Իրանեան նաւերուն փոխադրած մազութը, որ հասած էր Սուրիոյ Պանիաս նաւահանգիստը, երէկ հասաւ Լիբանան` սիթեռններու մէջ լեցուելէ ետք:
Մազութ փոխադրող սիթեռններու երկար շարասիւն մը երէկ առաւօտեան հասաւ Լիբանան` Հերմելի Հաուշ Սէյիտ Ալի շրջան եւ ապա Պաալպեք:
Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա յայտնեց, որ իրանեան մազութը ցամաքի ճամբով պիտի հասնի Լիբանան` մեղմացնելու համար Լիբանանի դիմագրաւած վառելանիւթի տագնապը:
Այս շրջագիծին մէջ սէյիտ Նասրալլա կոչ ուղղեց ջնջելու իրանեան մազութը փոխադրող սիթեռնները ժողովրդային տօնախմբութեամբ դիմաւորելու քայլերը:
Միւս կողմէ, երէկ Լիբանան հասաւ նաեւ իրաքեան ֆիուլ օյլի առաջին նաւը, որուն բերած 30 հազար թոնը պիտի սկսի փոխադրուիլ ելեկտրականութեան ընկերութիւն, երբ Նաւթի ընդհանուր տնօրէնութիւնը արտօնէ օգտագործել զայն` իրաքեան ֆիուլ օյլի չափանիշներուն համապատասխան ըլլալը ստուգելէ ետք: