokrat Haber-ի փոխանցմամբ` արուեստի եւ պատմական կարեւոր կեդրոններէն մէկը համարուող Ֆլորենսիոյ Ռիֆրետի թատրոնին մէջ կայացած է ներկայացման փակ անդրանիկ ցուցադրութիւնը, եւ փակ ցուցադրութիւնները տեղի  պիտի ունենան մինչեւ Մարտ 15:

Թուրք մուսուլման ընտանիքի եւ արմատներով Թուրքիայէն ամերիկահայ Չաքմաքչեան ընտանիքի միջեւ Սթամպուլ-Սան Ֆրանսիսքօ 90 տարի շարունակուող կապի մասին պատմող այս ստեղծագործութիւնը կը ներկայացնէ 1915-ի Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ երկու հանրութիւններու շփումը:

Թատրոնի ղեկավար Անգելօ Սաւելլին նշած է, որ գործը բեմադրելու համար Էլիֆ Շաֆաքէն դժուարութեամբ  թոյլտւություն ստացած է. գործընթացը տեւած է երկու տարի:

Ան նշած է, որ «Սթամպուլի բիճը» վէպը  շատ յուզած է զինք:

«Օրհան Փամուքէն յետոյ մէկ այլ համամարդկային գրող` Էլիֆ Շաֆաքին բացայայտեցի, եւ եթէ անգամ անոր անձնապէս չճանչնամ, անոր բոլոր գիրքերը կարդալէ ետք անոր երկրպագուն դարձայ»,-ըսած է ան` նշելով, որ Շաֆաքի «Սթամպուլի բիճ»ը Իտալիոյ մէջ ամենաընթերցուող գիրքերու ցանկին է:

Բեմադրութեան մէջ դերակատարութիւն ունի Սերրա Եըլմազ, որ նշած է, թէ վէպի` Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի տարուան բեմադրուիլը պարզապէս համընկած է, սակայն ուրախ է, որ այդպէս  եղած է:

«Ատիկա շատ խորհրդանշական եղաւ, սակայն մենք ատիկա միտումնաւոր չենք կազմակերպած, բայց համընկնումը գեղեցիկ է»,-ըսած է ան:

Էլիֆ Շաֆաք դատապարտուած էր թրքական Քրէական օրէնսգիրքի 301-րդ յօդուածով` այս ստեղծագործութեամբ «Թուրքերու ինքնութիւնը» վիրաւորելու համար, սակայն աւելի ուշ արդարացուած էր:

Յիշեցնելով այդ մասին` Սերրա Եըլմազ կ’ըսէ. «Թուրքիոյ մէջ ո՞ր գրողը դատական գործընթացով չէ անցած: Անցեալին առերեսուիլը շատ կարեւոր է: Ատիկա հանրային հոգեկան առողջութեան համար  կարեւոր է»:

Previous Post

«Քեզ հետ, Հայաստա՛ն». Երուսաղէմի սիմֆոնիկ նուագախումբի համերգը` նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին

Next Post

Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» Ցուցասրահը Կը Հիւրընկալէ Հայրենի Ժողովրդական Նկարիչ Անատոլի Գրիգորեանը

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Գաղութահայ Կեանք
    • Զանազանք
    • Մշակութային
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.