Իրանի հիւսիսարեւմտեան նահանգի նոր նահանգապետը իր երդման արարողութեան ընթացքին ապտակ ստացած է զայրացած տղամարդու մը կողմէ, հաղորդեց բրիտանական «Կարտիըն» թերթը:
Արեւելեան Ազրպէյճան նահանգին պաշտօնատարին վրայ յարձակման դրդապատճառը տակաւին յստակ չէ: Ըստ վարկածներէն մէկուն` պատճառը անձնական է:
Բրիտանական օրաթերթը կը մանրամասնէ, որ նոր նահանգապետ Ապետին Խորրամ, նահանգային մայրաքաղաք Թաւրիզի մէջ ամպիոն բարձրացած էր, երբ տղամարդը քալելով բարձրացած է բեմ եւ անմիջապէս ապտակած պաշտօնատարը: Վայրկեաններ ետք անվտանգութեան ծառայութեան աշխատակիցները յարձակողը մէկ կողմ քաշած են:
Վայրկեաններ ետք նահանգապետը բեմ վերադարձած է` խօսքը շարունակելու համար:
Հակառակ անոր որ Խորրամ ըսած է, թէ չի ճանչնար այդ մարդը, սակայն պետական ԻՐՆԱ լրատու գործակալութիւնը հետագային գրած է, որ յարձակողը անդամ եղած է Յեղափոխական պահակագունդի «Աշուրա» գումարտակին, որուն հրամանատարն էր Խորրամ: ԻՐՆԱ յարձակումը որակած է իբրեւ «անձնական պատճառներով առնուած քայլ»` առանց մանրամասնելու:
Յայտնի է, որ նոր նահանգապետը ժամանակին կը ծառայէր Յեղափոխական պահակագունդին մէջ, եւ ըստ տեղեկութիւններու, ժամանակին Սուրիոյ մէջ ընդդիմադիրներու կողմէ առեւանգուած էր: