ՊՐԻՒՔՍԷԼ, «Պլումպըրկ»․- Իրանի եւ Եւրոպական Միութեան բանագնացներուն միջեւ Չորեքշաբթի օր տեղի ունեցած հանդիպումէն ետք, Իրանի բանագնաց Ալի Պաղերի Քանի յայտարարեց, թէ համաձայնութիւն գոյացաւ՝ Իրանի հիւլէական ծրագիրին շուրջ բանակցութիւններու վերսկսիլ Նոյեմբերի վերջաւորութեան։
Աւելի կանուխ, Իրանի հարցով Միացեալ Նահանգներու յատուկ ներկայացուցիչ Ռապըրթ Մալի յայտնեց, թէ ամերիկեան ներկայ վարչակազմը մտադիր է հիմնուիլ այն վարկածին վրայ, որ Իրանի մէջ հիւլէական զարգացման հարցը դիւանագիտական ճամբով լուծելու կարելիութիւններու պատուհանը «երբեք պիտի չփակուի»:
«Դիւանագիտութեան պատուհանը երբեք պիտի չփակուի: Մենք միշտ դրական տրամադրուած ենք Իրանի հետ դիւանագիտական համաձայնագիրներու նկատմամբ: Եւ մենք կը հաւատանք, որ անիկա (Իրանի հիւլէական ծրագիրին շուրջ ճգնաժամը) կրնայ լուծուիլ միայն դիւանագիտական ճամբով», ըսաւ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնատարը: