ԵՐԵՒԱՆ, «Լրագիր».- Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի (ԱԽ) քարտուղար Արմէն Գրիգորեան ընդունեց Հայաստանի մօտ Իրանի դեսպան Ապպաս Պատախշան Զոհուրին:
Դեսպան Զոհուրի մտահոգութիւն յայտնեց Իրանը Հայաստանին կապող ենթակառուցուածքներու օգտագործման շուրջ ծագած հարցերուն գծով: Անդրադառնալով Իրանը Հայաստանին կապող ենթակառուցուածքներու անխափան շահագործման` քարտուղար Գրիգորեան ընդգծեց, որ Հայաստան կը գիտակցի, թէ այս հարցը շատ զգայուն է իրանցի գործընկերներուն համար, եւ նոյնպէս կարեւոր է հարցի արագ լուծումը:
Անդրադառնալով Հնդկաստանէն Սեւ Ծով բեռնափոխադրումներու հարցին` երկուստեք շեշտեցին Իրանի Չապահար նաւահանգիստին կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ արձանագրուեցաւ, որ Հայաստան այդ ճամբուն վրայ կարեւոր օղակ է:
Արձանագրելով հայ-իրանեան յարաբերութիւններու կարեւորութիւնը երկու երկիրներուն համար` կողմերը ընդգծեցին, որ բարձր եւ բարձրագոյն մակարդակով հանդիպումներու անմիջականութիւնը եւ հետեւողականութիւնը կը վկայեն երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու զարգացման եւ արդիւնաւէտ փոխգործակցութեան մասին:
Կողմերը քննարկեցին երկու երկիրներուն միջեւ անվտանգութեան, տնտեսական եւ ուժանիւթի համագործակցութեան աշխուժացման վերաբերող հարցեր։