Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Իրանի մէջ՝ «Թաւրիզէն Ստալինեան Կուլակ. Ընդհատուած Պատմութիւն» գիրքի ներկայացում

July 22, 2022
in Mobile Home, Newsletter, Մշակութային
0
Իրանի մէջ՝ «Թաւրիզէն Ստալինեան Կուլակ. Ընդհատուած Պատմութիւն» գիրքի ներկայացում

ԹԵՀՐԱՆ.- ՀՈՒՍԿի նախաձեռնութեամբ, 11 Յուլիսին, հաստատութեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ «Թաւրիզէն Ստալինեան Կուլակ. Ընդհատուած Պատմութիւն» խորագիրը կրող գիրքի ներկայացումը:

Գիրքը կ՛անդրադառնայ «Ալիք»ի 1960-1971 թուականներու խմբագրապետ դոկտ. Պաղտիկ Մինասեանի կենսագրական տուեալներուն, որ իր կեանքի առաւել քան 10 տարիները անցուցած է Սիպերիա: Գիրքին հեղինակն է անոր դուստրը՝ դոկտ. Ռուբինա Մինասեան-Փիրումեան:

Հայ Դատի յանձնախմբի նախագահ Իսիկ Իւնանէսեան ելոյթ ունենալով՝ անդրադարձաւ դոկտ. Փիրումեանի կենսագրական տուեալներուն. ան «Եու. Սի. Էլ. Էյ.» համալսարանի դասախօս է եւ հեղինակած է Հայ Դատի եւ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ բազմաթիւ գիրքեր, դասագիրքեր եւ հետազօտական յօդուածներ:

Դոկտ. Փիրումեան իր ելոյթին ընթացքին ընդգծեց, որ միշտ պարտք համարած է իր հօր կենսագրութեան այդ դաժան տարիները պատկերելով՝ ներկայացնելով ստալինեան ոճրագործութիւնները հայ ժողովուրդին դէմ: Ան նկատել տուաւ, որ այդ մէկը իրեն համար հանդիսացած է մղիչ ուժ եւ 2017ին անգլերէնով հրատարակած է իր հօր յուշերը՝ «My father, A man of Courage and Perseferance, A Survivor of Stalin՛s GULAG» խորագիրով՝ աւելցնելով, որ գիրքի առաջին տարբերակը անգլերէնով տպագրելու դրդապատճառը այն էր, որ Սփիւռքը եւ մասնաւորաբար աշխարհը ծանօթանայ հայ ժողովուրդի դէմ իրականացած այդ ժամանակաշրջանի ոճրագործութիւններուն:

Հեղինակը կը նկարագրէ իր հօր կեանքը՝ մանկութենէն մինչեւ Չեկայի կողմէ անոր առեւանգումը, Թաւրիզէն աքսորը, առաւել քան 10 տարիներ բանտարկութեան մէջ մնալը, ապա՝ վերադարձը Իրան: Գիրքի երկու գլուխներուն մէջ կը գտնենք Պաղտիկ Մինասեանի անաւարտ յուշերը, զորս դոկտ. Փիրումեան ամբողջացուցած է:

Դոկտ. Փիրումեան ամփոփ կէտերու մէջ անդրադարձաւ նաեւ այն հանգամանքին, որ Հայաստան գտնուած ժամանակաշրջանին, երբ ներկայացուցած է գիրքը, առաջարկած են զայն թարգմանել հայերէնի, սակայն ինք քաջ գիտակցելով, որ հայ նոր սերունդը եւս պէտք է իրազեկ դառնայ այդ տարիներու պատմութեան՝ հեղինակած է գիրքի հայերէն տարբերակը, որ անգլերէնին հետ համեմատած՝ կը բովանդակէ յաւելեալ մանրամասնութիւններ:

Իւնանէսեան առաջարկեց, որ ՀՈՒՍԿի միջոցով գիրքը թարգմանուի պարսկերէնի եւ տպագրուի: Հեղինակը գոհունակութեամբ ընդառաջեց առաջարկին:

Previous Post

The Middle East Oil Bonanza Will Slow In 2023

Next Post

Putin Calls Saudi Crown Prince To Discuss Oil Market, OPEC+

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.